Մեկնաբանելով Աւստրիոյ Կողմէ Թուրքիոյ Ուղղուած Լրտեսութեան Մեղադրանքը. «Ակնյայտ Է, Որ Ատոր Ետին Կանգնած Են Հակաթրքական Շրջանակները» Կ՛ըսէ Աքսոյ
03 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԸ:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Համի Աքսոյ արձագանգած է Աւստրիոյ կողմէ Թուրքիոյ ուղղուած լրտեսութեան վերաբերող մեղադրանքներուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:
«Մենք կը հերքենք աւստրիական իշխանութիւններուն կողմէ մեր երկրի ուղղուած անհիմն մեղադրանքները: Ակնյայտ է, որ ատոր ետին կանգնած են հակաթրքական շրջանակները», ըսուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին գրաւոր յայտարարութեան մէջ:
Աքսոյ իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշած է, թէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները ապշած են նման անլուրջ մեղադրանքներէն:
«Այս իրավիճակը վատ անդրադարձ կ՛ունենայ Աւստրիոյ թրքական համայնքին վրայ եւ վնաս կը հասցնէ թուրք-աւստրիական յարաբերութիւններուն: Աւստրիական կառավարութիւնը պէտք է հրաժարի ներքաղաքական մանր հաշուարկներով Թուրքիոյ միջոցով արհեստական օրակարգ հետապնդելէ, պէտք է գործէ պետական արժանիքներով եւ առողջ մտքով», աւելցուցած է Աքսոյ:
Նշենք, որ Աւստրիոյ մէջ ձերբակալուած է թուրք լրտես մը, որ հետեւած է Աւստրիոյ մէջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի քննադատներուն: Այս մասին յայտարարեց Աւստրիոյ ներքին գործոց նախարար Քարլ Նեհամեր:
Նախարարը աւելցուց, որ Աւստրիան ձերբակալութեան առնչուած դիւանագիտական քայլերու պիտի նախաձեռնէ, իսկ դատական իշխանութիւնը լրտեսութեան մեղադրանք պիտի ներկայացնէ:
aztagdaily.com/archives/482203