Լիբանանի 48 տարեկան նորանշանակ վարչապետը ծնած է Թրիփոլիի մէջ, մասնագիտացած է քաղաքական գիտութիւններու ոլորտին մէջ

Լիբանանի 48 տարեկան նորանշանակ վարչապետը ծնած է Թրիփոլիի մէջ, մասնագիտացած է քաղաքական գիտութիւններու ոլորտին մէջ եւ ունի դոկտորի վկայական:

01 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2020 – Լիբանանեան Լուրեր

Անոր ակադեմական ուսումնասիրութիւնները կեդրոնացած են պետական անվտանգութեան, ապակեդրոնացումի, ժողովրդավարութեան, ընտրական օրէնքի ոլորտներուն վրայ:

2000-2004 թուականներուն վարած է նախկին վարչապետ Նաժիպ Միքաթիի խորհրդականի պաշտօնը, 2011-էն` Միքաթիի կողմէ նշանակուած է կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար, իսկ 2013-ին ան դարձած է Գերմանիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան:

Մուսթաֆա Ատիպի վարչապետ նշանակումին հարցով քաղաքական գլխաւոր ուժերուն միջեւ համաձայնութիւն գոյացաւ Կիրակի մինչեւ ուշ գիշեր շարունակուած քաղաքական հաղորդակցութիւններուն եւ ֆրանսական
հաղորդակցութիւններուն միջոցաւ:

Ատիպի անունը առաջադրուեցաւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ նախկին վարչապետներու խմբակին կողմէ եւ արժանացաւ Հըզպալլայի, Ամալի եւ նախագահ Միշէլ Աունի համաձայնութեան:

Տեղեկութիւններ երէկ նաեւ նշեցին, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Լիբանան ուղղուելէ առաջ անձամբ հաղորդակցած է քաղաքական շարք մը ուժերու ղեկավարներուն հետ, անոնց յորդորելով զօրակցիլ նոր վարչապետի նշանակումին եւ նոր կառավարութեան կազմութեան ջանքերուն:

Վարչապետ նշանակուելէ ետք, Մուսթաֆա Ատիպ ուղղուեցաւ Պէյրութի Ժըմմէյզի թաղամասը, որ կը համարուի նաւահանգիստի պայթումէն ծանրագոյնս տուժած շրջանը:

Այնտեղ, Կուրօ փողոցին վրայ, Ատիպ զրուցեց զայրացած քաղաքայիններու հետ եւ հաւաստիացուց, որ նոր կառավարութեան մաս պիտի չկազմեն քաղաքական գործիչներ:

«Ես կը ներկայացնեմ քաղաքայինները եւ յոյս ունիմ արագօրէն կազմել կառավարութիւն մը», ըսաւ Ատիպ հաւաքուած քաղաքայիններուն, որոնցմէ շատեր քննադատեցին քաղաքական աւանդական ուժերուն կողմէ վարչապետի նշանակումը եւ Ատիպը համարեցին փտած խաւի ներկայացուցիչը:

Ոմանք նոյնիսկ ջուրի շիշեր նետեցին նշանակեալ վարչապետի ինքնաշարժին ուղղութեամբ:

Ատիպ նաեւ այցելեց նահատակ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի դամբարան, ուր աղօթք մատուցեց նախկին վար չապետի յիշատակին:

araraddaily.com/DailyNews-հայկական-լուրեր-Lebanese-Political-News/9538/news/18/Lebanese-Armenian-News/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail