Նախագահ Յարութիւնեան Ընդունած Է Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Պատուիրակութիւնը

Նախագահ Յարութիւնեան Ընդունած Է Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Պատուիրակութիւնը

19 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան ընդհանուր վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 18 սեպտեմբերին ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան պատուիրակութիւնը` ընդհանուր քարտուղար Վահագն Մելիքեանի գլխաւորութեամբ:

Հանդիպումին, որուն կը մասնակցէր Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան, քննարկուած է արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ:

Նախագահ Յարութիւնեան կարեւոր նկատած է գործընկեր կառոյցներու սերտ եւ փոխհամակարգուած աշխատանքը` ընդգծելով ընդհանուր մարտահրաւէրները դիմակայելու գործին մէջ միասնական եւ ներդաշնակ արտաքին քաղաքականութեան իրականացման անհրաժեշտութիւնը:

Իր կարգին, Վահագն Մելիքեան շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահին ջերմ ընդունելութեան համար` համոզում յայտնելով, որ Արցախի գործընկերներուն հետ գործող ձեւաչափով կազմակերպուող հանդիպումներն ու քննարկումները պիտի նպաստեն հայկական երկու հանրապետութիւններու արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ փորձի փոխանակման եւ համագործակցութեան ամրապնդման:

aztagdaily.com/archives/483716

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail