Տօնոյեան. «Անընդունելի Են Շրջանային Տագնապներուն Մէջ Նոր Պետութիւններու Ներգրաւման Փորձերը»

Տօնոյեան. «Անընդունելի Են Շրջանային Տագնապներուն Մէջ Նոր Պետութիւններու Ներգրաւման Փորձերը»

05 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Հարաւկովկասեան շրջանին մէջ վերջերս կը նկատուի հակասութիւններու սրում, ինչ որ կարգ մը երկիրներու յաւակնութիւններու ընդլայնման հետեւանք է: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին Մոսկուայի մէջ ԱՊՀ-ի, Շանհայեան համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) եւ ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու պաշտպանութեան նախարարներու միացեալ նիստի իր ելոյթին ըսած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան:

«Մեր շրջանին մէջ աշխուժօրէն զարգացող ռազմաքաղաքական իրադարձութիւնները կարելի է բնութագրել իբրեւ աշխարհաքաղաքական շահերու հակամարտութիւն, որուն առանցքային գործօնը անվտանգութեան ընդհանուր տեսլականի, ինչպէս նաեւ վտանգներու նուազեցման մեքանիզմներու բացակայութիւնն է: Շրջանային տագնապները ուժային լուծում չունին, եւ Հայաստանի համար անընդունելի է թէ՛ ռազմական հռետորաբանութիւնը, թէ՛ այդ տագնապներուն մէջ նոր պետութիւններու ներգրաւման փորձերը` հետագային շրջանին մէջ իրավիճակի սրումով», նշած է Տօնոյեան:

Նախարարը ընդգծած է, որ շրջանին մէջ ռուսական ներկայութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ ռազմաքաղաքական համագործակցութեան խորացումը կարեւորագոյն զսպող գործօն են, որոնք կը նպաստեն շրջանային կայունութեան եւ անվտանգութեան պահպանման:

Տօնոյեանի համաձայն, Հայաստանի ռազմավարական շահերու ոլորտի տիրոյթին մէջ է ո՛չ միայն կովկասեան շրջանը, այլ նաեւ ՀԱՊԿ-ի պատասխանատուութեան ամբողջ գօտին, ինչպէս նաեւ Մերձաւոր Արեւելքն ու Արեւելեան Միջերկրածովեան շրջանը: Մեկնելով անկէ` Հայաստանը շահագրգռուած է նշուած շրջաններուն մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանումով:

«Ստեղծուած պայմաններուն մէջ առանձնայատուկ կարեւորութիւն կը ստանայ բազմակողմ պաշտպանական համագործակցութեան հետագայ խորացման եւ ընդլայնման հարցը, ընդ որում, առաջին հերթին ԱՊՀ, ՇՀԿ եւ ՀԱՊԿ կազմակերպութիւններու, որոնց անդամ են մեր պետութիւնները», ընդգծած է նախարարը:

«Մեր աշխարհը աւելի փոխկապակցուած դարձած է, որեւէ անկայունութիւն այս կամ այն շրջանին մէջ յղի է բացասական հետեւանքներով ամբողջ աշխարհին մէջ: Այլ կերպ ըսած` ժամանակակից պայմաններու մէջ շրջանային անվտանգութիւնը անկարելի է ապահովել «ինքնավար ձեւով»` ընդհանուր անվտանգութեան համակարգի շրջանակներէ դուրս: Շրջանային որեւէ խնդիրի սրումը ուղղակի ձեւով կ՛ազդէ ընդհանուր միջազգային անվտանգութեան վրայ: Ատիկա կը վերաբերի ո՛չ միայն ռազմաքաղաքական հարցերուն, այլեւ համավարակին, որ, ինչպէս ցոյց տուաւ երկիրներու մեծամասնութեան փորձը, վերածուեցաւ անվտանգութեան համընդհանուր հարցի», ըսած է Տօնոյեան:

Նախարարը ընդգծած է, որ միջազգային հանրութեան գլխաւոր խնդիրը կայուն խաղաղութեան կառուցումն է, որ հիմնուած է շրջանային աշխարհաքաղաքական յաւակնութիւններ պարտադրելու միջոցով անկայունութեան նոր օճախներու ստեղծումը բացառելու վրայ:

«Մենք կը մեկնինք անկէ, որ միջազգային իրաւունքի չափանիշներու եւ սկզբունքներու` առանց շեղումներու պահպանումը առանցքային դեր կը խաղայ տագնապներու կանխման գործին մէջ: Հայաստանի Հանրապետութիւնը միշտ հանդէս եկած է միջազգային իրաւունքի եւ ազատ ընտրութեան իրաւունքի, ողջամիտ համաշխարհայնացումի եւ միջազգային անվտանգութեան ճարտարապետութեան չափանիշներու համարժէք կիրարկման օգտին:

Այդպիսով` հիմնուած ենք քաղաքականութենէ եւ առաւելապաշտական մօտեցումներէ, ինչպէս նաեւ ատելութեան հռետորաբանութենէ եւ ռազմատենչ յայտարարութիւններէ զերծ մնալու վրայ», նշած է Տօնոյեան:

aztagdaily.com/archives/482401

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail