Յ. Բագրատունիի Արտասանած Խօսքը` Նախագահ Մաքրոնի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին

place des martyrs liban

Յ. Բագրատունիի Արտասանած Խօսքը` Նախագահ Մաքրոնի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին

02 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Պարո՛ն նախագահ, շնորհակալութի՛ւն մեզի դարձեալ մէկ սեղանի շուրջ համախմբելու համար, որպէսզի մեր սիրելի Լիբանանի ապագան պաշտպանենք:

Այս յարկին տակ 100 տարիներ առաջ որոշուած էր Մեծն Լիբանան մը հիմնել: Այսօր հոս հաւաքուած ենք այն յոյսով, որ կարենանք համաձայնիլ Լիբանանի համար նոր ժամանակաշրջանի մը շուրջ:

Այնպէս, ինչպէս Մեծն Լիբանանը հիմնուած էր Օսմանեան կայսրութեան մնացորդներուն վրայ, եւ անկէ չորս տարի առաջ մեր ժողովուրդին վրայ արդի Թուրքիոյ նախահայրերը պարտադրած էին սպանդներ եւ սով, այսօր մենք դարձեալ սովի սպառնալիքին դէմ յանդիման կը գտնուինք: Այսօր կայ ժողովուրդ մը, որ յուսալքուած է տասնամեակներու փտածութենէն, սխալ տնօրինումներէն, օտար պետութիւններու հովանաւորած ահաբեկչութեան ալեկոծումէն, ներքին եւ սահմանային ապահովական ապակայունութենէն, ինչպէս նաեւ գաղթականներու ներկայութենէն, որ իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ ընկերութեան բոլոր մարզերուն վրայ:

Բոլորս համաձայն ենք, որ փտածութիւնը պէտք է վերջ գտնէ, նոյնիսկ եթէ անոր ձեւերուն մասին տարակարծիք ըլլանք, բայց եւ այնպէս հզօր եւ անկախ դատական իշխանութիւն մը փտածութեան դէմ պայքարի լաւագոյն սիւներէն մէկը կը հանդիսանայ: Երբ կը փորձենք լուծել այն հարցերը, որոնք մեզի այս վիճակին մատնած են, կը տեսնենք, որ փտածութիւնը սառցալերան երեւցած մէկ փոքր մասնիկն է:

Մենք` իբրեւ համայնք եւ իբրեւ Հայկական երեսփոխանական պլոք, շատ լաւ գիտենք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ անօգնական ըլլալ, երբ մեր հայրենիքը աւերուած է: Սակայն պարո՛ն նախագահ, ձեր երկրին տրամադրած էական օժանդակութեամբ կրցանք մենք մեզի գտնել նոր հայրենիքի մը մէջ` Լիբանանի մէջ: Այս պատճառով մենք մնայուն կերպով կը պահանջենք եւ կը գործենք միացեալ եւ խաղաղ Լիբանանի համար, ուր տարբեր շերտեր, որոնք կը կազմեն այս գեղեցիկ երկիրը, պաշտպանուած են խաղաղ համակեցութեամբ:

Մենք կը վերահաստատենք պատմական մեր դիրքորոշումը եւ կոչ կ՛ուղղենք ազգային երկխօսութեան, ինչպէս որ կատարած ենք 1943-էն ի վեր, որովհետեւ կը հաւատանք, որ երկիր մը չարակամութեամբ չի կրնար հիմնուիլ, այլ` միայն երկխօսութեամբ եւ համաձայնութեամբ:

Սակայն հաստատուած համակարգը, ինչպէս քաղաքական բոլոր համակարգերը, անբաւարար են երաշխաւորելու ապահով, խաղաղ եւ բարգաւաճ Լիբանան մը:

Տնտեսապէս յուսահատ վիճակի մէջ ենք: Ինչպէս Իրաքի, Իրանի, Սուրիոյ եւ տարբեր երկիրներու մէջ, պատժամիջոցները այստեղ եւս պատճառ դարձած են, որ ո՛չ միայն կառավարութիւնը, այլ նաեւ ժողովուրդը պայքարի ապահովելու համար իր օրուան հացը, որ մարդ արարածին համաշխարհային իրաւունքն է:

Պատմութեան ընթացքին փաստուած է, թէ պատժամիջոցները անիմաստ են եւ աւելի քանդիչ, քան իսկական հարցերը: Ընդհակառակն` պէտք է Արեւմուտքին հետ միասին գործենք, այնպէս ինչպէս աշխատած ենք տարիներու ընթացքին, որպէսզի լուծենք մեր հարցերը, վերակառուցենք լիբանանեան տնտեսական համակարգը` զայն դարձնելով աւելի ազդու եւ արտադրողական:

Մինչեւ օրս լիբանանեան տնտեսութիւնը հիմնուած է ծառայութիւններու եւ դրամատնային մարզերուն վրայ, սակայն ինչպէ՞ս կրնանք վերակենդանացնել զբօսաշրջութեան մարզը ապահովական ձախող կառոյցով: Ինչպէ՞ս կրնանք վստահիլ դրամատնային մարզի մը, երբ քաղաքացիներուն ապրուստը վտանգուած է:

Թէեւ Լիբանանի համայնքային դրութիւնը հինցած է, սակայն ոչ մէկ համայնք կ՛ուզէ կամ կարողութիւնը ունի միւսը ջնջելու: Ջնջուելու այս վախը կը մնայ տիրական եւ պատճառ կը դառնայ, որ նոյն երկրին մէջ միասնական քաղաքացիութեան յղացքը խանգարուի, ինչպէս նաեւ միջամտութեան, գժտութեան եւ չնախատեսուած հարցերու դուռ բանայ:

Ներկայիս, երբ մեր Արեւմուտքի աւանդական դաշնակիցները մեզի կը սպառնան յաւելեալ պատժամիջոցներ հաստատել, շրջանին մէջ խաղին մաս կազմող նոր կողմեր կը յայտնուին իբրեւ օժանդակող ձեռքեր` մեր կարիքներուն հասնելու: Օժանդակութիւն մը, որ համակուած է այն նոյն թոյնով, որ փտածութեան հիմը դրած է: Թուրքիոյ նման երկիրներ տիրող կացութիւնը կը շահագործեն` լեցնելու համար այն բացը, որ ստեղծուած է Արեմուտքին կողմէ, կ՛ուզեն իրականացնել տնտեսական ծաւալումը` հասնելով մինչեւ Օսմանեան կայսրութեան սահմաններու վերականգնում: Ես` իբրեւ զաւակը Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած հայ մարդու, եւ դուք` իբրեւ նախագահը այն երկրին, որ արդար գտնուած է այդ սպանդները ճանչնալով իբրեւ ցեղասպանութիւն, կրնանք համաձայն ըլլալ, որ շրջանին մէջ թրքական ծաւալապաշտական քաղաքականութեան սպառնալիք կայ:

Լիբանանի համար կայուն եւ բարգաւաճ ապագայ մը ապահովելու համար պէտք է ջանքեր ի գործ դրուին` վերացնելու համար անարդարօրէն Լիբանանի վրայ պարտադրուած ուղղակի եւ անուղղակի պատժամիջոցները: Պէտք է նաեւ ճիգ թափել լիբանանեան բանակին ընձեռելու կարելիութիւններ, որպէսզի ան կարենայ օդային եւ ցամաքային յարձակումներէ պաշտպանել երկրին բոլոր սահմանները:

Այնքան ատեն որ լիբանանեան բանակը երկրին սահմանները այլ պետութիւններու եւ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դէմ պաշտպանելու կարողութիւններ չունի, ապահով Լիբանան մը ունենալու մեր երազը պիտի չիրականանայ:

Փտածութեան դէմ պայքարը ապարդիւն պիտի ըլլայ, բացի եթէ Ֆրանսայի նման մուտք գործենք դէպի նոր հանրապետութիւն, ուր արդի օրէնքներու հիմամբ ժողովուրդի իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը առաջնահերթութիւն է, եւ ուր ջանասիրութեան շնորհիւ դատական հարցերը անյապաղ կը վերջնականանան:

Լիբանանի մէջ աշխարհիկ կառավարման համակարգ պէտք է հաստատուի, միաժամանակ պէտք է հիմնել բոլոր համայնքները հաւասարապէս ներկայացնող Ծերակոյտ մը, որ համայնքներուն մտավախութիւններն ու անապահովութիւնները նկատի ունենայ:

Դատական իշխանութեան եւ օրէնքներու բարեկարգումներուն կողքին պէտք է բարեփոխել նաեւ ելեւմտական եւ տնտեսական կանոնները` հարկային բաշխումի արդար դրութեան ընդմէջէն, ինչպէս նաեւ օրէնքներու եւ վերահսկողութեան միջոցով հակակշռել դրամատնային համակարգը` ապահովելու համար քաղաքացիներու ճակտին քրտինքով շահուած ապրուստը:

Աւերուած Պէյրութն ու անոր շրջակայքը պէտք է վերակառուցենք միջազգային չափանիշներու համաձայն` յարգելով քաղաքային ծրագրաւորումը, երաշխաւորելով, որ ան դարձեալ պիտի չքանդուի, որովհետեւ մեր ժողովուրդը յոգնած է մնայուն կերպով իր կեանքը վերանորոգելէ:

Մենք պէտք է հսկենք Լիբանանին տրուած միջազգային օժանդակութեան` կասեցնելու համար օժանդակութեան երկուութիւնը, որպէսզի ժողովուրդին տրամադրուի ճիշդ այն, ինչին որ կարիք ունի, եւ այդ թանկագին նպաստը չվատնուի:

Ճամբան երկար է, պարո՛ն նախագահ, սակայն իբրեւ երկիր մեր փորձառութիւնը եւ լիբանանեւֆրանսական գործընկերութիւնը միշտ յանգած են փոխշահաւէտ արդիւնքներու:

Այսօր մեր երկիրները կրնան շատ բան կորսնցնել, եթէ որեւէ ձեւով անոնց համագործակցութիւնը արգելակուի: Ինչպէս անցնող բոլոր տարիներուն ընթացքին կատարած ենք, այսօր եւս միասին գործենք, յաւելեալ ճիգ թափենք, եւ Լիբանանը վերածենք օրինակելի, հզօր, միացեալ եւ բարգաւաճ երկրի մը»:

aztagdaily.com/archives/482052

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail