
31 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2015
Յովսէփ Պարազեան
31 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2015Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտողականութեան պատժելիութեան շուրջ
Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտողականութեան պատժելիութիւնը քննարկող հակոտնեայ վերլուծումներ ու դատական որոշումներ կը հրապարակուին վերջին
տարիներուն, վերջին ամիսներուն։
Բազմահարիւր էջերու վրայ տարածուած դատական գործի զեկոյցներ, թեր ու դէմ հիմնաւորումներ, իրար հակասող պաշտպանողական պնդումներ կը միտին համոզելու, թէ անհատ մարդու ազատ խօսքի ու տեսակէտի իրաւունքի սկզբունքային մեկնակէտը գերակշիռ է՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտելու եւ զայն ուրացողի գրգռիչ արտայայտութիւնները յանցանք համարելու հանգամանքէն, ի՛նչ ալ ըլլան անոր գնահատուած թէ թերագնահատուած բաղդատական համեմատութիւնները։
Մօտաւորապէս այսպէ՛ս։ Յաւելեալ կամ զեղչուած բառերով՝ քիչ մը աւելի, կամ քիչ մը պակաս օրինակներ կրնան տրուիլ, որոնք նոյն տեղը կրնան յանգեցնել մեզի, բացայայտօրէն վկայակոչելով շահուած կամ չարաշահուած հրապարակուած ժխտումի թէ ուրացման խնդրայարոյց երեւոյթներ։
Քաղաքական ի՞նչ միջավայրի մէջ տեղի կ’ունենան այս դատավարութիւնները։ Տեսնենք մեր ակնոցով։
Այս բոլորէն անդին, կայ սակայն, բան մը որ անառարկելի է իր բարոյական փաստի արժէքով ու չափանիշով։ Ցեղասպանութեան իրողութիւնն է ան, որ եղաւ ու մնաց հայու մեծ ճակատագիրը։ Այդ ճակատագիրը ժխտելու միտող թրքաբարոյ կեղծիքը պատմութեան արժէք պիտի չստանայ երբեք։ Թո՛ղ այդ յաւակնութիւնը չունենայ։
Ժխտումի բովանդակ հարցը հայերուն համար գաղափարական համեմատութիւններ կը ստանայ։ Պատմական է, յաւելեալ՝ քաղաքական է, եւ այս բոլորը միասին իբրեւ պատասխան մաս կը կազմեն քաղաքադիւանագիտական մշակոյթի մը, որ աւելի լայն իմաստով կը միտի զարգացնելու եւ պաշտօնականացնելու ուղեգծային ապագայ որոշումներ եւ զանոնք գործնապէս կիրարկելի դարձնելու նաեւ ու մանաւանդ տարբեր երկիրներու մէջ։
Ցեղասպանութիւններ մերժողները երբ կը հարկադրուին դատի կոչուիլ՝ անիրաւուած մարդի՞կ կ’ըլլան։ Պաշտպանողական պատմուճա՞ն կը հագնին։
Օրինակ, քաղաքագէտ եւ Թուրքիոյ Բանուորական կուսակցութեան ղեկավար՝ վատահամբաւ Տողու Փերինչէքը, որու համաթուրանական, հետեւողականօրէն ցեղապաշտական ու հակահայ խափանարար գործունէութիւնը յայտնի է բոլորին։ Յայտնի է նաեւ Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանին, որ վերջերս՝ անհատի պաշտպանութեան իրաւունքներու զուգադիպութեամբ որոշում կայացուց «Փերինչէք ընդդէմ Զուիցերիոյ» դատական գործի առնչութեամբ եւ զայն անպարտ արձակեց։
Այս դատին անպարտ արձակումը՝ մարդկային անմեղութեան կոպտութիւնը խափանող փա՞ստ կ’ըլլայ…։ Եւ այդ փաստը՝ արդարութեան դէմ անհատի իրաւունքի ոտնակոխո՞ւմը կանխած կ’ըլլայ։ Իսկ հայութեան ցուցաբերած հակազդեցութիւնը՝ զգացական պոռթկումի մը արտայայտութեամբ չի բացատրուիր, այլ իբրեւ անհանդուրժող քաղաքական աքթ։
Զուիցերիոյ Ստորին, ապա նաեւ Վերին Պալատը իր խառնաշփոթ որոշումով փաստօրէն վարկաբեկեց ե՛ւ ազատ խօսքը, ե՛ւ ճշմարիտ արդարութեան պաշտպանութիւնը։
Համաձայնինք. բացառուած է, որ երկուքը մէկ եղած ըլլան։ Անտեսելու չենք սակայն, որ կը զգացուի երկրորդ ոտնակոխում մըն ալ, այն ալ արձակուած վճիռին անիրաւութիւնն է, որ կրնայ հիմնուած ըլլայ միայն ու միայն խտրականութեան կողմնակալութեան ընտրանքին վրայ։
Ասոր դիմաց մեղանչում չկա՞յ։ Գործուած պատմական ոճիրը նուիրականացնելու երկրորդ ոճիր մը չկա՞յ։ Ամբողջ ժողովուրդի մը հաւաքական յիշողութիւնը գնդակահարելու յանցանք եւ յանցանքի աննախատեսելի բարոյահոգեբանական հետեւանքներ չկա՞ն…։
Գործուած Ցեղասպանութեան ոճրին դիմաց դատարանի անհիմն վճիռը բնաւ երբեք չի համապատասխաներ ողբերգական այս հարցի էութեան ու խորքին, այսինքն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման յանցանքով դատապարտուած անձի մը դատական վերատեսութեան ու անպարտ արձակումի դրոյթին։
Կը թուի, թէ զարմանալու բան չկայ։ Երբ վստահութիւնն ու անվստահութիւնը կշիռքի վրայ կը դրուին՝ վստահութիւնը նոյնքան կը կշռէ, որքան անվստահութիւնը։ Անարդարութիւնը՝ նոյնքան, որքան արդարութիւնը։
Իրօք, ինչպէ՞ս պէտք է մեկնաբանել ցեղասպանութիւններու եւ անոնց շարունակուող հետեւանքներուն միտումնաւոր թէ անգիտակից շփոթներուն երկուութիւնները՝ անթափանցիկ ձեւով անտեսելու յարուցուած խոչընդոտները։ Եւորոպական Դատարանի նախադէպային իրաւունքի արձանագրութեան օրէնքը՝ ճի՞շդ, սխա՞լ, ինչպէ՞ս կիրարկուած է վերջապէս։ Պարզ մարդը ինչպէ՞ս պէտք է ընկալէ։
Հայերս՝ վարժուած ենք ամէն ինչի ետեւը, ամէն ինչի տակը թուրք պետութեան նենգաւոր խարդաւանքները տեսնելու։ Աւելին՝ կենդանիօրէն մեր մորթին վրայ զգալու՝ ազատ վճիռներ եւ որոշումներ կայացնելու դատարաններու համատարած աղաւաղումներու պարտադրանք, ճնշում ու կաշառակերային քաղաքականութիւններու ոտնակոխումներ։
Միամիտ չենք, գիտենք, որ դեռ երկար ժամանակ մեր առջեւ պիտի գտնենք թրքական ժխտողականութեան վարքագիծը, սակայն համայն հայութիւնը Ցեղասպանութենէն յետոյ, հատուցման իրաւունքի հետեւողականութեամբ իր որդեգրած քաղաքականութեան ճամբուն վրայ, պիտի բազմապատկէ արդարութեան դուռը բախող բարոյական նոր իրաւունք արժեւորելու եւ վերականգնելու մարտահրաւէրային ռազմավարութիւններ։
Գանք մեր օրերուն եւ հարց տանք, թէ Զուիցերիոյ թրքանպաստ դատական վճիռը որո՞ւ ուղղուած է իսկապէս։ Միտումնաւոր քարոզչութեան տրամադրութեամբ ուղղուած է Թուրքիո՞յ, Զուիցերիո՞յ. իսկ աւելի լայն իմաստով՝ Եւրոպայի թուրքերո՞ւն։ Թուրքիոյ թրքութեա՞ն։ Շատ յայտնի չէ։ Խորհրդածենք սակայն, որ ճշմարտութեան ու արդարութեան ճամբան կոյր չէ, խուլ չէ, եւ Թուրքիոյ քաղաքական ապագան այսպիսի վատորակ ու վարձահատոյց միջոցներով ո՛չ կրնայ բարելաւուիլ, ո՛չ ալ կրնայ հատուցուիլ։
Զուիցերիոյ ըսածը, սակայն, չըսաւ Փարիզի մէջ երեք ամիս առաջ կայացած գիտաժողով մը, որ գումարուեցաւ Ֆրանսայի Արդարադատութեան նախարար տիկին Քրիսթին Թոպիրայի բարձր հովանաւորութեամբ։ Հոն՝ արդարութեան գիտակից ներշնչումով լուսարձակի տակ առնուեցաւ եւ խարանուեցաւ Փերինչէքեան խաբէական ոճի ազատ խօսքի իրաւունքի վարկածը օգտագործող ցնորական կեցուածքը, ժխտողականութեան իր խառնիճաղանճը պատճառաբանելու միտումնաւոր ճիգին համար։
Գիտէ՞ք, պատմութիւնը շատ շփացած մարդիկ ճանչցած է։ Անոնց մէջ փաստաբաններ, դատաւորներ, դատախազներ, քաղաքագէտներ։ Տարօրինակ ոճով մը պատմութիւնը շփացուց զիրենք, իրենք ալ հաճոյակատարօրէն ընդառաջեցին այդ անկոչ հրաւէրին, տէր դառնալով իրենց վերաբերող եւ իրենց չվերաբերող պատմագիտութեան։ Անոնք պատմութիւնը լաւ չսորվեցան։
Մենք ալ յանցանքի մեր բաժինը պէտք չէ անտեսենք, քանի մեր պատմութիւնը լաւ չսորվեցուցինք իրենց։ Թերեւս, կարգ մը օտարներ չուզեցին զայն սորվիլ մեր սորվեցուցած ձեւով ու ոգեւորող արտայայտութեամբ։ Չեմ գիտեր, ո՞ր մէկն է այս բոլորէն։ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը կասկածի ենթարկող անպատասխանատու յայտարարութիւննե՞ր, թէ՞ իրենք զիրենք «իրապաշտ» ու «անաչառ» համարող թրքական քարոզչութեան զոհեր, որոնց սրտին մէջ բոյն դրած է կաշառակերային երկընտրանքի ընդհանրապէս թունաւոր մանրէն։
Լաւ գիտենք, որ Զուիցերիան որպէս մեր օրերու ժամանակակից ըմբռնումներով պետութիւն, անցեալին տուած է արդարահատուցման ու իրաւապաշտպանութեան պայծառ օրինակներ Եւրոպայի այլ երկիրներու ալ, մանաւանդ որ իր որդեգրած ու մինչեւ այսօր կիրարկած սահմանադրութիւնը խմբագրուած ու պատրաստուած է Յունաստանի Օսմանեան լուծէն անկախութենէն վերջ (1821) իր առաջին յոյն կառավարիչ եւ Ռուսիոյ Աղեքսանդր Ա. ցարի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը վարած Իոաննի Քափոտիստրիայի կողմէ, երբ 1822ին հինգ տարուան համար ինքնաքսորեալ վիճակի մէջ ապրեցաւ Զուիցերիա։ Սահմանադրութիւն մը, որ կը ցոլացնէր 1789ի ֆրանսական յեղափոխութեան ժամանակակից փայլուն գաղափարներ եւ իրաւունքի, արդարութեան համընդհանուր ու գերիշխող քաղաքակրթութեան մը ըմբռնումներ։
Հեգնանքի համազօր է հաստատել, թէ Մուսթաֆա Քեմալի օրերուն հորիզոնին վրայ «ժողովրդավարականացող» նոր Թուրքիան Քափոտիստրիայի խմբագրած այդ սահմանադրութեան իրաւակարգէն օգտուելով իւրացուց ու որդեգրեց անհատի ու հաւաքականութեան վերաբերող՝ այդ օրերուն իսկ չափազանց յառաջդիմական համարուող օրէնքը։
Իսկ մենք, որ անցնող տասնամեակներուն՝ հայու եւ հայութեան ինքնութեան արժանապատուութիւնը խոցոտող նոյնատեսակ հրապարակային դատավարութիւններէ վերջ, յաղթապանծ վերաբերումով իրաւադատութեան եւ արդարակշռութեան մեր պահանջը որմէ՞ պիտի փնտռենք։ (Տե՛ս, Թալէաթը 1921ին Պեռլինի մէջ ահաբեկած Սողոմոն Թեհլիրեանի գերմանական դատարանին կողմէ անպարտ յարձակումը, տե՛ս Ֆրանսայի Էքս Ան Փրովանսի Արդարութեան պալատին կողմէ՝ Պեռնի Թուրք դեսպան Տողան Թիւրքմէնի ահաբեկման գործով բանտարկուած Մաքս-Հրայր Գիլինճեանի դատավարութիւնն ու ազատ արձակումը, տե՛ս, Պէյրութի մէջ, տասնամեակներ առաջ «Ազդակ» օրաթերթին դէմ դատ բացող թուրք պետութեան նկատմամբ լիբանանցի իրաւագէտ Մեթր Մուսա Փրենսի կողմէ թերթի ազատ արձակման յաջողութիւնը)։
Եւ դեռ՝ բազում յաջողութիւններ, հիմնուած մեր կեանքի յատկանշական փորձառութիւններէն, որոնք կը միտին բռնութեան խափանող տեսակ-տեսակ ձեւերով մեր ազգի տառապանքն ու մեր ժողովուրդի յիշողութեան ոչնչացումը մնայունօրէն երկարաձգուող խաչակրութեան մը վերածելու։
Ի դէպ, արդեօ՞ք այս հարցը շատ մեծցուցինք։ Փերինչէքի նողկալի գործով դատարանի որոշումը այնքան ալ մեծ նշանակութիւն չունի Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանի փորձագէտներուն եւ իրաւապաշտպաններուն կողմէ։ Ի՛նչ ալ ըլլայ՝ իմաստներով խաղալը այնքան ալ հեշտ բան չէ։
Փաստօրէն, այս դատարանը վճռած չէ, թէ խօսքի ազատութիւնը կրնայ քրէականօրէն պատժելի ըլլալ, եթէ բռնութիւնը կը հրահրէ։
Հապա՞ խիղճի բնորոշումը. ինչպէ՞ս կ’ըլլայ, ինչպէս կը հետազօտուի։ Հակասութիւններու դասը ինչպէ՞ս կը պեղուի։
Հապա՞ Թուրքիան, որ իր քրէական օրէնսգրքին մէջ կը շարունակէ մօտէն պահպանել թիւ 301 բռնադատական յօդուածը, ի՞նչ պիտի ըսէ Հրանդ Տինքը դատող դատատեանին, որ պարտի պատասխանատուութեան կանչել դաւադիր դահիճներ ճշմարտութիւնը քրէականացնող օրէնքներու իրաւականութիւնը հաշուեյարդարի ենթարկելուն համար։
Մաղթենք, որ ժողովրդավարութիւնը օր մը պատասխան կուտայ։
Հայ ժողովուրդի տառապանքին ու արժանապատուութեան հետ խաղալու իրաւունք չունի ոեւէ մէկը։ Մեր մարտիրոսացած նախահայրերուն հանդէպ յարգանքի իրաւունքը չ’առնչուիր Ցեղասպանութեան պատճառաւ ջարդի ենթարկուած հայ ժողովուրդի դրժուած ինքնութեան վայրագութեան հետ։
Զուիցերական դատարանը բացարձակապէս լիազօրուած չէ որոշելու թէ հայու պատմագիտական իրաւունքի պաշտպանութեան մէջ, խնդրայարոյց կամ ոչ համարուող ի՛նչ բան լուսարձակի տակ կ’առնուի թէ ոչ։ Պատասխանատուութեան դատողութեան իրաւացիութեան իւրացումն ու անոր առանձնայատկութիւնը շատ ծանր բան է։ Ա՞յս թուղթերն է, որ գոց պահեց մինչեւ դատավարութեան վերջաւորութիւնը։ Դատարանը՝ պատմութիւնը պատժող հաստատութիւն մը չէ, չի կրնար ըլլալ։
Դատական այս հարցի քննութեան ծիրէն ներս պահ մը կանգ առնենք ու քննարկենք՝ նախ Զուիցերիոյ, ապա նաեւ Թուրքիոյ դատական առանձնայատկութեան նկատմամբ մշակոյթի որակի իւրայատկութեան ու չափանիշին դրական թէ ժխտական բնոյթը։ Բացայայտ է, որ դատավճիռի կապակցութեամբ մշակոյթի մօտեցման տարբերութիւն կայ Զուիցերիոյ ու Թուրքիոյ միջեւ։ Այս տարբերութիւնը Թուրքիա կը յաջողի դատարկամտօրէն օգտագործել իրմէ գերազանցապէս տարբեր ու աւելի բարձր մակարդակի մը վրայ, որն է արդարակշռութեան ու անկողմնակալութեան տարազաւորումը ¥մոտէլը¤։
Մենք ո՞ւր ենք, մենք ո՞ւր էինք, սկիզբէ՛ն։ Հայու խորագէտ ուշիմութիւնը, արթնամտութիւնը այսպէ՞ս կ’ըլլայ։ Հայաստանը առաջին մէկ օրէն շուտափոյթ ու օգտաբեր արդիւնաւորութեամբ դատական այս հոլովոյթին մասնակցած պէտք է ըլլար, խնդրոյ առարկայ դարձնելով դատական վճիռին նախորդող եւ որոշման յանգեցնող ձեւակերպութիւնները, հարցին պատմական հիմքը եւ հարցի ձեւական հիմքէն անդին խորքային հարցեր, որպէսզի դատավարութեան խորազնին էութիւնը զոհ չերթայ դիւանակալական ձեւափոխութիւններու։ Այս կ’ըլլար սակայն, երբ որոշումը հրապարակուելէ շատ առաջ Հայաստանը տեսակէտ դրսեւորած ըլլար, ինչպէս ըրաւ Թուրքիան եւ ատեանը գրնուեցաւ միակողմանիօրէն թրքական պնդումներու ճնշումին ու տեսակէտներուն դիմաց միայն։ Հիմա Թուրքիա կը յոխորտայ թէ Զուիցերիան կրցաւ ցոյց տալ որ «Հայոց Ցեղասպանութիւնը «ենթադրեալ» բան մըն է, որ կը ծառայէ որպէս խաղաքարտ մեծ գերտէրութիւններու ձեռքը»։
Հեգնանքի արժանի է նաեւ, որ դատավարութեան ընթացքին՝ թուրք պետութեան կողմէ մասնակցած Թուրքիոյ Մարդկային Իրաւանց Միութեան Ճշմարտութեան կեդրոնը ¥…՞¤, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ Արդարութեան եւ Յիշողութեան Միութիւնը ¥ի՞նչ յիշելու համար¤ սպառնացած են նոյնիսկ, որ Զուիցերիոյ վճիռը կրնայ ուղղակի ազդել Թուրքիոյ հայ համայնքին վրայ, ¥այսինքն, նո՞ր ջարդ¤, ներառեալ անոր կեանքի ապահովութեան տեսանկիւնէն։ Աւելին, Թուրքիոյ կառավարական մամուլը գրած է. «ասիկա ոչ միայն բացայայտ սուտ է, այլ նաեւ դիտումնաւոր, քանի ան կը քաջալերէ անհատներ, խմբակցութիւններ, նոյնիսկ պետական պաշտօնեաներ, Թուրքիոյ հայոց դէմ ատելութիւն սերմանելու եւ կը հետապնդէ նման արտայայտութիւններու եւ անոնց հեղինակներու դատապարտումին արգելք հանդիսանալու նպատակը»։
Թրքական ժխտողականութիւնը հեռանկարային նպատակներ կը սնուցանէ ստորակայութեան ենթարկուելու պատրաստ երկիներ գտնելով, իրենց իրական տոկունութիւնը չափչփելու արգելարշաւով։ Ո՛ւր որ կը յաջողի բեղմնափոշի ցրուել, կ’ընէ ամբարտաւանութեամբ ու պարծենկոտութեամբ։ Ո՛ւր որ չի յաջողիր, սկիզբը սպասողական, յաջորդաբար ալ լռութեան ու համակերպումի այլ ու զարտուղի ճանապարհներ յարմարեցնելով։ Հի՜ն սովորութիւն մը, որ կը կրկնուի ու կը կրկնուի։
Հարց տանք սակայն, այսպիսի խաղաթուղթերով ինչպէ՞ս պիտի առողջանայ թուրք ընկերութիւնը։ Ներքնապէս, ինչպէ՞ս պիտի հաշտուին թուրք ժողովուրդի ներհակ հակասութիւնները։ Յետաձգուած պայքարները առկախ պայքարի վերածելու պատմութիւն թալանող քաղաքականութիւնը մնայուն անելի պիտի վերածուի պատմութեան «հիւանդ մարդուն» համար։
Միջազգային կարգ մը դատարաններ վճռած են, որ հրէական Ողջակիզումի ժխտումը յանցանք է, եւ ոչ թէ ազատ արտայայտուելու իրաւունքի խախտում։ Զուիցերիոյ Ստորին ու Վերին Պալատը կը հաւատայ, որ ողջակիզումի ժխտումը «հակաժողովրդավարական» է, «հակասեմական» գաղափարախօսութիւն է, մինչդեռ՝ «Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը հայերու եւ թուրքերու միջեւ ֆիզիքական լուրջ բախումներու չէ յանգեցուցած Զուիցերիոյ մէջ»։ Այսինքն ի՞նչ։ Յանգեցուցած չէ անկարգութիւններո՞ւ հայ եւ թուրք համայնքներու միջեւ Ժընեւի, Ցիւրիխի, Պեռնի, Պալի, Լիւսերնի, Լուկանոյի եւ այլ քաղաքներու մէջ, հոն հակաթուրք ցոյցեր կազմակերպուած չեն, Հայոց Ցեղասպանութեան ցուցահանդէսներ, դասախօսութիւններ, հաւաքներ եղած չեն։
Բայց եղած է աւելին. եղած է քաղաքական ահաբեկչութիւն, ձեռբակալուած են հայ մարտիկներ։
Երկու չափի եւ երկու կշիռի դիւանագիտութիւնը պատմութեան եւ արդարութեան հետ խայտառակ ձեւով խաղալ կը նշանակէ։ Դատաւրոները ո՞ր իրաւական համակարգին կը հետեւին, համոզելու համար բոլորիս, թէ ցեղասպանութեանց զոհերու միջեւ կրնայ նաեւ նախատեսելի խտրականութիւն, կողմնակալութիւն ըլլալ, յանուն անբեկանելի …անաչառութեան։
Այս մէկը ընդունելի՞ կրնայ ըլլալ պատմական դատաստանին համար։
Պատմութիւնը յիշողութիւն ունի։ Զուիցերիոյ դատարանը վարչական, դատական, իրաւական ինքնավարութիւն ունի՞։ Կամ առնուազն, կը յաւակնի՞ ունենալ։
Դեռ որքան գաղտնի ծալքեր կը յամենան թափանցիկութենէ զրկուած այս խնդրին մութ ծալքերուն մէջ, որ կը ներկայանայ ինքնավար համակարգի մը երեւութական ու ծակծակ պատմուճանով։
Զուիցերական նմանատեսակ պնդումները անհիմն ու անատակ համարելու համար հանդիսադրենք պատմական փաստաթուղթ մը, որու հիմամբ 1890ին, աւելի քան 400.000 զուիցերացի քաղաքացիներ միջնորդագիր մը ստորագրած են, համիտեան ջարդերուն դէմ բողոքելու իբրեւ հակազդեցութիւն։ Այս քայլով, արդեօ՞ք դատական իշխանութիւններու եւ Զուիցերիոյ ժողովուրդի կամքն ու ներքին համերաշխութիւնը պառակտուա՞ծ կ’ըլլան…։
Գաղափարները կը վարակեն զանգուածները, չե՛ն թունաւորեր։
Չյիշե՞լ տակաւին, որ զուիցերացի մարդասէր միսիոնարներ հազարաւոր հայ որբեր փրկած ու խնամած են ստոյգ կոտորածէ ու մահէ եւ ցեղասպանութեան օրերուն անոնց ապաստան տուած են Զուիցերիոյ, այլեւ Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Յունաստանի մէջ։
Այսպիսի վճիռներ վերատեսութեան ենթարկելու անհրաժեշտութիւնը կը զգացուի միջազգային մակարդակի վրայ, որպէսզի միանգամընդմիշտ վերնան ժխտողականութեան քրէականացման պայքարի թրքաբարոյ մարտավարութիւնները փոխելու, կամ նոյնիսկ զանոնք կասկածի ենթարկելու միտումները։
Ժամանակը՝ վստահաբար հակառակ կ’աշխատի Թուրքիոյ համար։ Զուիցերիոյ խնդրէն Թուրքիա ժամանակաւորապէս միայն ստացաւ իր ակնկալածէն աւելին։
Եւրոպայի քաղաքական ու դատական միջավայրը պէտք է աւելի լայնախոհ ու արդարացի ըլլայ, աւելի զգայուն՝ ազգերու իրաւունքներու անհպելիութեան ու պաշտպանութեան տեսակէտէ, սկիզբէն մինչեւ վերջ։
Ինչ կը վերաբերի շատ հոլովուած այն հակաճառութեան ու ընդդիմախօսութեան, թէ ազատ խօսքի իրաւունքը գերիվեր է իբրեւ ժողովրդավար արտայայտութեան չափանիշ, ըսենք, որ աշխարհիս վրայ չկայ ազատ զգացող, ազատ մտածող ոեւէ մարդ անհատ, որ այդ մէկը չցանկայ ու ատոր իրաւունքին համար չպայքարի։ Սակայն, ազատ խօսքի սիրոյն միտումնաւոր ու նպատակաուղղուած՝ նոյնինքն խօսքի ազատութիւնը չարաշահող դիտաւորութիւններ, ինչպէս Փերինչէքի պարագան, չեն կրնար ներառնուիլ ժողովրդավար ազատութեան ու անկաշկանդելիութեան չափանիշներու ոլորտին մէջ, որովհետեւ ընդունելի չեն կրնար ըլլալ ազատ խօսքի ջատագող Եւրոպայի համար եւս։
Ուստի՝ հոս ազատ գաղափարներու արտայայտութեան հարց չի դրուիր երբեք, այլ ազատ խօսքը չարաշահելու առանձնայատուկ խնդիր։ Աւելի պատկերաւոր՝ երկու բեւեռներու արկածախնդրութեան խաղ մը իր ժխտական բոլոր հետեւանքներով։ Ո՞ւր պիտի երթանք։ Ո՞ւր պիտի հասնինք։
Հայերը ինչո՞ւ դէմ ըլլան ազատ խօսքի ու տեսակէտի արտայայտութեան, երբ իրենց մորթին վրայ ծանրօրէն զգացած են անոր ողբերգական օրինակները։ Եւ ոչ միայն հայերը, այլ՝ յոյները, պոնտոսցիները, քիւրտերը, կիպրացիները, ասորիները, լազերը, արաբները, պուլկարները, սերպերը, եւայլն։
Հայաստանը, Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը, Հայ Դատի կեդրոնական զանազան գրասենեակները, ամբողջ աշխարհի տարածքին Հայ Դատի Յանձնախումբերը, առանց նուազագոյն ընկրկումի պէտք է շարունակեն իրենց անդուլ ճիգերը այս ուղղութեամբ, ե՛ւ նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի ե՛ւ նախագահ Վլատիմիր Փութինի նախաձեռնութիւնները լաւագոյնս արդիւնաւորելու ակնկալութեամբ, որպէսզի այս հարցով ստեղծուած մեր պատմական ինքնաբնորոշումի անարդարութիւններու մարզը իր արդար հաւասարակշռութիւնները գտնէ։
Հայկական դիմադրութիւնը յստակ ու մէկին թիրախներով կ’ըլլայ, գաղափարական հարցերու հետեւողականութեան դիմագիծով կ’ըլլայ։ Լուծումներն ու յաջողութիւնները կախարդական ձեւով չեն գար։ Մենք ցոյց պէտք է տանք օտարներուն, թէ ինչո՛ւ կ’արժէ որ անոնք մեր կողքին ըլլան։
Զուիցերիան պարտական է հայութեան, պարտական է Հայաստանին։ Հիմա պատասխանատուութիւններու ժամն է։ Թուրքիոյ հանդէպ առաջին տուրք մը տրուեցաւ, բայց քաղաքական բեմին վարագոյրը դեռ չփակուեցաւ։ Ճշմարտութենէն եւ արդարէն աւելի լաւ քաղաքականութիւն չկայ. որքան շուտ հասկնանք այս իրականութիւնը, այնքան աւելի լաւ աշխարհի մը ճամբէն պիտի ուղղուինք։
Կը մնայ, որ Զուիցերիոյ դատական յանձնառութիւնը քաղաքական շարք մը պարտաւորութիւններու տակ դնէ այսօրուան Թուրքիան, երէկի ու այսօրի հաշւոյն, եւ Փերինչէքի նման յոխորտացող խեղկատակ մանկլաւիկներ անդին քշէ աշխարհի քաղաքական որակաւոր բեմերէն։
Թուրքիան ալ չկարծէ թէ Փերինչէքը իրեն յաղթանակ մը բերաւ եւ իր պատմութիւնը փոխեց ու նոր հունի մը մէջ դրաւ։ Թուրքիոյ հետ մենք ամէն օր պայքարի նոր կեանք մը պիտի ապրինք եւ ան հայութեան աքցանէն դուրս պիտի չգայ երբեք, այնքան ատեն որ պիտի շարունակէ իր վտանգաւոր խաղերը։
Համոզուած եմ, որ այս խաղերը երկար տեւողութիւն չեն կրնար ունենալ։ Վտանգը կը սպառնայ նախ եւ առաջ Թուրքիոյ։ Վտանգին հոլովոյթը նախ իր դուռը պիտի զարնէ։ Արեւմուտքը սուղ կը վճարէ արդէն իր անտարբերութիւնը։
Երկիրներու մօտ դատական որոշումներ բեկանելու քաղաքականութիւնը երկար կեանք չի կրնար ունենալ, քանի Թուրքիան բարոյական իրաւունքը չունի ժխտողականութեան հարցին գծով դերակատար ըլլալու։ Հիմա արդէն՝ քաղաքական ժամանակ որսալու դիրքին մէջ կը գտնուի։ Իսկ մեր առջեւ կը ցցուին զոյգ գրաւներ. աւելի ճիշդ՝ մէկ գրաւ երկու տարբեր երեսներով։
Սուտն ու կեղծիքը աւարտի թուական ունին. ամէն բան ալ իր գինը ունի վերջապէս։ Մեր բոլոր յոյսերը վատնած չենք։
Չմոռնանք. պատմութիւնը ետ կուգայ, որովհետեւ ժամանակաւոր կերպով միայն կրնայ շեղիլ իր թելադրանքներէն, որքան ալ ժողովուրդին հաւատքը կորսուած ըլլայ պատմութեան, քաղաքական գաղափարախօսութեան ու իր արժէքներուն հանդէպ։ Հայու պարագային՝ գաղափարները անհրաժեշտ են մեր կեանքին երթը շարունակելու համար։
Ժամանակը լաւագոյն իրաւարարը կրնայ ըլլալ իր հոլովոյթը պարտադրելու համար։
Իսկ արդարութիւնը՝ փրոթոքոլ կ’ունենայ, բայց միշտ ալ անուն չ’ունենար։ Ըսել կ’ուզեմ, մեր ուզած անունը։ Ան բռնազբօսիկ արդիւնքը կրնայ ըլլալ արկածի մը, որու հետեւանքով նոր ու աննախատեսելի արկածներ կրնան ծագիլ։ Զգուշանա՜նք եւ զգուշացնե՜նք…։
ԱԶԱՏ ՕՐ
http://www.azator.gr





