Թուրքիա Կոչ Կ՛ուղղէ Հայաստանին` «Անմիջապէս Հեռանալու Ազրպէյճանի Բռնագրաւեալ Հողերէն»
19 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:
Թուրքիա կոչ ուղղած է Հայաստանին` յարգելու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ու ԵԱՀԿ-ի որոշումները եւ անմիջապէս հեռանալու «իր բռնագրաւած ազրպէյճանական հողերէն»: Թրքական պետական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան արաբերէն ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին չորեքշաբթի օր «Աշխարհաքաղաքական շրջանային բեւեռացումն ու թուրք-ազրպէյճանական յարաբերութիւնները» խորագիրով առցանց դասախօսութեան մը ընթացքին յայտնած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Եաւուզ Սալիմ Քըրան:
«Հայաստանի նախայարձակ քաղաքականութիւնները մեծագոյն արգելքը կը նկատուին տարածաշրջանին մէջ կայունութեան», նշած է Քըրան:
«Թուրքիան աջակցութիւն կը տրամադրէ` Հայաստանի կողմէ ազրպէյճանական Ղարաբաղ շրջանի բռնագրաւումի հարցը խաղաղ ճամբով, միջազգային օրէնքի եւ Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան հիմամբ լուծելու համար», յայտնած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը` աւելցնելով. «Հայաստանը պէտք է յարգէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ու ԵԱՀԿ-ի որոշումները եւ անմիջապէս հեռանայ ազրպէյճանական բռնագրաւեալ հողերէն»:
aztagdaily.com/archives/483591