Նախարար Մնացականեան Եւ Եգիպտոսի Նախագահը Բարձր Գնահատեցին Հայ-Եգիպտական Յարաբերութիւնները
15 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԸ:
Պաշտօնական այցելութեամբ Եգիպտոս գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան 14 սեպտեմբերին այցելեց Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիին:
Նախարար Մնացականեան խորին երախտագիտութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար` վերահաստատելով հայկական կողմին պատրաստակամութիւնը քայլերու ձեռնարկելու հայ-եգիպտական համագործակցութեան առաւել ընդլայնման եւ ամրապնդման շուրջ: Իբրեւ համագործակցութեան գերակայ ուղղութիւններ` զրուցակիցները առանձնացուցին տեղեկատուական արհեստագիտութեան, ելեկտրոնային կառավարման, դեղագործութեան, զբօսաշրջութեան եւ գիտակրթական ոլորտները:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը եւ Եգիպտոսի նախագահը բարձր գնահատեցին աւանդական բարեկամութեան եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած հայ-եգիպտական յարաբերութիւնները` արժեւորելով եգիպտահայ համայնքին կամրջող դերակատարութիւնը երկու երկիրներու եւ ժողովուրդներու միջեւ կապերու ամրապնդման մէջ: Նախարար Մնացականեան արժեւորեց Եգիպտոսի պատմական դերը եւ ներկայի փորձառութիւնը կրօնական բազմազանութեան եւ համերաշխութեան պահպանման ու ամրապնդման գործին մէջ:
Զրուցակիցները քննարկեցին շրջանային եւ միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան հարցերու լայն շրջանակ: Այս առնչութեամբ նախարարը մտահոգութիւն յայտնեց Միջին Արեւելքի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ անկայունութիւն տարածելու փորձերուն առնչութեամբ` այդ պարունակին մէջ կարեւոր նկատելով խաղաղութեան եւ անվտանգութեան պահպանման վերաբերող միջազգային համագործակցութիւնը:
Մնացականեան Թուրքիայի Գործողութիւններուն Մասին.
«Նմանօրինակ Քաղաքականութիւնը Ամենեւին Ողջունելի Չէ»
Յուլիսեան իրադարձութիւններու ժամանակ Թուրքիան միակ երկիրն էր, որ հանդէս եկաւ միակողմանի եւ շատ յարձակողական մօտեցումով` միակողմանի աջակցութիւն Ազրպէյճանին, յարձակողական մօտեցում` հասցէագրուած Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին, որ արտայայտուեցաւ թէ՛ հռետորաբանութեամբ` բոլոր մակարդակներուն վրայ, եւ թէ՛ գործողութիւններով: 13 սեպտեմբերին Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրիի հետ տուած մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին այս յայտարարութիւնը կատարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան` պատասխանելով իրեն ուղղուած հարցումին:
«Մենք ականատես կ՛ըլլանք իրենց կողմէ ռազմական կուտակման փորձերու: Մենք տեղեկութիւններ կը ստանանք օտարերկրեայ ահաբեկիչ զինեալներու` օգտագործման մասին, որոնք պիտի տեղափոխուին Ազրպէյճան կամ գուցէ արդէն իսկ տեղափոխուած են: Մենք ականատես կ՛ըլլանք մեծ ռազմական ներկայութեան, ռազմական ամրապնդման»:
Մնացականեանի համաձայն, մենք ականատես կ՛ըլլանք ազդեցութեան տարածման այս քաղաքականութեան արեւելեան Միջերկրականէն մինչեւ Հիւսիսային Ափրիկէ եւ Միջին Արեւելք, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկաս: Նմանօրինակ քաղաքականութիւն երբեք ողջունելի չէ:
Մնացականեան Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարին հակիրճ կերպով ներկայացուց ազրպէյճանական յարձակողականութեան իբրեւ հետեւանք Հայաստանի պետական սահմանին վերջին լարուածութիւնը: «Մենք հաստատակամ ենք մեր մօտեցման մէջ, որ բոլոր հակամարտութիւնները տարբեր են, եւ եթէ կայ մէկ յստակ ընդհանրութիւն, ապա դա այն է, որ որեւէ հակամարտութիւն չունի ռազմական լուծում: Հակամարտութիւններու հանգուցալուծման կարեւոր ուղիներն են բացառապէս խաղաղ երկխօսութիւնը, խաղաղ գործընթացը, բոլոր կողմերու ներգրաւումը եւ փոխզիջումներու հասնելու կարողութիւնը: Այս նպատակին հասնելու համար անհրաժեշտ են խաղաղարարներ, ովքեր ի զօրու են գծել պատերազմի տարածման կարմիր գիծը: Այս առումով Հայաստանը կ՛արժեւորէ Եգիպտոսի ամուր յանձնառութիւնը խաղաղութեանը եւ կայունութեանն ամէնուրեք, ներառեալ Լիպիոյ մէջ», եզրափակեց նախարարը:
Լեռնային Ղարաբաղի Անվտանգութիւն, Ինքնորոշման Իրաւունքի Ճանաչում.
Մնացականեան Ներկայացուցած Է Հայաստանի Գերակայութիւնները
Հայաստանի գերակայութիւնները կը վերաբերին Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան ֆիզիքական անվտանգութեան ապահովման, ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչման եւ անոր իրականացման` առանց սահմանափակումներու: Այս մասին Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրիի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է նախարար Զոհրապ Մնացականեան` պատասխանելով «Սքայ Նիուզ Արապիա»-ի լրագրողի հարցումին:
«Ինչ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին, մեր հայրենակիցներուն` Արցախի հայերուն կարեւոր գոյութենական հարցերը կը շարունակեն մնալ մեր ուշադրութեան կեդրոնը: Մեր ուշադրութիւնը եւ մեր գերակայութիւնները կը վերաբերին Լեռնային Ղարաբաղի մեր հայրենակիցներու ֆիզիքական անվտանգութեան ապահովման եւ կարգավիճակի խնդիրին` ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչման եւ անոր իրականացման` առանց սահմանափակումներու: Հանգուցալուծման առումով մեր կարեւորագոյն առաջնահերթութիւններու առանցքին մէջ կը մնայ անվտանգութիւնը», ըսած է Մնացականեան:
Նախարար Մնացականեան Հանդիպում Ունեցած Է Ազհար Մզկիթի Գերագոյն Հոգեւորականին Հետ
Նախարար Զոհրապ Մնացականեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ Ազհար մզկիթի գերագոյն հոգեւորական շէյխ Ահմետ Մոհամետ Թայիպի հետ:
Հանդիպման ընթացքին կարեւոր նկատուեցաւ հայ-եգիպտական դարաւոր բարեկամութիւնը` խարսխուած երկու ժողովուրդներուն միջեւ համերաշխութեան եւ փոխադարձ յարգանքի զգացումներուն վրայ:
«Գնահատելի է Եգիպտոսի կառավարութեան ջերմ եւ հոգատար վերաբերմունքը հայ համայնքին նկատմամբ, որուն շնորհիւ հայերը կրցան պահպանել իրենց լեզուն, մշակոյթը, կրօնը եւ ազգային ինքնութիւնը», յայտնեց նախարար Մնացականեան` աւելցնելով, որ կրօնական հանդուրժողականութեան եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութեան տեսանկիւնէն Եգիպտոսի փորձառութիւնը կրնայ լաւ օրինակ ծառայել»:
Երկուստեք մտահոգիչ նկատեցին աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ ծայրայեղական դրդապատճառներով յանցագործութիւնները եւ կրօնական հիմքի վրայ խտրականութեան դրսեւորումները եւ քաղաքական նպատակներով կրօնի շահարկումը: Այս պարունակին մէջ զրուցակիցները շեշտեցին միջկրօնական հանդուրժողականութեան եւ համերաշխ համակեցութեան կարեւորութիւնը: Նախարար Մնացականեան յայտնեց, որ Հայաստան միջազգային տարբեր ձեւաչափերով հետեւողականօրէն կ՛աշխատի կրօնական խումբերու իրաւունքներու պաշտպանութեան, կրօններու բազմազանութեան ապահովման ուղղութեամբ:
Հանդիպում` Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Առաջնորդին Հետ
Նախարար Զոհրապ Մնացականեան 13 սեպտեմբերին հանդիպում ունեցաւ Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդ, Աղեքսանդրիոյ պապ եւ Ս. Մարկոսի աթոռի պատրիարք Թէոդորոս Բ.-ի հետ:
Անդրադառնալով կրօնական-համայնքային համագործակցութեան` նախարար Մնացականեան կարեւոր նկատեց հայերու եւ ղպտիներու դարաւոր կապերու շարունակական ամրապնդումը` խարսխուած հոգեւոր արժէքներու եւ աւանդական բարեկամութեան վրայ:
Նախարար Մնացականեանն ու ղպտիական եկեղեցւոյ առաջնորդը քննարկեցին կրօնական փոքրամասնութիւններու տագնապներուն առնչուող շարք մը հարցեր` յատկապէս կարեւոր նկատելով կրօնական հանդուրժողականութիւնն ու խաղաղ գոյակցութիւնը:
Այս ծիրին մէջ զրուցակիցները ցաւով արձանագրեցին կրօնական խումբերու թիրախաւորումը ահաբեկչական եւ ծայրայեղական խումբերու կողմէ` ընդգծելով կրօնական խումբերու պաշտպանութեան անհրաժեշտութիւնը, այդ կարգին` անոնց իրաւունքներու երաշխաւորման, հոգեւոր եւ պատմական ժառանգութեան պահպանման միջոցով:
Նախարար Մնացականեան բարձր գնահատեց Եգիպտոսի իշխանութիւններուն հոգատար վերաբերմունքը հայ համայնքին հանդէպ, որ բացառիկ ներդրում ունեցած է եգիպտական պետութեան կայացման եւ զարգացման գործին մէջ:
Թէոդորոս Բ. պապը կարեւոր նկատեց երկու քոյր` Ղպտի ուղղափառ եւ Հայ առաքելական եկեղեցիներու կայուն փոխադարձ գործակցութիւնը:
Նախարար Մնացականեան Հանդիպում Ունեցած Է գիպտահայ Համայնքին Հետ
Նախարար Զոհրապ Մնացականեանի Եգիպտոս կատարած պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ, ան Գահիրէի Հայաստանի դեսպանատան մէջ հանդիպում ունեցաւ Եգիպտոսի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
Հանդիպումի ընթացքին նախարար Մնացականեան եգիպտահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ միտքեր փոխանակեց Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն, առկայ մարտահրաւէրներուն եւ անոնց հասցէագրման ուղիներուն շուրջ:
Հայաստանի եւ Եգիպտոսի միջեւ համագործակցութեան զարգացման հեռանկարներուն ծիրին մէջ նախարար Մնացականեան առանձնայատուկ ընդգծեց Եգիպտոսի հայ համայնքի կարեւոր դերակատարութիւնը երկու բարեկամ պետութիւնները եւ ժողովուրդները իրար կամրջելու գործին մէջ:
aztagdaily.com/archives/483247