Սարգիս Զէյթլեան – Բոլո՛ր ժողովուրդներու կեանքին ու պատմութեան մէջ, հայրենիքը միութեան, միաձուլման ազդակ է եւ ոչ թէ հակառակը:
Ինչո՞ւ Հայաստանը ազդակ դառնայ երկփեղկման ու տարանջատման, մանաւանդ լեզուական ու մշակութային ճակատին վրայ»:
Սարգիս Զէյթլեան (1930-1985)
«Հայ լեզուի եւ մշակոյթի միութեան ու միասնականութեան ճամբուն վրայ հիմնական կարեւորութիւն ունի աւանդական ուղղագրութեան վերականգնումը եւ բովանդակ հայ ժողովուրդը, իր բոլոր խաւերով ու հատուածներով , աւելի քան յիսուն տարիէ ի վեր կը սպասէ, որ հայրենի իշխանութիւնները անդրադառնան գործուած աղիտալի սխալին եւ օր առաջ սրբագրեն 1922-ին, զուտ կուսակցական եւ ՀԱՅՕՐԷՆ ՄԵՐԺԵԼԻ դիտումներով, ստեղծուած ու գործադրուող եւ Աբեղեանական ՅՈՐՋՈՐՋՈՒՄԸ կրող ՍԽԱԼԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ:
… Այս իրողութեան առընթեր, կարծես չէր բաւեր, որ երկու հայերէն ունէինք,_ արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն: Չէր բաւեր, որ ունէինք երկու գրականութիւն,_ արեւելահայ եւ արեւմտահայ:
Հայաստանեան ուղղագրական գրութեան հաստատումով, ունեցած եղանք նաեւ երկու ուղղագրութիւն,_ հայաստանեան եւ աւանդական:
ԱՅՍ ԵՐԿՈՒՈՒԹԻՒՆԸ ԴԷՄ Է ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՇԱՀԵՐՈՒՆ: Դէ՛մ է մէկ ու միասնական հայութեան ստեղծման: Դէ՛մ է մանաւանդ մէկ ու միասնական հայ մշակոյթի բնականոն զարգացման, հետեւաբար նաեւ հայ հոգիի միութեան կենսական սկզբունքին:
Լեզուական միութիւնը, որուն անբաժան մէկ երեսը կը կազմեն ուղղագրութեան միութիւնն ու միօրինակութիւնը, վէմը կը կազմէ ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ: Առանց լեզուական միութեան, ուշ կամ կանուխ, կը խախտի նաեւ ազգային միութիւնը իր հիմին մէջ:
Ազգերու կեանքին մէջ այս է կանոնը բնական:
Արդ, ինչո՞ւ մոռացութեան տալ բնական կանոնը եւ յամառիլ կեանքի մէջ կիրարկել արուեստական կանոնը: Ինչո՞ւ մանաւանդ այս օրինակը գայ մեզ հայրենիքէն:
Բոլո՛ր ժողովուրդներու կեանքին ու պատմութեան մէջ, հայրենիքը միութեան, միաձուլման ազդակ է եւ ոչ թէ հակառակը: Ինչո՞ւ Հայաստանը ազդակ դառնայ երկփեղկման ու տարանջատման, մանաւանդ լեզուական ու մշակութային ճակատին վրայ»:
Սարգիս Զէյթլեան
Դրօշակ, 1970 , թիւ 47:
www.facebook.com/spyurkitsayn/photos/a.2177344645866884/2539797186288293/