
ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՑԳԱՅԻՆ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԿԱՌԱՎԱՐՄԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻ ՎԵՐԱՆԱՅՄԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻ ՄԷՋ
30 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2015
Ա.- Էրտողանի շրջադարձը
2015ի Յունիս 7էն Նոյեմբեր 1 երկարող ժամանակաշրջանը բացայայտեց Էրտողան բռնատէրին իսկական դիմագիծը:
Առաջին հանգրուանին, Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական կուսակցութիւնը (Ժ.Ժ.Կ.) եւ Տեմիրթաշ յաջողած էին դէպի իրենց գաղափարական եւ քաղաքական փլաթֆորմը (ծրագրագիծը) բերել պահպանողական քիւրտեր եւ ձախակողմեան թուրքեր: Յունիս 7ի ընտրութիւններուն քուէարկութեան պատկերը ցոյց կու տար, որ արեւելեան նահանգներու քրտական պահպանողական շրջանները, որոնք նախապէս կը քուէարկէին Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան (Ա.Բ.Կ.), այս անգամ զանգուածային կերպով իրենց քուէները տուած էին Ժ.Ժ.Կ.ին, որ ստացաւ ընդհանուր քուէներու 13 առ հարիւրը եւ կասեցուց Ա.Բ.Կ.ի եւ Էրտողանի վերելքը: Սուլթանութեան յաւակնորդը բնականաբար չէր կրնար ընդունիլ իր պարտութիւնը. ան դիմեց կեղծիքի եւ ուժի գործածութեան:
Իր սուլթանական նկրտումներու ճամբուն վրայ, ժամանակի ընթացքին, Էրտողան պատրաստած էր երկու ազդու միջոց՝ քրտական խաղաքարտը եւ Իսլամական Պետութեան (ՏԱՀԵՇ) նկատմամբ Թուրքիոյ ունեցած ֆինանսական (քարիւղ) եւ մարդուժի (բաց սահմաններ) լծակները: Քրտական Հարցին խաղաղ լուծման հեռանկարը պիտի ապահովէր թէ՛ քրտական եւ թէ ներքին պատերազմէն յոգնած թուրքերու քուէները, իսկ ՏԱՀԵՇ պիտի ծառայէր իբրեւ վիճակները անուղղակիօրէն վերահսկելու եւ ուղղորդելու միջոց:
ՏԱՀԵՇի ձեռքով իրագործուած Սուրուճի պայթիւնը պատճառ հանդիսացաւ քրտական անմիջական հակազդեցութեան եւ թուրք-քրտական նոր հակամարտութեան անսանձ ծաւալումին, իսկ Անգարայի պայթիւնը, ընտրութիւններու նախօրէին, տարածեց սարսափի մթնոլորտ եւ կասեցուց Ժ.Ժ.Կ.ի եւ միւս կուսակցութիւններուն հրապարակային ընտրարշաւը: Միւս կողմէ, Քրտական Աշխատաւորական Կուսակցութեան (Ք.Ա.Կ.) դէմ պայքարը եւ տարբեր բախումները ճեղքեր առաջացուցին սկզբունքային կերպով հակաքիւրտ Ազգայնական կուսակցութեան մէջ, նաեւ ապահովեցին մեծ թիւով ազգայնականներու քուէները՝ ի նպաստ Ա.Բ.Կ.ին: Նոյեմբեր 1ին Ա.Բ.Կ. վերատիրացաւ իր ընտրական դիրքերուն եւ, հակառակ Ժ.Ժ.Կ.ի 10%ի սահմանը անցնելուն, ապահովեց բացարձակ մեծամասնութիւն՝ շնորհիւ պահպանողական քիւրտերու եւ ազգայնական թուրքերու քուէներուն ու միահեծան կերպով վերատիրացաւ կառավարական բոլոր լծակներուն:
Էրտողանի այս քայլը ըստ էութեան համազօր էր ընտրական բիրտ խախտումի եւ համարժէք էր, նոյնիսկ, պետական հարուածի: Թրքական ոչ-պետական մետիա (լրատուամիջոցներ) եւ Եւրոպան ընդհանրապէս բացասական մօտեցում ունեցան այս յանցագործ ընտրարշաւին նկատմամբ: Սակայն, Էրտողան անցաւ առաջ. ան քրտական շրջանները ենթարկեց ռազմական, կենցաղային եւ պարենային շրջափակումի ու աւելի մեծ թափով շարունակեց հալածել Ք.Ա.Կ.ը եւ քրտական երիտասարդական կազմակերպութիւնները: Իսկ միւս կողմէ՝ ան պատերազմ յայտարարեց թէ՛ ազատ մետիային եւ թէ տնտեսական տարբեր բեւեռներու նկատմամբ: Անհիմն ամբաստանութիւններով ձերբակալուեցան կամ սպաննուեցան առաջատար թուրք եւ քիւրտ հրապարակագիրներ, մտաւորականներ եւ մետիայի ղեկավար դէմքեր, հակառակ Քեմալական կուսակցութեան, Ժ.Ժ.Կ.ի եւ տնտեսական մեծ խմբաւորումներու քննադատութիւններուն եւ բողոքներուն. մեծ թափով շարունակուեցաւ Կիւլենական մտայնութեան եւ կազմակերպութեան դէմ հալածանքը: Էրտողան հրահրեց հատուածական եւ կրօնական բեւեռացում՝ վերատիրանալու համար պահպանողական քիւրտերու քուէներուն, ճեղքելու համար թուրք Ազգայնական կուսակցութիւնը եւ վերահսկելու համար թրքական բանակին քաղաքական կողմնորոշումները: Այս հատուածական բիրտ վարմունքը շարունակուեցաւ եւ աւելի թափ առաւ Ա.Բ.Կ.ի ընտրական յաղթանակէն ետք շեշտելով Էրտողանի միտումը՝ ապօրինի ճնշումներով ապահովելու նախագահական համակարգ հաստատող սահմանադրութեան մը մասին հանրաքուէի մը կազմակերպումը, իր անխուսափելի եզրակացութեամբ:
Անդին, եւրոպական ընդվզումը եւ ճնշումները չէզոքացնելու համար Էրտողան բացաւ սուրիացի փախստականներու դէպի Եւրոպա հոսքի ճամբան: Այս ճնշումին իբրեւ արդիւնք, եւրոպական երկիրները ոչ միայն լուռ մնացին Թուրքիոյ մէջ ընթացող ապօրինի, հակաժողովրդավարական եւ հակամարդկային պետական գործունէութեան նկատմամբ, այլեւ դրամական խոշոր գումար յատկացուցին Թուրքիոյ՝ իբրեւ հատուցում փախստականներուն Թուրքիոյ մէջ կեցութեան:
Այսպիսով՝ Էրտողան հաստատեց կէս-բռնատիրական վարչակարգ մը, որ ազատ կը թողու իր ձեռքերը ամէն իմաստով, եւ կը թուի ընթանալ դէպի նախագահական-ամբողջատիրական վարչակարգ մը, որուն գաղափարական պարունակը պիտի ըլլայ թուրք-սիւննի իսլամը, իսկ պետական յենարանը՝ ներքին եւ սահմանային ռազմականացումի ճամբով ինքնահաստատման ձգտող բանակը, որ այլապէս նահանջած եւ բարոյալքուած էր նոյն Էրտողանի ճնշումներուն պատճառով:
Բ.- Թուրքիոյ սահմանային ռազմավարութիւնը
Թուրքիոյ միջազգային մեծ կշիռը պայմանաւորուած է իր դիրքով եւ սահմաններով ու իր ազդեցութեան ոլորտի տարածումով դէպի թրքաբնակ եւ իսլամական երկիրներ եւ ժողովուրդներ: Խորհրդային Միութեան քայքայումէն ետք շուտով ի դերեւ ելան Թուրքիոյ յոյսերը քաղաքականապէս ազդելու Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներուն վրայ: Դաշնակցային Ռուսաստանի վերականգնումով սահմանափակուեցան Թուրքիոյ կարելիութիւնները դէպի Արեւելք տարածման իմաստով, իսկ Ատրպէյճանի հետ իր կապերը, ինչպէս միշտ, պայմանաւորուած եղան Հայաստանի եւ Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններով: Այս իմաստով սառած իրավիճակը մասամբ փոխելու եւ սահմանները ճեղքելու ճիգ կարելի է նկատել հայ-թրքական համաձայնութեան անյաջող փորձը:
Իր արեւմտեան սահմաններուն վրայ Թուրքիա միշտ ալ փորձած է կիսաթշնամական լարում ստեղծել իր եւ ՕԹԱՆի մէկ այլ անդամ պետութեան՝ Յունաստանի օդուժերուն միջեւ, Կիպրոս ներխուժումով գծել ազդեցութեան նոր սահմաններ եւ միաժամանակ հրահրել ծովային ընդերքի շուրջ անհամաձայնութիւններ:
Դէպի հարաւ Թուրքիոյ սահմանները փաստօրէն սառած էին Համաշխարհային Ա. Պատերազմէն ետք. ան կորսնցուցած էր Իրաքի քարիւղի հանքերը եւ Սուրիոյ ռազմավարական տարածքը: Վիճակը սկսաւ փոխուիլ այսպէս կոչուած «արաբական գարունէն» ետք: Թուրքիան թէ՛ իր բացայայտ քաղաքականութեամբ եւ թէ իր ընդյատակեայ գործունէութեամբ սատար կանգնեցաւ «Իսլամ Եղբայրներուն» Լիպիոյ եւ Եգիպտոսի մէջ եւ մանաւանդ Սուրիոյ պարագային, ուր ներքին տագնապին հրահրումին եւ ծաւալումին մէջ Էրտողանի կառավարութիւնը ունեցաւ հիմնական դերակատարութիւն:
Սուրիոյ մէջ Թուրքիա գործնապէս օգնեց յատկապէս ծայրայեղ իսլամական շարժումներուն՝ «Ալ-Քա՚իտային» եւ «Իրաքի եւ Շամի Իսլամական Պետութեան» (ՏԱՀԵՇ):
Սահմանային տիրապետութեան Թուրքիոյ հաշիւները սխալ դուրս եկան թէ՛ սուրիական վարչակարգի դիմադրութեան եւ թէ յատկապէս Թուրքիոյ կից սուրիական տարածքին վրայ ապրող քիւրտերու ռազմական եւ կազմակերպական յաջողութիւններուն պատճառով: Քոպանիի քրտական յաղթանակէն ետք մասամբ ամերիկեան օգնութեամբ ստեղծուեցաւ գրեթէ միատարր եւ կիսանկախ քրտական վարչատարածք մը (Ռոճավա), որ կը ձգտի տարածուիլ դէպի միջերկրական՝ սպառնալով Թուրքիան ամբողջովին կտրել Սուրիայէն:
Միւս կողմէ, Իրաքի հիւսիսային շրջանին մէջ կազմաւորուած գրեթէ անկախ Քիւրտիստանի զինեալ ուժերուն ՏԱՀԵՇի դէմ ունեցած յաջողութիւնները (դարձեալ ամերիկեան օգնութեամբ) կը միտին ստեղծելու քրտական միասնական տարածք մինչեւ Սուրիա եւ Թուրքիան կտրել Իրաքէն:
Այս պայմաններուն մէջ, մեկնելով իրենց տնտեսական, քաղաքական շահերէն եւ պահպանելու համար տարածքի ամբողջականութիւնը Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը փորձեն միջամտել Սուրիոյ եւ Իրաքի հիւսիսային շրջաններուն մէջ՝ կանխելու համար առաջացումը քրտական միակտուր միաւորի մը, որ անկախաբար իր գաղափարական եւ քաղաքական դիմագծէն, կրնայ դառնալ հզօր հիմք արդեն իսկ որոշ ուրուագծում ստացած Թրքական Քիւրտիստանի մը կազմաւորման եւ անկախացման:
Հետեւաբար, թուրք ղեկավար շրջանակներուն համար կենսական կարեւորութիւն պիտի ունենան Իրաքի եւ մանաւանդ Սուրիոյ տագնապներուն ընթացքը եւ առաջադրուած տարբեր լուծումները: Այս պարունակին մէջ պէտք է տեղադրել Թուրքիոյ տուած ռազմական եւ գործնական օգնութիւնը սահմանին վրայ ապրող թուրքմէններուն եւ ռուսական օդանաւը վար առնելու վտանգաւոր որոշումը:
Գ.- Թուրք-ռուսական հակադրութիւնը
Սուրիոյ մէջ իրարու հակադրուեցան ռուսական ծաւալումը եւ թրքական սուլթանական քաղաքականութիւնը: Անկախաբար երկու ուժերուն Սուրիոյ մէջ կատարած ռազմական, տնտեսական եւ քաղաքական միջամտութիւններուն, ներքին եւ արտաքին դրդապատճառներէն կարելի է հաւանաբար հաստատել, որ սուր բնոյթ ստացած ռուս-թրքական այս հակամարտութիւնը, հակառակ Ռուսաստանի յայտարարած տնտեսական պատժամիջոցներուն, անպայման պատերազմի պիտի չյանգի: Դժուար է պատկերացնել, որ Արեւմուտքի անուղղակի ներկայացուցիչ՝ Թուրքիան եւ նոյն Արեւմուտքին կողմէ Ուքրանիոյ հարցով պատժամիջոցներու ենթակայ Ռուսաստանը իրարու դէմ պատերազմին ինքնուրոյն, առանց համաշխարհային մեծ տագնապ շղթայազերծելու: Աւելի հաւանական է, որ ի վերջոյ կողմերը հասնին ժամանակաւոր միջին համաձայնութեան մը, առանց սակայն հիմնական լուծումներ բերելու սահմանային հարցին եւ քրտական տարածքին կազմաւորման խնդրին: Պէտք է հաստատել նաեւ, որ համաձայնութեան կարելիութիւնը կախեալ է մէկ կողմէ Էրտողանի սուլթանական ծրագրին գործընթացէն եւ միւս կողմէ՝ Ռուսաստանի եւ Արեւմուտքի միջեւ Սուրիոյ եւ Ուքրանիոյ շուրջ տարակարծութիւններէն եւ սակարկութիւններէն:
Հարցականներ ծագեցան, թէ ինչո՞ւ Էրտողան դիմեց այս վտանգաւոր քայլին: Թուրքիոյ հարաւային սահմաններուն վրայ հակակշիռ պահելու նպատակին կողքին թերեւս պէտք է հաստատել, որ այս հրահրիչ աքթը մաս կը կազմէ Էրտողանի ներքին եւ արտաքին գրգռիչ քաղաքականութեան, որ կը միտի Թուրքիոյ ներքին կեանքին վրայ հաստատել բռնատիրական հակակշիռ, վերարժեւորել Թուրքիոյ քաղաքական եւ տնտեսական դերը Սուրիոյ (եւ Իրաքի) մէջ եւ ամրապնդել Արեւմուտքի կապուածութիւնը՝ Թուրքիոյ:
Այս հակադրութիւնը կրնայ պատճառ հանդիսանալ, որ Ք.Ա.Կ.ը դիմէ ծայրայեղ քայլերու իսկ պետութիւնը դրդէ ՏԱՀԵՇը դիմելու ահաբեկչական գործողութիւններու քրտաբնակ շրջաններուն մէջ: Պէտք է նկատի ունենալ նաեւ, որ տնտեսական եւ քաղաքական պատճառներով այս հակամարտութեան մէջ անուղղակիօրէն կրնայ ներքաշուիլ Ատրպէյճանը, ինչ որ կրնայ բացասական կերպով անդրադառնալ Հայաստանի վրայ:
Հաւանաբար կարելի է եզրակացնել, որ կը գտնուինք խիստ վտանգաւոր եւ աննխատեսելի հետեւանքներով լի կացութեան մը դիմաց, որ կրնայ ունենալ խիստ բացասական հետեւանքներ՝ Հայաստանի ու հայութեան անվտանգութեան առումով:
ԱԶԱՏ ՕՐ
http://www.azator.gr





