Ինքնիշխան ու Ազատ Պետութիւնը Հայ Ժողովուրդի Ազգային Օրակարգի Առանցքին Է. ՀՀ Վարչապետի Ուղերձը

ԲԱՐԻ ԳԱԼՈՒՍՏ ԽՈՅԻ(ՀԱՅԻ) ԴԱՐԱՇՐՋԱՆԻՆ, ՈՐԸ ՊԻՏԻ ՋՆՋԻ ՁԿԱՆ ԹՈՂԱԾ ԱՐՀԱՎԻՐՔԸ, ՈՐԸ ԳԼԽԻՑ ԱՐԴԵՆ ՀՈՏԱԾ ԷՐ...

Ինքնիշխան ու Ազատ Պետութիւնը Հայ Ժողովուրդի Ազգային Օրակարգի Առանցքին Է. ՀՀ Վարչապետի Ուղերձը

21 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Հայաստանի անկախութեան 29-րդ տարեդարձին առիթով:

ՀՀ վարչապետի ուղերձը ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը ներկայացնէ արեւմտահայերէնով.

«Սիրելի ժողովուրդ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան հպարտ քաղաքացիներ,

Արցախի Հանրապետութեան հպարտ քաղաքացիներ,

Սփիւռքի հպարտ հայութիւն, կը շնորհաւորեմ բոլորս՝ Հայաստանի Անկախութեան տօնին առիթով։

29 տարի առաջ այս օրը տեղի ունեցած հանրաքուէով մեր ժողովուրդը միահամուռ ամրագրեց Հայաստանի անկախութիւնը։ 1991 թուականի Սեպտեմբեր 21-ի հանրաքուէն մեր ժողովուրդի պատմութեան ամենակարեւոր իրադարձութիւններէն է, որուն սկիզբը դրուած էր դեռ 1988 թուականին՝ Արցախեան շարժումով։

Հանրաքուէին արդիւնքները ողջ աշխարհին ազդարարեցին հայ ժողովուրդի ազատատենչ կամքը՝ ունենալու անկախ ու ժողովրդավար պետութիւն։

Անցած 29 տարիներուն ընթացքին մենք միասին բախած ենք բազմաթիւ փորձութիւններու՝ պատերազմ, ընկերային-տնտեսական բարդութիւններ, արտագաղթ, կեղծուած ընտրութիւններ, Հոկտեմբեր 27, քաղաքական բռնաճնշումներ, Մարտ 1, ճգնաժամային իրավիճակներ ու յուսալքութիւն։

Բոլոր այս դժուարութիւնները, սակայն, չէին կրնար կոտրել հայ ժողովուրդը։ 2018 թուականի Ոչ բռնի, թաւշեայ, ժողովրդական յեղափոխութիւնը պետական լաւատեսութեան, քաղաքացիական վճռականութեան պերճախօս արտայայտութիւն դարձաւ, որմով ապացուցուեցաւ որ ինքնիշխան, ազատ, հզօր ու երջանիկ պետութիւն ունենալու հայ ժողովուրդի կամքը ուժեղ է, քան երբեւէ: Ինքնիշխան ու ազատ պետութիւնը, այդ պետութեան յաւիտենականութիւնը հայ ժողովուրդի ազգային օրակարգի առանցքին է ահա, եւ մեր բոլոր ուժերը պիտի կեդրոնացնենք այս օրակարգի ամենօրեայ սպասարկման վրայ:

Սիրելի հայրենակիցներ,

Այսօր կը հրապարակեմ Հայաստանի՝ մինչեւ 2050թ. վերափոխման ռազմավարութիւնը, որ ոչ թէ կարծրացած փաստաթուղթ մըն է, այլ 2050 թուականի Հայաստանի Հանրապետութեան մասին մեր պատկերացումները, նպատակները, այդ նպատակներուն հասնելու ուղիները քննարկելու, ճշգրտելու, իրագործման վերաբերեալ որոշումներ կայացնելու եւ իրագործման ընթացքը վերահսկելու մեքենականութիւն։

Կը հաւատամ, որ ասով մեր պետական կեանքի նոր փուլ կը թեւակոխենք, երբ պետութիւնը կը կառավարենք ռազմավարական տրամաբանութեամբ, երբ այսօր կայացուած ամէն որոշում ունի ոչ միայն ընթացիկ, այլեւ 10, 20, 30 տարուայ ռազմավարական թիրախներ եւ նպատակներ:

Ասիկա մեքենականութիւն մըն է, որ ապագայի մասին քննարկումները, ապագայի ծրագրաւորումն ու կառուցումը պիտի դարձնէ մեր ամենօրեայ աշխատանքի անբաժանելի մաս:

1991 թուականին մենք չէինք գիտեր, թէ ինչպիսին պիտի ըլլայ 2020 թուականի Հայաստանը, ու բազմաթիւ առարկայական հանգամանքներու բերումով ժամանակ չտրամադրեցինք այսօրուան մասին մեր պատկերացումները ձեւակերպելու եւ անոնց իրագործումը ամենօրեայ ընելիք դարձնելու վրայ:

Բայց ժամանակը մեզի անխուսափելիօրէն կը կանգնեցնէ նման խնդիրի առջեւ: Մենք չենք կրնար սպասել 2050 կամ 2100 թուականի գալուն, տեսնելու համար, թէ ինչպիսին դարձած է Հայաստանը: Մենք պիտի ծրագրաւորենք այդ Հայաստանը, գծագրենք ու կառուցենք զայն այսօրուընէ: Ըստ այդմ՝ օրուան բազմաթիւ ու բազմապիսի հարցերու երբեմն յուսահատեցնող ու շփոթեցնեղ հեղեղէն պէտք է առաջնահերթութիւն տանք անոնց, որոնք մեզի կը կապեն 2050, 2100 թուականի Հայաստանին հետ:

Անկախութեան 100-ամեակը նշող Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին պիտի տեսնէ, որ մենք մտածած ենք ոչ միայն մեր, այլեւ իր մասին, պիտի զգայ մեր գորովանքն ու պատասխանատւութիւնը Հայաստանի ապագային, այսինքն՝ իր ներկային նկատմամբ, այդ օրուան մասին մեր այսօրուան երազանքները պիտի տեսնէ իրագործուած:

Համոզուած եմ՝ մենք ունինք բաւարար կամք, հմտութիւն, միասնութիւն ու իմաստնութիւն մեր ամենօրեայ օրակարգը այսպիսի աշխատանքով լեցնելու եւ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի յաւիտենութեան համար անսասան տարրական պայմաններ ապահովելու համար:

Ասիկա մեր սերունդի առանցքային առաքելութիւնն է, եւ այդ առաքելութիւնը պիտի իրագործելնք միասին:

Եւ ուրեմն,

Կեցցէ՛ Ազատութիւնը,

Կեցցէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւնը,

Կեցցե՛նք մենք եւ մեր երեխաները, որ կ՝ապրինք ու պիտի ապրինք Ազատ եւ Երջանիկ Հայաստանի մէջ»:

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան

yerakouyn.com/2020/09/21/ինքնիշխան-ու-ազատ-պետութիւնը-հայ-ժողո/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail