ԵԹԷ ՈՒՇՆ ՉԵՆՔ ՛ԺԱՄՆ Է ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՏԱՊԱՐՏՄԱՆ – Երէկ առաւոտ հայ Երուսաղէմն ապրեցաւ աննախընթաց իրադարձութիւն մը

Turkey Attempts to Take Over Armenian Properties in Jerusalem

Սերոբ Սահակեան – ԵԹԷ ՈՒՇՆ ՉԵՆՔ ՛ԺԱՄՆ Է ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՏԱՊԱՐՏՄԱՆ – Երէկ առաւոտ հայ Երուսաղէմն ապրեցաւ աննախընթաց իրադարձութիւն մը

Երէկ առաւոտ հայ Երուսաղէմն ապրեցաւ աննախընթաց իրադարձութիւն մը:

Իսրայէլեան ոստիկանական ուժեր դատական վճիռ մը ձեռին, լիազօրուած նոյնիքն հայոց պատրեարքութենէ, խուժեցին հայոց թաղի շրջապատին վանապատկան տուն մը ու դուրս դրին ողջ հայ ընտանիք մը իր ամբողջական գոյքով:

Այդ տունը իմ նկուղային յարկաբաժինն էր Կիւլպէնկեան շէնքի մէջ որն նաեւ տունն եղած էր իմ ծնողի:

Ինձ համար մի սուրբ խորան:

Տան վերացման այդ խայտառակ գործընթացն տեւեց աւելին քան երեք ժամ ու ինչքան հարազատ համայնքիս նկարագրին , մի հայու հետաքրքրութեան անգամ չարժանացաւ:

Այլ ընդհակառակն ,շատն սարսափահար վանական իշխանութեան հաւանական վրիժառութիւնից, իր քիթն անգամ իր պատուհանից դուրս չհանեց:

Շատն՛՛ մինչեւ իմ հարազատների թէ ընկերների շատն, զգուշաւոր վանական իշխանութիւնից կախեալ իրենց անմիջական շահերին, ոչ տարբեր տարիներու իրենց սովորութեան, նախընտրեցին պատկերից դուրս մնալ:

Իսկ շատն՛՛ շատն ընդհանրապէս , այլեւս յուսախաբ համայնքային կեանքի ընթացքից, յուսախաբ նոյն աթոռի՛ հանդէպ իր համայնքին անտարբեր ու անպատասխանատու դրսեւորումներից, ոչ տարբէր միւսներից, նախընտրեց իր «օրհնեալ» հեռաւորութիւնը պահել:

Վերջապէս ձայնս որն կը մերժէ օտարի ներգրաւուածութիւնը հայուն վերաբերող հարցերին:

Ձայնս որ կը մերժէ որեւէ ներքին որեւէ հարցի, իսրայէլեան դատի դատարանի ներգրաւուածութիւն:

Ձայնս որ կը մերժէ ընդհանրապէս իսրայէլեան ներգրաւուածութիւնը մեր յատկապէս համայնքային կեանքին, շատ իմաստով յանձինս պատերաքութեանս զսպուեցաւ՛ խեղդուեցաւ :

Այսուհանդերձ, անկախ սա հարցի գծով իմ անմիջական ներգրաւուածութեան:

Անկախ ընդհանրապէս Աթոռի հետ իմ ունեցած հարցին թէ հարցերին:

Անկախ ընդհանրապէս այն զզուանքից որն ունիմ հանդէպ իմ աթոռի ապաշնորհ աւագանիի դրսեւորումներին:

Պիտի պահանջէի արար հայութեան, այս իրադարձութեան դատապարտումը:

Պիտի պահանջէի ինքնին Աթոռի թէ աթոռակալների դատապարտումը:

Պիտի պահանջէի ինքնին աթոռին դատապարտումը՛՛ իր կողմից հանդէպ իր զաւակների անվայէլ վերաբերման գծով:

Պիտի պահանջէի, քանզի պիտի չուզէի որ Աթոռն այնպիսին համոզում ունենայ թէ սա ձեւ է իր տարտղնուած գաղութի հետ վերաբերելու:

Պիտի պահանջէի, քանզի պիտի չուզէի որ Աթոռն համարձակի իր որեւէ այլ զաւկի նկատմամբ այսպիսին վերաբերիլ ու լուռ անցնիլ:

Վերջապէս պիտի պահանջէի որ Աստուած մի առասցէ, իսրայէլեան ոստիկանութիւնը այդպիսին համոզում չունենայ, որ կարելին է հայու տունը խուժել, «փըրթըն» դուրս նետել ու ոչ մի հայ շունչի ձայնը լսել:

ՈՒ այօ պիտի պահանջէի , որպէսզի չկրկնուին վերոյշեալ տեսարաններն, ուր մէկի ընթացքին իսրայէլեան ոստիկան կը ոտնակոխէ հայուն տունը, իսկ միւսի մէջ քաղաքապետարանը կը զաւթէ հայուն երեք հեքթար հողն ու կարժանանայ նոյն Աթոռի կալուածոց տեսչի, տխրահրչակ Պարէտ վարդապետի ու ցաւ ի սիրտ, Նուրհան անուն պատրեարքի լիաթոք խնդուածքին:

ՎԱՅ ՄԵԶ ՈՒ ԱՄՕԹ ՄԵԶ:

Սերոբ Սահակեան

www.facebook.com/photo?fbid=2259922947487003&set=pcb.2259954407483857

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail