Մայք Փոմփէօ – Ամերիկա Մտահոգ Է Արեւելեան Միջերկրականին Մէջ Թուրքիոյ Քայլերով

Մայք Փոմփէօ – Ամերիկա Մտահոգ Է Արեւելեան Միջերկրականին Մէջ Թուրքիոյ Քայլերով

15 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԸ:

ՆԻԿՈՍԻԱ, «Ռոյթըրզ»․- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ իր կիպրացի պաշտօնակիցին հետ ստորագրեց ծովային սահմաններու ապահովութեան պահպանման փոխադարձ հասկացողութեան փաստաթուղթ մը, եւ Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատեսի հետ իր հանդիպումին ընթացքին մտահոգութիւն յայտնեց արեւելեան Միջերկրականի մէջ թրքական պեղումի աշխատանքներուն նկատմամբ:

«Ամերիկա խորապէս մտահոգ է արեւելեան Միջերկրականին մէջ Թուրքիոյ քայլերով», ըսաւ Փոմփէօ՝ աւելցնելով, որ շրջանին մէջ լարուածութիւնները արեւելեան Միջերկրականի մէջ հարցերուն լուծում պիտի չբերեն:

Փոմփէօ Կիպրոս այցելեց` քննարկելու համար արեւելեան Միջերկրականին մէջ հետզհետէ աճող լարուածութեան հարցը: Ան Կիպրոս այցելութեան նախօրեակին Թուրքիոյ կոչ ուղղեց` իր ուժերը հեռացնելու արեւելեան Միջերկրականէն: Ան յայտնեց, որ Կիպրոս իր այցելութիւնը կու գայ ամբողջացնելու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` իր թուրք եւ յոյն պաշտօնակիցներուն հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները:

Մինչ այդ, Թուրքիա Կիպրոսի ծովափին մօտ երկօրեայ ռազմափորձերու ձեռնարկեց:

Western Armenia – The Ancient Armenian City of Bitlis (Baghesh in Armenian)

asbarez.com/arm/376654/Ամերիկա-Մտահոգ-Է-Արեւելեան-Միջերկրակ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail