Թուրքիա. «Կիպրոսին Զէնքի Մատակարարման Արգելքը Ջնջելու Ուաշինկթընի Որոշումը Կը Թունաւորէ Խաղաղութեան Ու Կայունութեան Մթնոլորտը, Նաեւ Համահունչ Չէ Դաշինքի Ոգիին»
03 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԸ:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը քննադատած է Միացեալ Նահանգներու կողմէ Կիպրոսի հանրապետութեան զէնք մատակարարելու արգելքը ջնջելու վերաբերող որոշումը: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ մասնաւորաբար կ՛ըսուի, թէ Միացեալ Նահանգներու այս որոշումը «կ՛անտեսէ կղզիի երկու ժողովուրդներուն միջեւ հաւասարութեան ու հաւասարակշռութեան պահպանումը»:
«Ժամանակաշրջանի մը, երբ ջանքեր կը գործադրուին Միջերկրական ծովու արեւելեան հատուածին մէջ լարուածութիւնը մեղմացնելու, Միացեալ Նահանգներու կողմէ նման որոշման ստորագրումը կը թունաւորէ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան մթնոլորտը եւ չի համապատասխաներ դաշինքի ոգիին: Թուրքիան, իբրեւ երաշխաւոր երկիր, Կիպրոսի թուրք բնակչութեան անվտանգութիւնը ապահովելու իր իրաւական ու պատմական պատասխանատուութիւնը իրականացնելու համար համապատասխան վճռական քայլերու պիտի ձեռնարկէ», ըսուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ընդգծած է նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներու այս որոշումը պիտի ազդէ կիպրական հարցի լուծման վրայ:
aztagdaily.com/archives/482206