ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ – Լեզուական Զրոյցներ(1) Բառի Մը Ծնունդը – Լեզուական Զրոյցներ(1) Բառի Մը Ծնունդը

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ – Լեզուական Զրոյցներ(1) Բառի Մը Ծնունդը – Լեզուական Զրոյցներ(1) Բառի Մը Ծնունդը

17 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2020 – ՄՇԱԿՈՅԹ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Ձեզմէ շատերուն կը պատահի, որ իրենց տնտնացող դպրոցականին թելադրեն՝  «աճապարէ՛, bus-ը  հասնելիք է»: Ուրիշներ իրենց կարգին եւ այլազան առիթներով օգտագործած են այս նոյն բառը, որ մասնաւորաբար սփիւռքի մէջ եւ արեւմտահայերուս (արդէն երբէն ի վեր նաեւ՝  սփիւռքացած արեւելահայերու) բառամաթերքին անքակտելի մասը կը կազմէ…իրերու տրամաբանական բերումով: Երբ գրեթէ ամբողջ եւրոպան ու Ամերիկան ալ հետը որդեգրած են  այս բառը, մեզի համար դժուար պտի ըլլար  մերժել զայն, մանաւանդ որ այնքան ալ կարճ ու կոկիկ է, մարգրիտի կը նմանի, առնես ականջիդ կախես՝ շատ չէ:

Հարցում մը…

Ձեզմէ որեւէ մէկը մտածա՞ծ է երբեւիցէ bus-ի ծագումին մասին՝ անդրադառնալու համար, թէ օտարները որքան դիւրին բառ կը հնարեն, եւ մենք որքա՜ն դիւրին կ’որդեգրենք օտարին  հնարածը, մինչ այնքան դժուարահաճ ենք սեփական լեզուի հնարքներուն հանդէպ:

Ուրեմն անցնինք գործի:

*    *   *

Առաջին լիարժէք ինքնաշարժները սկսան կառուցուիլ 19-րդ դարու վերջին քառորդին, այդ թուականներուն ալ կը պարտինք ինքնաշարժ եզրը՝ իբրեւ «ինքնիրեն շարժող» (automobile)`հակադրելով զայն հազարամեակներէ ի վեր գոյութիւն ունեցող կառքի ա՛յն տեսակին, որ «կը քաշուէր, կը շարժէր գրաստով մը»:

Առաջին  ինքնաշարժը յղացուած էր իբրեւ անձնական՝ անհատական  փոխադրամիջոց, ուրեմն օժտուած էր միայն մէկ աթոռով, եւ  հեռու էր  առեւտրական  կամ հասութաբեր նպատակներէ. մենակառքեր էին այսպիսիները:  Սակայն շատ շուտով  սկսան զարգանալ կառքի այն տեսակները, որոնք պիտի ծառայէին  իբրեւ հանրային փոխադրամիջոց եւ որոնք առ այդ օժտուած էին մէկէ աւելի աթոռներով  եւ համապատասխան ծաւալով: Այս վերջինները ահա կոչուեցան սկզբնապէս  currus omnibus, որ կը նշանակէ «ամէնուն (հանուրին ծառայող) կառք»:

