Սէուտական Արաբիան Որոշեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ Մեկնող Կամ Հոնկէ Վերադարձող Բոլոր Թռիչքներուն Դիմաց Բանալ Իր Օդային Տարածքը
03 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Սէուտական Արաբիան երէկ յայտարարեց, թէ համաձայն գտնուած է բոլոր երկիրներէն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ ուղղուող եւ անկէ տարբեր երկիրներ մեկնող թռիչքներուն արտօնել սէուտական օդային տարածքէն անցնիլ:
Սէուտական քաղաքային թռիչքներու ընդհանուր մարմինէն պատասխանատու աղբիւր մը սէուտական «Ուաս» լրատու գործակալութեան յայտնեց, թէ մարմինը վաւերացուցած է այդ գծով որդեգրած է էմիրաթական քաղաքային թռիչքներու ընդհանուր մարմինին կողմէ ներկայացուած դիմումը:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Սէուտական Արաբիոյ յայտարարութենէն ետք յայտնեց. «Իսրայէլեան օդանաւերուն պիտի արտօնուի ուղղակիօրէն թռիչք կատարել դէպի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ»:
Նշենք, որ այս շաբաթ իսրայէլեան եւ ամերիկեան պաշտօնական պատուիրակութիւններ Թել Աւիւէն Ապու Տապի փոխադրող իսրայէլեան վարձուած օդանաւի մը արտօնուեցաւ թռիչք կատարել սէուտական օդային տարածքին մէջ, ինչ որ իսրայէլեան օդանաւային ընկերութեան պատկանող օդանաւի մը կողմէ թագաւորութեան վերեւ կատարուած առաջին պաշտօնական թռիչքն էր:
Միացեալ Նահանգներու նախագահի աւագ խորհրդական Ճերըտ Քուշներ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մուհամետ պըն Սալմանին շնորհակալութիւն յայտնեց, որ իսրայէլեան եւ իր գլխաւորած ամերիկեան պատուիրակութիւնները Ապու Տապի փոխադրող օդանաւին արտօնեց սէուտական օդային տարածքէն անցնիլ:
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան նախապէս յայտարարած էր, թէ թագաւորութիւնը պիտի չհետեւի Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու օրինակին` այնքան ատեն պաղեստինցիներուն հետ խաղաղութեան համաձայնութիւն չէ գոյացուցած:
aztagdaily.com/archives/482205