«Եթէ Խոստացուած Յանձնառութիւնները Մինչեւ Հոկտեմբերի Աւարտ Չգործադրուին, Ապա Միջազգային Ընտանիքին Պիտի Փոխանցեմ, Թէ Կարելի Չէ Օժանդակել Լիբանանին» Շեշտեց Էմանուէլ Մաքրոն
02 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2020 –
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն երէկ ուշ գիշերին աւարտեց Լիբանան կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը եւ այսօր առաւօտեան պիտի մեկնի Իրաք:
Մեծն Լիբանանի յայտարարութեան 100-ամեակին առիթով Լիբանան հասած Ֆրանսայի նախագահը երեկոյեան ժամը 8:00-ին ֆրանսական դեսպանատան մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն հետ: Ներկայ էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլ, Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ, Ընկերկար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ, Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ, ինչպէս նաեւ Ազատագրում եւ բարեկարգում պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Իպրահիմ Ազար:
Ընդարձակ հանդիպումէն ետք Մաքրոն առանձին դռնփակ հանդիպումներ ունեցաւ իւրաքանչիւր քաղաքական ուժի ղեկավարի հետ:
Նշենք, որ Մաքրոն հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի հետ, որ խոստացաւ բարեկարգումները կատարել` կտրականապէս մերժելով կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու կարելիութիւնը:
Քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն հետ ունեցած իր հանդիպումէն ետք Մաքրոն երեկոյեան ժամը 10:15-ին դեսպանատան շրջափակին մէջ կատարեց մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին շեշտեց, որ 8 շաբթուան ժամանակ ճշդած է` կազմելու Լիբանանի նոր կառավարութիւնը եւ բարեկարգումի աշխատանքը կատարելու: Ըստ Մաքրոնի, Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք է երկու շաբթուան ընթացքին կազմուի:
Ան շեշտեց, որ ինք Լիբանան չէ եկած զգուշացնելու կամ ազդարարելու` աւելցնելով, որ ինք Լիբանանի օժանդակութեան կամաւոր աշխատանք կը տանի: «Սակայն լիբանանցի պատասխանատուները իրենց փորձառութենէն դասեր պէտք է քաղեն եւ անյապաղ կառավարութիւն մը կազմեն», ըսաւ ան:
Մաքրոն նշեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յանձնառութիւն յայտնած են կազմելու ատակ եւ մասնագէտ անձնաւորութիւններու կառավարութիւն մը, ինչպէս նաեւ բարեկարգումներ կատարելու` ելեկտրականութեան եւ դրամատնային մարզերուն մէջ:
Ան կոչ ուղղեց լիբանանցի պատասխանատուներուն բարեկարգումները կարելի եղածին չափ արագ գործադրելու, որպէսզի լիբանանցիներուն բեռը կարելի ըլլայ մեղմացնել եւ անոնց յոյս ներշնչել:
«Եթէ խոստացուած յանձնառութիւնները մինչեւ հոկտեմբերի աւարտ չգործադրուին, ապա միջազգային ընտանիքին պիտի փոխանցեմ, թէ կարելի չէ օժանդակել Լիբանանին, իսկ լիբանանցիներուն պիտի յայտնեմ, որ անոնց ղեկավարներէն ո՛վ իր խոստումը դրժած է», ըսաւ ան:
Մաքրոն աւելցուց, որ լիբանանեան պետութեան դէմ պատժամիջոցներու սահմանումը կարելի է, եթէ փաստուի, որ անիկա փտած է:
Ֆրանսայի նախագահը անդրադարձաւ Հըզպալլային եւ կատարեալ իրապաշտութեամբ յայտնեց, որ պէտք է անոր քաղաքական գործունէութիւնը զինեալ թեւէն բաժնել:
Ան հաստատեց, որ Հըզպալլա կուսակցութիւն մըն է, որ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած է լիբանանցիներուն քուէներով: «Կը դատապարտեմ անոր գործած ահաբեկչութիւնը, սակայն իբրեւ քաղաքական խմբակցութիւն` ան կայ եւ խորհրդարանին մէջ կը գործէ», ըսաւ ան:
Մաքրոն նշեց, որ ինք Լիբանան պիտի այցելէ հոկտեմբեր ամսուան աւարտին, ինչպէս նաեւ դեկտեմբեր ամսուան առաջին կիսուն:
Մաքրոն, որ նախանցեալ գիշեր ժամանած էր Լիբանան, Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ:
Նախագահներու դիմաւորման յատուկ սպասման սրահէն մեկնումի պահուն Մաքրոն շեշտեց, որ եթէ Լիբանանի նոր կազմուելիք կառավարութիւնը յանձնառու մնայ բարեկարգումներուն, միջազգային ընտանիքը յանձնառու պիտի մնայ Լիբանանի օժանդակութեան:
Պէտք է նշել, որ Մաքրոն «Փոլիթիքօ» թերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտած էր, որ Լիբանանի մէջ փոփոխութիւն չկատարուելու պարագային, Ֆրանսա նիւթական օժանդակութիւն պիտի չտրամադրէ Լիբանանին եւ իշխող դասակարգին վրայ նիւթական պատժամիջոցներ պիտի պարտադրէ:
Ան հաստատեց, որ ինք ամէն ջանք ի գործ կը դնէ` Լիբանանը դուրս բերելու քաղաքական իր խոցելի իրավիճակէն:
Նոր նշանակուած վարչապետին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Մաքրոն հաստատեց, որ ինք Մուսթաֆա Ատիպը չի ճանչնար եւ զայն չէ ընտրած: «Իմ գործս լիբանանեան ներքին հարցերուն միջամուխ դառնալ չէ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ իր պարտականութիւնն է գործել Ատիպի եւ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կուսակցութիւններուն հետ, որոնց շարքին նաեւ անոնք, որոնց հետ չի համաձայնիր:
Գիշերուան ժամը 10:00-ին Մաքրոն այցելեց աշխարհահռչակ երգչուհի Ֆէյրուզի, որուն պարգեւատրեց ֆրանսական պատուոյ բարձրագոյն շքանշանով, որ «Հրամանատար»-ի աստիճանի շքանշանն է:
Շուրջ մէկուկէս ժամ տեւած այցելութենէն ետք Մաքրոն յայտնեց, որ Լիբանան աւելի լաւ պիտի ըլլայ` ընդգծելով, որ Ֆէյրուզ կը մնայ Լիբանանի խորհրդանիշը, որ ֆրանսացիներուն սրտերուն մէջ յատուկ տեղ մը կը գրաւէ:
Կէս գիշերին Մաքրոն ֆրանսական դեսպանատան մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Երէկ առաւօտեան Մաքրոն ուղղուեցաւ Ժիպէյլ-Ժեժ շրջանի մայրիներու արգելանոցը, ուր ան ծառ մը տնկեց` Մեծն Լիբանանի յայտարարութեան 100-ամեակին առիթով:
Նշենք, որ ֆրանսական օդուժը առաւօտեան Ժեժի վերեւ կատարեց օդային ցուցադրութիւն մը, որուն ընթացքին լիբանանեան երկինքին մէջ գծուեցան լիբանանեան դրօշակը ներկայացնող գոյները:
Մաքրոն յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ազատութիւնը, երկխօսութիւնն ու համերաշխութիւնը ամրապնդուած արժէքներ են` հաստատելով, որ Լիբանան պիտի կարենայ լուծել իր դիմագրաւած տագնապը:
Մաքրոն ընդգծեց, որ Ֆրանսա միշտ կը զօրակցի լիբանանցիներուն:
Ժեժի մէջ բնակող լիբանանցիներու խումբ մը փողոցին մէջ հանդիպեցաւ Մաքրոնի, որուն յայտնեց, թէ լիբանանցիներուն մեծամասնութիւնը կը զօրակցի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի:
Մաքրոն հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական ընկերութեան խորհուրդներու ներկայացուցիչներուն հետ:
Ան ըսաւ, որ Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական տագնապը լուրջ է եւ վտանգաւոր` աւելցնելով, որ եթէ կը փափաքինք Լիբանանին օժանդակել, ապա քաղաքացիական ընկերութեան խորհուրդներուն պէտք է զօրակցինք:
Ան հաստատեց, որ ինք կը վստահի եւրոպացի դեսպաններուն եւ կոչ կ՛ուղղէ անոնց գործակցելու ՄԱԿ-ի ամպիոնին վրայ` միասնականացնելու համար ջանքերն ու համագործակցութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանին մատուցուած օժանդակութիւնները թափանցիկ կերպով արձանագրել եւ հետապնդել:
Մաքրոն շեշտեց, որ այս իմաստով լիբանանեան իշխանութիւնները իրենց դերակատարութիւնը ունին:
Անդրադառնալով Լիբանանի կրթական համակարգին` Մաքրոն յայտնեց, որ Ֆրանսա եւս 7 միլիոն եւրոյի գումար մը պիտի յատկացնէ դպրոցներու վերակառուցման աշխատանքին:
Կէսօրին Մաքրոն ուղղուեցաւ Պէյրութի նաւահանգիստ, ուր դարձեալ ստուգեց արձանագրուած վնասները:
Նաւահանգիստէն կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ Մաքրոն ըսաւ, որ ինք նոր նշանակուած վարչապետին ծանօթ չէ` մաղթելով, որ ան ըլլայ ատակ անձնաւորութիւն մը:
Մաքրոն ընդգծեց, որ Լիբանանի նոր կառավարութիւնը պէտք է անյապաղ կազմել, ելեկտրականութեան մարզը բարեկարգել, փտածութեան դէմ պայքարիլ, ինչպէս նաեւ կառավարական պայմանագրութեան եւ դրամատնային մարզի չափանիշները բարեկարգել:
Մաքրոն շեշտեց, որ յառաջիկայ քանի մը ամիսներուն աշխատանքին հետեւելու գործիքակազմ մը առաջարկած է` ընդգծելով, որ Ֆրանսա «Սետր»-ի գումարները պիտի չտրամադրէ, եթէ բարեկարգումներ չարձանագրուին:
«Լիբանանի մէջ իշխող քաղաքական այս դասակարգին նկատմամբ թոյլ պիտի չգտնուիմ, բայց եւ այնպէս ինքզինքս չեմ կրնար անոր այլընտրանքը նկատել, որովհետեւ խորհրդարանը ժողովուրդին կողմէ ընտրուած է, եւ ես չեմ կրնար ըսել, որ քաղաքական վերնախաւը ամբողջութեամբ պէտք է փոփոխութեան ենթարկել: Յառաջիկային պիտի կատարուին երեսփոխանական ընտրութիւններ, որոնց իբրեւ արդիւնք ժողովուրդը կրնայ քաղաքական նոր իրականութիւն մը յառաջացնել», ըսաւ ան:
Մաքրոն ընդգծեց որ Լիբանանի եւ Ֆրանսայի միջեւ եղբայրութիւն կայ եւ, այս դիտանկիւնէն մեկնելով, Ֆրանսա լիբանանցի երիտասարդներուն նկատմամբ պարտականութիւն ունի եւ պատասխանատու կը զգայ անոնց երազները իրականացնելու առիթ ստեղծելու:
«Լիբանան համերաշխութեան, ներողամտութեան եւ բազմազանութեան տիպար օրինակն է, իսկ Հըզպալլա լիբանանցիներուն մէկ մասը կը ներկայացնէ եւ քաղաքական այլ ուժերու հետ կը գործակցի: Եթէ մենք չենք փափաքիր, որ Լիբանան սայթաքի դէպի ահաբեկչութիւն, ապա պէտք է զգաստացնել Հըզպալլան եւ այլ քաղաքական ուժերը, որպէսզի անոնք գիտակցին իրենց պատասխանատուութեան», հաստատեց ան:
Մաքրոն մաղթեց, որ կառավարութիւնը շուտով կազմուի` հաստատելով, որ իրենք կը փափաքին դրամատնային համակարգին վերաբերեալ ճշգրիտ թիւերը իմանալ` կոչ ուղղելով հաշուեքննութիւն կատարելու:
Յետմիջօրէին նախագահական պալատին մէջ ճաշկերոյթ մը մատուցուեցաւ ի պատիւ Մաքրոնի` ներկայութեամբ մեծ թիւով պետական անձնաւորութիւններու:
Այս առիթով նախագահ Աուն կոչ ուղղեց ցաւը վերածելու քաղաքացիական արդի պետութիւն մը կերտելու մղիչ ուժի մը:
Ան հաստատեց, որ քաղաքացիական պետութիւնը պիտի ըլլայ լիբանանցի ժողովուրդին եւ լիբանանցի երիտասարդութեան ձգտումները իրականացնելու առիթ մը:
Մաքրոն իր կարգին ըսաւ, որ Լիբանանի պատգամը շատ աւելի կարեւոր է այսօր, քան ինչ որ էր 100 տարի առաջ: Ան մաղթեց, որ այս օրը դառնայ նոր դարաշրջանի մը սկիզբը:
Ան հաստատեց, որ Լիբանան կը գտնուի Ֆրանսայի սրտին մէջ եւ անիկա ազատութեան, հաւասարութեան եւ բազմազանութեան օրրան է:
«Մենք միշտ պիտի զօրակցինք Լիբանանին եւ կառչած պիտի մնանք մեր բարեկամութեան», ըսաւ ան:
Նշենք, որ նախքան ճաշկերոյթը, Մաքրոն դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ նախագահ Աունի հետ: Աւելի ուշ, այդ հանդիպումին միացան նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ վարչապետ Մուսթաֆա Ատիպ: Քննարկուեցան լիբանանեան ներկայ իրադարձութիւնները եւ երկրին մէջ տիրող տագնապները լուծելու անհրաժեշտութիւնը:
Նախագահական պալատէն ետք Մաքրոն ուղղուեցաւ Պէյրութի կառավարական հիւանդանոց, որուն տարբեր բաժանմունքները այցելեց:
Ֆրանսական դեսպանատան մէջ Մաքրոն երեկոյեան ժամը 6:30-ին ընդունեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որ Մաքրոնին յանձնեց յուշագիր մը` խնդրելով Լիբանանին համար միջազգային զօրակցութիւն ապահովել:
Ֆրանսական դեսպանատան մէջ նախագահ Մաքրոն 45 վայրկեան տեւողութեամբ դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները: Պասիլ Մաքրոնին ներկայացուց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մշակած բարեկարգումներու ուղեգիծը:
Մաքրոն բարեկարգումի ծրագիր մը ստացաւ նաեւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթէն:
Տակաւին Լիբանան իր այցելութիւնը չաւարտած Էլիզէի պալատը յայտարարած էր, որ դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին Մաքրոն երրորդ այցելութեամբ մը պիտի վերադառնայ Լիբանան:
aztagdaily.com/archives/482041