Նաղդալեան. «Ազրպէյճան Պէտք Է Պատրաստուի Խաղաղ Միջոցներով Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման»
21 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:
Ազրպէյճանի նախագահի` «Աբշերոն» հանքավայրին մէջ ծովային գործողութիւններու հիմնարկէքի արարողութեան ժամանակ կատարած յայտարարութիւնները խորապէս հիասթափեցնող են: Անոնք ցոյց կու տան դրացի երկրի ղեկավարի անկարողութիւնը` սթափ եւ առանց ցաւագին յոյզերու ընկալելու ստեղծուած իրականութիւնը եւ իր սեփական դերակատարութիւնը ունենալու այդ իրականութեան ձեւաւորման մէջ: Այս մասին նշած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեան:
«Նմանօրինակ հռետորաբանութիւն, ուր առկայ են բացայայտ անհիմն եւ սուտ պնդումներ, պատիւ չի բերեր որեւէ երկրի ղեկավարի:
«Մենք կը գիտակցինք, թէ Ազրպէյճանի կողմէ ապրիլ 2016-ին եւ յուլիս 2020-ին ձեռնարկուած յարձակումներուն իբրեւ հետեւանք խաղաղ գործընթացին վնաս հասաւ: Որպէսզի այդ վնասները չդառնան անդառնալի, Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը պէտք է վերանայի ուժի կիրարկումի եւ ուժի սպառնալիքի իր քաղաքականութիւնը, հրաժարի արտաշրջանային ուժերու ներգրաւումով Հարաւային Կովկասի շրջանային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ապակայունացման փորձերէ եւ պատրաստուի խաղաղ միջոցներով տագնապի լուծման:
«Հայաստան վստահ է իր կարողութիւններէն` պաշտպանելու Արցախի ժողովուրդին` ինքնորոշման եւ պատմական հայրենիքի մէջ ապրելու իրաւունքը, եւ այդ վստահութեամբ վերստին կ՛ընդգծենք, որ տագնապի խաղաղ լուծումը այլընտրանք չունի», շեշտած է Նաղդալեան:
aztagdaily.com/archives/483845