Տիկին Մարիաննա Վարտինոյանիս – Բարեգործութեան անունին տակ, ամէն ինչ թոյլատրելի է, բայց կայ կարմիր գիծ որ պէտք չէ անցնիլ
31 Օգոստոս 2020 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ – Նշմարներ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԸ:
Ծանօթ է, թէ երկար տարիներէ ի վեր, Ալիեւի վարչակարգը ընդունակ շրջանակներ գտած է Յունաստանի քաղաքական եւ գործատիրական իրականութեան մէջ։
Վերջին տասնամեակին, աւելի քան ակնյայտ էր յոյն-ատրպէյճանական գործակցութիւն մը, որ ճամբայ ելած էր ուժանիւթի ոլորտին վերաբերեալ կնքուած համաձայնութիւններէն, պաշտօնական Պաքուին կողմէ Յունաստանի բնական կազի պետական ընկերութեան գնումի ջանքերէն, ու կը շարունակուի բարեսիրական բնագաւառէն ներս՝ Իլհամ Ալիեւի տիկնոջ, Ատրպէյճանի փոխ նախագահ Մեհրիպան Ալիեւայի կապերով, յատկապէս քաղցկեղէ տառապած փոքրիկներուն խնամք տանող հանրածանօթ «Էլփիտա» բարեսիրական կարեւոր հաստատութեան հետ, որուն հիմնադիրը եւ նախագահն է անուանի բարերար տիկ. Մարիաննա Վարտինոյանի։
Զանց պիտի առնենք այն իրողութիւնը, թէ տիկ. Վարտինոյանի կողակիցն է քարիւղի ու բնական կազի զտարաններու եւ առեւտրական նաւերու յոյն մեծատէր Վարտիս Վարտինոյանիսի։
Ծանօթ է նաեւ, թէ վերջինը գործակցութեան սերտ կապեր ստեղծած է Ատրպէյճանի ուժանիւթի համակարգին հետ, անկէ արտածուող քարիւղի եւ բնական կազի առեւտուրով։
Երկու կողմերու միջեւ գործակցութեան իրականութիւնը որեւէ նշումի արժանի պիտի չըլլար, եթէ քանի մը օր առաջ՝ 26 Օգոստոսին, երեւցած չըլլար տիկ. Մարիաննա Վարտինոյանիի՝ ընկերային ցանցերուն վրայ իր անունով պահած բարեսիրական հաստատութեան պաշտօնական էջերուն մէջ դրուատական այնպիսի գրառում մը Մեհրիպան Ալիեւայի համար, որ միայն ափսոսանք եւ դառնութիւն կը պատճառէ ոեւէ գիտակից ընթերցողի։
Ատրպէյճանի առաջին տիկնոջ տարեդարձին առիթով, տիկ. Մարիաննա Վարտինոյանի, Ալիեւայի նկարին տակ, շռայլ խօսքերով կը գրէ.- «Մեհրիպան Ալիեւան պատմական եւ մարդկային արժէքներու իրական պաշտպան մըն է, մարդասիրութեան իսկական օրինակ մը»։
Հոս կանգ չ՚առնէր ան եւ կը շարունակէ աւելի յորդառատ խօսքերով.-
«Ամենաջերմ մաղթանքներ եւ շնորհաւոր տարեդարձ Ատրպէյճանի փոխնախագահ եւ առաջին տիկնոջ՝ տիկին Մեհրիպան Ալիեւային։ «Էլփիտա»-ի փոքրիկներու մեծ բարեկամին եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ու ԻՍԵՍՔՕ-ի բարի կամեցողութեան աշխուժ դեսպանուհիին, որ իր գործով շինած է եղբայրութեան, մարդասիրութեան եւ քաղաքակրթութեան կամուրջներ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ»։
Կարելի՞ է կարդալ ու չափսոսալ։
Յոյն բարերարի շրջանակէն արդեօ՞ք մէկը չէ գտնուած մինչեւ այսօր՝ տեղեակ պահելու համար անոր, թէ ինչպիսի բռնատիրական եւ բտածութեան ու կաշառակերութեան մէջ սնած վարչակարգի մը փոխնախագահն է Մեհրիպան Ալիեւան, որ շատերուն համար կը նկատուի նաեւ իր ամուսնոյն յաջորդը երկրի նախագահական աթոռին վրայ։
Տեղեակ չէ՞ տիկ. Վարտինոյանին, թէ «մարդկային արժէքներու պաշտպան»ը իր սեփական երկրի ժողովուրդին վրայ ամենադաժան ու անմարդկային չարչարանքներով խեղթած է ժողովրդավարութեան տարրական սկզբունքները, մինչ իր երկրի տարածքին ապրող ազգային փոքրամասնութիւնները ենթարկած է բնաջնջման։
Տեղեա՞կ է արդեօք յոյն բարերարը, թէ իր «նուիրատու» բարեկամուհին եւ ամբողջ ընտանիքը կողոպտած, բռնաբարած, ոտնակոխ ըրած են երկրի բնակչութիւնն ու հարստութիւնը եւ արեան մէջ թաթխած տոլարներով «բարերարութիւններ» եւ կաշառքներ կը բաժնեն աշխարհի տարածքին։
Տիկ. Վարտինոյանին լսած կ՚ըլլա՞յ արդեօք Արցախի հայութեան մասին, որ իր արեամբ տակաւին սուղ գին կը վճարէ՝ իր իսկ սեփական հողին վրայ ազատօրէն ապրելու կամքին համար։
Գիտէ՞ արդեօք թէ ի՛նչ պատահեցաւ Պաքուի եւ Սումկայիթի մէջ, երբ իր բարեկամ «բարերար»ի վարչակարգը հայու արիւնով ողողեց ճամբաները։
«Քաղաքակրթութեան կամուրջներ» սարքող Ատրպէյճանի փոխնախագահին համար, արդեօ՞ք տեղեակ է թէ անոր ամուսնոյն հրամանով ոչնչացան հայու հազարամեայ քաղաքակրթութեան ամէնէն հարազատ նմուշներէն՝ Ջուղայի պատմական գերեզմանատան անկրկնելի խաչքարերը, ապա անոնց փոշի դարձած մնացորդացը նետուեցաւ Արաքս գետին մէջ, որպէսզի գետի յորձանքը միանգամընդմիշտ իր հետ տանի հայու հետքերն ու քաղաքակրթական ստեղծագործութիւնները։
Եւ այս բոլորը եղան ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի անտարբեր աչքին տակ, պարզապէս որովհետեւ Մեհրիպան Ալիեւան «բարի կամեցողութեան» դեսպանուհի կոչուած է ըլլալ «համաշխարհային քաղաքակրթութեան արժէքները» պահպանող կազմակերպութեան կողմէ։
Կարելի է շարքը շարունակել, սակայն պիտի բաւականանանք՝ ընդգծելով հետեւեալ շշմեցուցիչ իրականութիւնը։
«Անկեղծ բարեկամութեան» շռայլ գովասանքները կ՚ըլլան այն պահուն, երբ Յունաստան շաբաթներէ ի վեր դէմ յանդիման կեցած է թուրք նոր-օսմանական քաղաքականութեան, որ ամէն միջոցներով կը փորձէ Յունաստանի ցամաքային եւ ծովային ամբողջականութիւնը ոտնակոխել, զօրաշարժի ենթարկելով ռազմական բոլոր միջոցները եւ դաժան պատերազմի մը բռնկումի եզրին հասցնելով երկու երկիրները։
Իսկ, ի՞նչ ըրաւ Մեհրիպան Ալիեւան ու իր ամուսնոյն վարչակարգը։ Պարզապէս, պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ զօրավիգ կը կանգնի իր եղբայրակից թուրք ժողովուրդին եւ ամէն գնով կը պաշտպանէ Թուրքիոյ «արդար իրաւունքները Միջերկրականի մէջ»։
Ափսոս… հազար ափսոս։
Ա.Օ.
azator.gr/?p=16384