Ֆրանսայի Տեսին Քաղաքի Հայ Ցուցարարներուն վրայ յարձակած «Գորշ Գայլեր» խմբաւորման 4 անձեր ձերբակալուած են եւ պիտի դատուին քրէական գործով

Ֆրանսայի Տեսին Քաղաքի Հայ Ցուցարարներուն վրայ յարձակած «Գորշ Գայլեր» խմբաւորման 4 անձեր ձերբակալուած են եւ պիտի դատուին քրէական գործով

31 ՕԳՈՍՏՈՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԸ:

Ֆրանսական «Le Parisien» հեղինակաւոր լրատուամիջոցը, 25 Օգոստոսին անդրադարձած է Ֆրանսայի Տեսին քաղաքին մէջ՝ 24 Յուլիսին հայ խաղաղ ցուցարարներուն վրայ յարձակում կատարած թուրք «Գորշ Գայլեր»ուն մասին, որուն ընթացքին, թրքական դրօշներով տասնեակ զինուած երիտասարդներ նիւթական մեծ վնասներ յարուցած էին: Կան չորս ձեռբակալուածներ, որոնց կազմակերպիչը՝ Ահմէտ Չեթին, Սեմտեմբեր 17-ին պիտի դատուի քրէական գործով:

Ըստ «Le Parisien» լրատուամիջոցին, թուրք ծայրայեղականներ դատապարտուած են «ատելութիւն հրահրելու» համար, որոնք մօտաւորապէս 100 հոգիով յարձակած են ծագումով հայ ֆրանսացիներու վրայ, որոնք բողոքի խաղաղ ցոյցեր կազմակերպած էին ընդդէմ Ատրպէյճանի սադրանքներուն: Հայ համայնքը երկու բողոքագիր ներկայացուցած է այս իմաստով:

Լրատուամիջոցը կը նշէ նաեւ, որ 1915-ի ցեղասպանութենէն ետք, առաջին հայրենազուրկ հայերը 1920-ականներուն, Ազնաւուրի թանկագին երկրէն կը հաստատուին Տեսինի մէջ: Այսօր, 30.000 բնակիչ ունեցող այս քաղաքին 4000-ը ծագումով հայ ֆրանսացիներ են, որոնք ուշադիր կը հետեւին իրենց նախնիներու երկրին ալեկոծուող աշխարհաքաղաքական ցնցումներուն: Յուլիս 24-ին, 600 մարդ հաւաքուած էին բողոքի ցոյցերու: Սակայն խաղաղ միջոցառումը հազիւ սկսած, իրենք զիրենք «Գորշ Գայլեր» համարող թուրք ծայրայեղականներ դանակներով ու երկաթէ ձողերով յարձակած էին խաղաղ ցուցարարներուն վրայ: Ոստիկանութիւնը անմիջապէս միջամտած էր եւ ձերբակալած 4 անձեր:

horizonweekly.ca/en/ֆրանսայի-տեսին-քաղաքի-հայ-ցուցարարնե/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail