Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով. «Պիտի Ազատագրուին» Ազրպէյճանի Բոլոր Բռնագրաւուած Տարածքները

Azeri Foreign Minister Jeyhoun Bayramov

Պայրամով. «Պիտի Ազատագրուին» Ազրպէյճանի Բոլոր Բռնագրաւուած Տարածքները

01 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԸ:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով թուիթըրեան իր էջին վրայ անդրադարձած է 31 օգոստոս 1993 թուականին` Արցախեան ազատամարտի ընթացքին, հայկական զօրքերու կողմէ Կուբաթլուի շրջանի (վարչական կեդրոնը` Որոտան) ազատագրման եւ յայտարարած. «Պիտի ազատագրուին Ազրպէյճանի բոլոր բռնագրաւուած տարածքները»:

«27 տարի առանց Կուբաթլուի», գրած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը:

Պայրամով նաեւ նշած է.«Շրջանը Հայաստանի զինեալ ուժերու կողմէ բռնագրաւուած է 1993 թուականի 31 օգոստոսին եւ ազգայնօրէն մաքրուած ազրպէյճանցիներէն»:

Ազրպէյճանական դիւանագիտութեան պետը նշած է.«Կուբաթլուն եւ միւս բոլոր բռնագրաւուած տարածքները պիտի ազատագրուին, ազրպէյճանցիներն ալ պիտի վերադառնան իրենց տուները»:

Roma ve Ermenistan Antik Dünya Haritası – Bu haritada bahsettiğiniz Osmanlı İmparatorluğu’nun nerede olduğunu bulabilirsiniz

aztagdaily.com/archives/48193

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail