Էլիզապեթ Բ. Թագուհին 2021 Թուականին Պիտի Դադրի Պարպատոսի Ղեկավարը Ըլլալէ

Էլիզապեթ Բ. Թագուհին 2021 Թուականին Պիտի Դադրի Պարպատոսի Ղեկավարը Ըլլալէ

17 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Բրիտանիոյ Էլիզապեթ Բ. թագուհին պիտի դադրի ղեկավարելէ Պարպատոս կղզին. 2021 թուականին կղզին պաշտօնապէս հանրապետութիւն պիտի դառնայ: «Պարպատոս Թուտէյ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Պարպատոսի ընդհանուր նահանգապետ Սանտրա Մէյսըն` տեղական խորհրդարանի աշնանային նստաշրջանի բացման ընթացքին:

Այս առնչութեամբ Մէյսըն` մասնաւորաբար նշած է. «Եկած է ժամանակը ամբողջութեամբ ետին ձգելու մեր գաղութային անցեալը: Պարպատոսի բնակիչներուն պետութեան սեփական ղեկավար պէտք է: Պարպատոսը պիտի կատարէ լիակատար գերիշխանութեան տանող յաջորդ տրամաբանական քայլը եւ հանրապետութիւն պիտի դառնայ մեր անկախութեան 55-ամեակին»:

Յիշեցնենք, որ Քարայիպեան այս երկիրը անկախութիւն ստացած է 1966 թուականին: Անիկա պետութիւն է Բրիտանիոյ ղեկավարած Համագործակցութեան կազմին մէջ:

Պետութեան ղեկավարը Բրիտանիոյ թագուհին է, որուն ներկայացուցիչն է ընդհանուր նահանգապետը:

Western Armenia – The Ancient Armenian City of Bitlis (Baghesh in Armenian)

aztagdaily.com/archives/483529

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail