Անդրանիկ Պօղոսեան – Գաղափարախօսութիւն – Կազմակերպութեան գաղափարական հէնքը մեր յոյսի աղբիւրն է՝ վերազարթնելու ու վերականգնելո՛ւ մեր տունը եւ շարունակելո՜ւ Մեր Ուղին
04 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2020 – Անդրանիկ Պօղոսեան – Գաղափարախօսութիւն:
Երկար մտորումներէ ետք, գործուած սխալը սրբագրելու համար, վերջապէս Բիւրոն կայացուց ՀԱՄԱՆԵՐՈՒՄի որոշումը:
Այս օրերուն ինչպէս ինձ, այնպէս եւ իմ ընկերներուն կը հասցէագրուին հարցադրում-յորդորներ այն իմաստով, թէ՝ «այս ընձեռուած պատեհ առիթէն օգտուելով վերադառնալ» գաղափարական մեծ ընտանիք:
Սկսիմ այն ընդունուած աւանդոյթ դարձած պահանջէն՝ զղջումնագիր ներկայացնելու վերաբերեալ․
-Ես իմ ո՛ր մեղքին եւ կամ ի՞նչ բանի համար պէտք է որ զղջամ, նաեւ՝ որո՞ւ առաջ․․․
Գիտէ՞ք ինչ․ հիմա որ կը մտածեմ՝ իմ մեղքը մէկ չէ, բազմաթիւ են:
– Ես նախ պէտք է զղջամ, որ՝
Դեռ պատանի տարիքէս ընդգրկուելով հարազատ ԸՆՏԱՆԻՔ, մեզ սնուցանեցին մեր անցեալի նուիրեալներուն շունչով, եւ մենք ատիկա ընդունեցինք՝ փորձելով չշեղուիլ այն ուղիէն, ինչը որ այս օրերուն մեզ դարձուց մեղաւոր:
– Ես նաեւ պէտք է զղջամ, որ՝
Ս. Զաւարեանի եւ մեր մեծերու օրինակին հետեւելով ամէն ճիգ թափեցի Ազգի ու կազմակերպութեան նիւթական միջոցներուն վրայ գուրգուրալու եւ նման աղբիւրներու հաշւոյն չապրելու, այլեւ առաջարկուած ամէն տեսակի օգնութիւնները մերժելով՝ բացառապէս ապաւինելու սեփական ուժերով վերականգնելու իմ կորսնցուցածը ու վերստեղծելու նորը, ինչը բնականաբար դաւաճանութեան համազօր, անընդունելի ու խարանող արարք պիտի դիտուէր բոլոր անոնց կողմէ, որոնք իրենց կեանքը կառուցած են՝ օգտագործելով կազմակերպութեան հաշւոյն ապրելու ուղին:
– Ես դեռ պէտք է զղջամ՝
Այն մեղքի համար, որ անցնող տարիներուն չկրցայ սորվիլ ու ձգտումը չունեցայ քծնանքով ու հպատակուելով՝ տարբեր պաշտօններու յաւակնորդ դառնալ, եւ այդպիսիներու հետ մերուելով՝ միեւնոյն խոհանոցին ու ճաշատեսակին ընտելանալով, սեփական շահերով առաջնորդուելու:
– Ես նաեւ պէտք է զղջամ, որ՝
Այդ բոլոր մեղքերէն ետք, լուռ ու մունջ իմ պարտքը կատարած ըլլալով բաւարարուելու, ինքնամեկուսացման մէջ եւ իմ հոգսերով ու կեանքի հետաքրքրութիւններով պարփակուած ապրելու փոխարէն, անշեղ շարունակած եմ իմ ստանձնած փշոտ ու քարքարոտ Մեր Ուղին:
Վերջապէս, այս բոլորէն ետք, մենք որո՛ւ պիտի ներկայացնենք այդ զղջումնագիրը, եւ մանաւանդ ո՞ւր վերադառնալու համար․․․
– Վերադառնալու այն Մեծ Ընտանիքի՞ն, որու անցած ճամբով անցաւ իմ կեանքի աւելի քան քառասուն տարիները։
– Թէ՞ վերադառնալու հոն, ուրկէ հեռացուեցայ մեր Մեծ Ընտանիքի ղեկավար աթոռները քուէի ուժով առեւանգողներուն կողմէ։
Յեղափոխականերու մեր Մեծ Ընտանիքին հնազանդիլը աւելի բարձր ու գերազանց արժէք է՝ բաղդատած Մեր Գերագոյն Նպատակին ծառայելու կոչումէն հեռացած ու խուլ եւ համրերու ակումբի վերածուած միջավայրին, ուր ոչ ոք գիտակցեցաւ կամ փորձեց հարց տալ, թէ՝
– Դուք ի՞նչ կ՚ընէք, բարոյական թէ մարդկային ո՞ր չափորոշիչներով կը գործէք, այդ պատճամիջոցով որո՞ւն պատժած կ՚ըլլաք․ սկզբունքներուն հաւատարիմ մնացողի՞ն, թէ՞ անոր տառապեալ ծնողներուն, որպէսզի հասկանան, թէ այդ բոլոր տարիներուն կրած եւ դեռ գալիք տառապանքները ինչպիսի՞ գնահատանքի կ՚արժանանան:
Այդ զգաստացումը ու հոգատար մարդկային բանականութեան դրսեորումը ինձ համար չէ, որ պէտք են, այլ՝ այն Մեծ Ընտանիքին, որ խարսխուած եղած է բարոյականի՝ նկարագրի՛ տէր Հայ Մարդուն վրայ, նախապայման ունենալով անոր անսակարկ անձնազոհութիւնը:
Ներկայացուած այսօրինակ համատարած արատաւոր ու զգայազուրկ անտարբերութեան ի տես՝ ցաւ կ՚ապրիմ ու կ՚արձանագրեմ, որ մեր կազմակերպութիւնը ծանրագոյն աղէտալի վիճակի է մատնուած. տիրող վիճակը ուղղելը՝ այս պահուն մեր ունեցած շարքերով, անհնարին կը դառնայ։
– Մեր յոյսը կը մնայ գալիք մեր առողջ ու իր սեփական ուժերուն ապաւինող երիտասարդութիւնը, որուն համար նախ պէտք է ամէն գնով պայքարիլ կազմակերպութեան ղեկը առեւանգած պատեհապաշտ ու գաղափարազուրկ ցեցերէն ձերբազատուելու համար, պահպանելու այն գաղափարական հէնքը, որ մեր յոյսի աղբիւրն է, վերազարթնելու ու վերականգնելո՛ւ մեր տունը եւ շարունակելո՜ւ Մեր Ուղին:
Կազմակերպութեան գաղափարական հէնքը մեր յոյսի աղբիւրն է՝ վերազարթնելու ու վերականգնելո՛ւ մեր տունը եւ շարունակելո՜ւ Մեր…
Posted by Antranig G. Boghossian on Friday, September 4, 2020
mer-oughin.am/2020/09/04/մեր-ուղինկազմակերպութեան-գաղափարակա/