Ծանօթ.– Առաջին կառքը օժտուած էր, խորքին մէջ,  նուազագոյնը երկու աթոռով. մէկը կը պատկանէր  տիրոջ, որ նաեւ կառքը վարողն էր,  իսկ միւսը վերապահուած էր  chauffeur-ին,  որ կը թարգմանուի տաքցնողջեռուցող: Ի՞նչ հասկնալ այս եզրով.  արդ, այդ ինքնաշարժները կը շարժէին, կը յառաջանային ճիշդ շոգեկառքի սկզբունքով. այսինքն՝ ունէին հնոց մը, որ կը ծառայէր տաքցնելու ջուրը, որուն արտադրած շոգիին ճնշումով պիտի դառնային ինքնաշարժին սռնակները, ուրեմն՝ անիւները, ճիշդ ու ճիշդ շոգեկառքի սկզբունքով:  Արդ, տուեալ  հնոցը վառ պահելու համար պէտք էր ջեռուցող պաշտօնեայ  մը՝ chauffeur մը , որ կը գրաւէր երկրորդ աթոռը: Անշուշտ  աւելորդ է ըսել, որ ամէն ինքնաշարժ իր հետ կը կրէր վառելանիւթի տեսակներու՝  փայտի, ածուխի  եւ այլնի պատկառելի պաշար մը:  Դարուն վերջը արդէն հնոցը փոխարինուած էր  քարիւղով, եւ նոր ինքնաշարժները այլեւս պէտք չունէին  chauffeur-ի. բայց ահա  լեզուական տնտեսումի  անծանօթ ու դժուար բացատրելի խաղով մը  այդ եզրը մնաց՝ բնորոշելու համար  ղեկը իր ձեռքին մէջ ունեցողը, այլ խօսքով՝ վառորդը  դարձաւ վարորդ:

Այս բառակապակցութիւնը կամաց-կամաց կորսնցուց իր առաջին բաղադրիչը, ինչպէս շատ կը պատահի լեզուներու մէջ, եւ  անդին մնաց  omnibus-ը, որ արդէն առանձին  կը բնորոշէր  «հանուրին ծառայող կառքը»:

Չմոռնանք՝ omnibus  բառացի կը նշանակէ ամէնուն, հանուրին. ան տրական հոլովն է լատիներէն omnia բառին, որ կը նշանակէ ամէն, հանուր: Եւ ուրեմն եւրոպացին «ամէնուն»   կամ «հանուրին»  կ’ըսէր ու կը հասկնար  «հանուրին  ծառայող կառքը»: Եւ բառս շատ դիւրաւ որդեգրուեցաւ բազմաթիւ  ժողովուրդներէ եւ  լեզուներէ: Կարիք չկայ մանրամասնելու, բոլորիդ ծանօթ իրողութիւն է:

Սակայն մարդկային միտքը շարունակեց իր գործը…

Omnibus-ը իր կարգին թլփատուեցաւ ու անկէ մնաց bus-ը:

Որը ոչ աւելի, ոչ պակաս՝ հոլովական մասնիկ մըն է, բոլորովին համարժէք մեր ամէն-ուն կամ ամէն-ին, այսինքն՝ ուն կամ ին, այլ խօսքով՝ ըստ ինքեան բոլորովին անիմաստ հնչիւնախումբ մը:

Ուրեմն՝

omnia  –  ամէն

օmni+bus –  ամէն+ուն

 bus  –  ուն

Ձեր մտքէն պիտի անցնէ՞ր օր մ’օրանց  ձեր ուշացող զաւակին հայերէն ըսել. «Աճապարէ, ուն-ը պիտի հասնի»,– անշուշտ ո՛չ: Բայց ահա ճիշդ ա՛յդ է որ կ’ընէ եւրոպացին եւ անոր հետ ալ կարգ մը հայ ծնողներ, երբ  կ’ըսեն՝ «bus-ը պիտի հասնի»:

Միւս կողմէ՝ automobile-ը իր կարգին կրճատուելով տուած է  auto, որ կը նշանակէ պարզապէս ինք (ինքն-ինքնա): Սա իր կարգին անիմաստ հնչիւնախումբ  մըն է ամէն դերանունի պէս, որ այնքան ալ անծանօթ չէ հայու բերանին:

Ուրեմն՝ այսօր մեծաթիւ ժողովուրդներ ինուն, ինք  կ’ըսեն ու կը հասկնան կառքի այլազան տեսակներ, որոնց  անունին մէջ ոչ կուտ, ոչ կորկոտ  եւ  ոչ մէկ շօշափելի հասկացութիւն բնորոշող արմատ գոյութիւն ունի:

Եւ կը գոհանան ատով,  կը գուրգուրան  անոնց վրայ:

*   *   *

Ինքնաշարժի ճարտարարուեստն ու մշակոյթը  արեւմտահայերէնին տուին հետեւեալ բառերը՝ հանրակառք, ամենակառք, վարձակառք,  հանրաշարժ, ամենաշարժ, ինքնաշարժ, որոնց մէջ ոչ մէկ օտարաբանութիւն կայ. բոլոր բաղադրիչները  դասական մաքուր հայերէն են: Այս  տարբեր եզրերը, որոնց բոլորն  ալ գերազանցօրէն  յաջող յղացուած ու յաջող ալ կազմուած են,  յառաջացած են երբեմն  իրարմէ հեռու, տարբերն գաղութներու մէջ ապրող հայերու կողմէ, որոնք չեն յաջողիր  միշտ   լեզուական, ուրեմն նաեւ՝ եզրային, միութիւն մը ստեղծել:

Սփիւռքացած ժողովուրդներու ցաւն  է այս:

Ծանօթ.– Լիբանանահայերս  հանրակառք եզրով կը բնորոշէինք կառքի այն տեսակը, որ ելեկտրականութեամբ կը  շարժէր՝ երկաթուղիներու վրայէն: Տեղացիները զայն tramway կը կոչէին եւրոպացիներու հետեւողութեամբ, որոնք  այդ փոխադրամիջոցը այստեղ հաստատած էին  1908-ին: Մեծ էր թիւը նաեւ հայերու, որոնք նոյնպէս կ’արտասանէին:  Այդ ելեկտրաքարշները  անհետացան  անցած դարու 60-ին: Հանրակառք բառն ալ ինքնաբերաբար  լռեց լիբանանահայերու բերնին մէջ: Փոխարէնը յառաջացաւ հանրաշարժ  եզրը՝ բնորոշելու համար  ոչ-ելեկտրաքարշ կառքերու  նորագոյն տեսակները: Սակայն այլ գաղութներու մէջ հանրակառք   եզրը մինչեւ այսօր կը շարունակէ կիրարկուիլ. ա՛լ չեմ գիտեր,  թէ կառքի  ո՞ր տարբերակը կը բնորոշէ  ան տուեալ գաղութին մէջ:

Արեւմտահայերէնի վերը  նշուած եզրերուն փոխարէն՝ արեւելահայերը  հնարեցին  աւտո, աւտոպուս, աւտոմոբիլ, աւտոմեքենայ, օմնիբուս, տրամվայ, տաքսի եւ  տեղին համեմատ՝ մաշին   եզրերը, որոնց ոչ մէկուն մէջ հայերէնի յետին նշոյլը գոյութիւն չունի:

Ծանօթ.– Արեւելահայերէնը ունի  ինքնաշարժ բառը, որ ածական մըն է եւ կը նշանակէ պարզապէս ինքնիրեն շարժող՝ որեւէ բան. «Ինքն իրան շարժող, ինքն իրանից շարժվող եւ ոչ թէ արտաքուստ  ազդող զօրութեամբ» (Մալխասեանց): Իսկ երբ կ’ակնարկուի  կառքին՝ աւտոմեքենայ է ան կամ աւտոմոբիլ:

Ինչպէս կը տեսնենք, նոյն ոգին ու մօտեցումն է, այն, որ կը նախընտրէ  աթոռ (banca, banco, bank, banque) ըսել դրամատուն-ի փոխարէն եւ սնտուկ (tank) ըսել հրասայլ-ի փոխարէն,  եւ ըսել օտա՛ր լեզուով: Այլ խօսքով՝ մեր բառակերտական սկզբունքները  կ’ընթանան իբրեւ երկու զուգահեռներ, որոնց  հանդիպումը ինչ-որ կէտի մը վրայ…բոլորովին թէական ըլլալ կը թուի…

Աստուած վերջը բարին ընէ:

Որովհետեւ Աստուծոյ մնացած բան մըն է այս, քանի հայը ինք չ’ուզեր տէր ըլլալ իր սեփական լեզուին:

armenag@gmail.com

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

Yerakouyn.com/2020/09/17/լեզուական-զրոյցներ1-բառի-մը-ծնունդը/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail