Եւրոպական Յանձնաժողովի Նախագահը Թուրքիան Կը Զգուշացնէ «Իր Դրացիները Ահաբեկելէ»

Եւրոպական Յանձնաժողովի Նախագահը Թուրքիան Կը Զգուշացնէ «Իր Դրացիները Ահաբեկելէ»

17 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԸ:

Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Վոն տեր Լէյըն Թուրքիան զգուշացուց բնական կազի աղբիւրներու շուրջ տագնապի ծիրին մէջ իր դրացիները «ահաբեկելէ»:

Վոն տեր Լէյըն Եւրոպական խորհրդարանին առջեւ Եւրոպական Միութեան կացութեան վերաբերեալ իր տարեկան խօսքին մէջ վերահաստատեց Եւրոպական Միութեան ամբողջական զօրակցութիւնը Յունաստանին ու Կիպրոսին` արեւելեան Միջերկրականի մէջ Թուրքիոյ հետ իրենց տարակարծութեան մէջ:

Ան նշեց, որ Թուրքիան գաղթականները հիւրընկալելու համար դրամական մեծ օժանդակութիւններ կը ստանայ:

«Թուրքիան կարեւոր դրացի է եւ այդպէս պիտի մնայ, սակայն հակառակ աշխարհագրականօրէն մօտիկ ըլլալուն, մեզ բաժնող հեռաւորութիւնը կը թուի, թէ կը շարունակէ մեծնալ», ըսաւ ան:

«Այո՛, Թուրքիան կը գտնուի շրջանի մը մէջ, ուր վերիվայրումներ կան: Այո՛, ան միլիոնաւոր գաղթականներ կը հիւրընկալէ, եւ մենք զանոնք հիւրընկալելու համար դրամական մեծ օժանդակութիւն կը յատկացնենք, սակայն ոչինչ կ՛արդարացնէ իր դրացիները ահաբեկելու փորձերը», ըսաւ Վոն տեր Լէյըն:

«(Եւրոպական Միութեան) անդամ երկու պետութիւններ Կիպրոսն ու Յունաստանը կրնան Եւրոպայի ամբողջական զօրակցութեան վստահիլ` պաշտպանելու համար իրենց գերիշխանական օրինական իրաւունքները», յայտարարեց Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահը:

«Արեւելեան Միջերկրականի մէջ այս լարուածութեան մեղմացումը փոխադարձ շահ է: Եւ ուղին, զոր պէտք է անցնիլ, մէկ է, եւ կը պահանջէ ետ կանգնիլ միակողմանի քայլերէ եւ բարի կամեցողութեամբ վերսկսիլ բանակցութիւնները, որովհետեւ այդ է կայունութեան եւ մնայուն լուծումներու առաջնորդող ուղին», նշեց ան:

Western Armenia – The Ancient Armenian City of Bitlis (Baghesh in Armenian)

aztagdaily.com/archives/483517

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail