Արցախի Ազգային Ժողովի Նստավայրը Ստեփանակերտէն Պիտի Տեղափոխուի Շուշի
22 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2020 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
9 Մայիս 2022-ին, բերդաքաղաքի ազատագրութեան 30-ամեակին առիթով, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նստավայրը մայրաքաղաք Ստեփանակերտէն պիտի տեղափոխուի Շուշի:Այս մասին Դիմատետրի իր էջին վրայյ գրած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան:
«Ուրախ եմ, որ խորհրդարանի ամպիոնէն շաբաթներ առաջ ներկայացուցած առաջարկիս ի պատասխան արդէն ստացած եմ «Ազատ հայրենիք-ՔՄԴ» եւ «Արդարութիւն» խմբակցութիւններու դրական արձագանգը: Կը կարծեմ` Ազգային ժողովի միւս խմբակցութիւնները եւս պիտի միանան իրենց գործընկերներու դիրքորոշումին:
Շուշի կատարած աշխատանքային այցելութեանս ընթացքին քննարկած ենք ժամանակին դատական ատեանի համար սկսած եւ կիսատ մնացած շէնքի խորհրդարանին յատկացման կարելիութիւնը: Անոր շինարարական աշխատանքները, յանձնարարականիս համաձայն, պիտի վերսկսին շուտով:
Կը կարծեմ` որոշումը ունի ինչպէս քաղաքական ու կիրառական, այնպէս ալ մեր պատմական ու յաղթական քաղաքը վերարժեւորելու խորհրդանշական նշանակութիւն»,- նշած է Արայիկ Յարութիւնեան:
Yerakouyn.com/2020/09/22/արցախի-ազգային-ժողովի-նստավայրը-ստեփ/