ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ – Թրամփի Կողմնակից Սեւամորթ Ամերիկացիներու Խումբի Վիճայարոյց Կապերը Թուրքիոյ Հետ (Մաս 1)
18 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2020 – ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՆԵՐՔԻՆ ԵՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
«2018ին Թրամփի կողմնակից պաշտօնեաները «Քաղաքներու Վերածնունդի Դաշինք» (URC) անունով ոչ-շահութաբեր վիճայարոյց կազմակերպութենէն, որ վերջերս կորսնցուցած էր հարկերէ ազատ ըլլալու բարեսիրական կազմակերպութեան կարգավիճակը եւ այս տարուան սկիզբը յայտնուած թերթերու վերնագիրներուն՝ սեւամորթ ընտրողներուն կասկածելի կանխիկ գումարներ բաժնելուն համար, նպաստած են ոչ-պաշտօնական օտարերկրեայ ազդեցութեան քարոզարշաւին Թուրքիոյ ազդեցիկ մարդոց անունով», կը հաղորդէ Salon.com-ը՝ աւելցնելով. «URCի պաշտօնեաներ Տերըլ Սքաթ եւ Քարիմ Լենիըր, երկուքն ալ Թրամփի նշանաւոր աջակիցները սեւամորթներու համայնքին մէջ, ըստ բազմաթիւ աղբիւրներու, կազմակերպութիւնը օգտագործած են իբրեւ միջոց «նուիրատուութիւններ հաւաքելու համար», նաեւ՝ Թուրքիոյ հարուստ քաղաքացիներէն։
Այս միջնորդութիւններէն մէկ քանին յաջողած են՝ նախկին MAGA (Make America Great Again) համաշխարհային աստղ (թուրք գրող) Ռապիա Քազանի միջոցով: Սքաթի եւ Լենիըրի գործընկեր Պրիւս Լեւել, Թրամփի աջակից, Քոնկրեսի նախկին թեկնածու եւ փոքր առեւտրական ընկերութիւններու փաստաբան… իբր թէ կանխիկ դրամ կորզած է Քազանէն, այնուհետեւ խնդրած է անկէ՝ ոչնչացնել գրառումները Թրամփի նախկին փաստաբան Մայքըլ Քոհընի տան եւ գրասենեակին, կառավարութեան ստուգման այցելութիւններու հաղորդումներէն ետք»:
Սեւամորթ ամերիկացիներու այս ջանքերը նպատակ ունէին ձեւաւորել ամերիկեան քաղաքականութիւն՝ ակնկալելով Միացեալ Նահանգներու մէջ մեծ ներդրում թուրք գործարարներու կողմէ: Ըստ Salon.comի՝ «ստորեւ մանրամասնօրէն նկարագրուած այս գործողութիւններէն քանի մը հատը իրաւական լուրջ հարցեր կը յառաջացնեն, ինչպէս՝ հարկերը կարգաւորող կանոններու խախտումներ եւ լոպիական օրէնսդրութիւնը»:
Իրաւաբանները եւ URC-ին ծանօթ մարդիկ Salon-ին յայտնած են, որ նկատի ունենալով այդ գործունէութիւնը, կազմակերպութիւնը, կարծես, իրականացուցած է կեղծ լոպիական եւ դրամահաւաք գործողութիւն, եւ իբրեւ միջնորդ հաղորդակցած է թէ՛ Թրամփի վարչակազմին (եւ Թրամփի նախընտրական արշաւին) եւ թէ թրքական (Էրտողանի հետ կապ ունեցող) կողմերու հետ։
Ասիկա կը պատմէ այն մասին, թէ երկրորդական խաղացողները, ներառեալ օտարերկրեայ քաղաքացիները, ինչպէ՛ս աշխատած են լոպիական գործունէութեան, քարոզարշաւի եւ օտարերկրեայ գործակալներու օրինական սահմաններու մէջ՝ Թրամփի քաոսային նախագահութեան ատեն։
Անոնք շփոթած են պաշտօնական եւ ոչ-պաշտօնական վարչական պաշտօնները կազմակերպական եւ ընտրական այլ դերակատարումներու հետ եւ գաղտնի պահած՝ միջոցներու աղբիւրը եւ օգտագործումը հասարակական եւ պետական մարմիններէն, ինչպէս՝ Ներքին եկամուտներու ծառայութիւնը (IRS) եւ Դաշնակցային ընտրական յանձնախումբը:
Ամէն բան սկսաւ 2018ին, երբ «URC-ի պաշտօնեաները առաջին անգամ ֆինանսական օգնութիւն եւ ներդրումներ ապահովեցին թրքական գործարքներէն՝ Թրամփի վարչակազմին կողմէ ձեռնարկուած տնտեսական նախաձեռնութեան միջոցաւ», կը տեղեկացնէ Salon.com-ը: Թուրք գործարար բանագնացները կ՛ապահովէին հանդիպումներ Նիւ Եորքի եւ Ուաշինկթընի մէջ՝ հասնելով մինչեւ Թրամփի պաշտօնեաներուն, Քոնկրեսի հանրապետական անդամներուն եւ քարոզարշաւը փոխարինողներուն, որոնցմէ է Թամ Պարաք (միլիառատէր եւ Թրամփի մտերիմ ընկերը) եւ Լարա Թրամփ (նախագահին հարսը եւ անոր նախընտրական քարոզարշաւին խորհրդականը):
Քանի մը միլիառ տոլար արժողութեամբ այս ծրագիրը նախատեսուած էր ամերիկեան արտադրական շուկան թրքական ընկերութիւններու առջեւ բանալու համար։ «Այն փաստը, որ այդ հանդիպումները ակնյայտօրէն ուղղուած էին Միացեալ նահանգներու պաշտօնական քաղաքականութեան վրայ ազդելուն, ըստ փորձագէտներու, հարցեր կը յառաջացնէ, թէ արդեօք ներգրաւուած անձերը պէ՞տք է արձանագրուէին արդարադատութեան նախարարութեան մէջ՝ իբրեւ օտարերկրեայ գործակալներ», կը փոխանցէ Salon.com-ը:
«URC-ը յայտնուեցաւ թերթերու վերնագիրներու մէջ, երբ կազմակերպեց քարոզարշաւին նուիրուած ձեռնարկներ՝ կանխիկ գումարներ բաժնելով աղքատ համայնքներու սեւամորթ ընտրողներուն, ներառեալ 25 հազար տոլարի խաղարկութիւնը անցեալ տարուան Դեկտեմբերին, որ ինչպէս IRS-ին յայտնած էր կազմակերպութիւնը, տեղի պիտի չունենար։
Politico-ն այդ վիճակախաղերը նկարագրեց՝ իբրեւ համաժողովրդական ռազմավարութիւն «սեւամորթներու համայնքներուն մէջ կազմակերպելու համար ձեռնարկներ, որոնց ընթացքին անոնք կը փառաբանեն նախագահը՝ հազարաւոր տոլարներ նուիրելով», կը նշէ Salon.com-ը՝ աւելցնելով. «URC-ի գործունէութեան ծանօթ բազմաթիւ մարդիկ յայտնեցին Salon-ին, որ պարզ էր՝ Սքաթ եւ Լենիըր հիմնած էին կազմակերպութիւնը, որպէսզի ընէին այն, ինչը յաճախ կ՛ըսէին Ռապիա Քազանին, որ թոյլ չէին տար իրենց ընելու Մայքլ Քոհենի քաղաքական ուղղուածութիւնը ունեցող նախորդ կազմակերպութեան՝ Ազգային բազմազանութեան դաշինքին միջոցով, որ, իրականութեան մէջ, Թրամփի նախընտրական արշաւի լծակներէն մէկն էր, այսինքն՝ դրամ առնել:
Կան փաստաթղթային ապացոյցներ, որ URC-ը առնուազն մէկ պարագայի մեծ գումարներ ուզած եւ ստացած է:
Անիկա ստացած է 238 հազար տոլարի դրամական պարգեւ Թրամփի կողմնակից աղտոտ դրամներու տէր America First Policies կազմակերպութենէն, որ կապ ունի Super PAC America First Action-ին հետ: URC-ը դրամական պարգեւը ստացած է 2018ին՝ Քազանի ֆինանսական ներդրումներ փնտռելու գծով ուղղորդելէ քանի մը ամիս ետք:
Սակայն, որովհետեւ URC-ը երբեք հարկային յայտարարագիր չէ ներկայացուցած, կարելի չէ գիտնալ, թէ խումբը ինչ չափի գումար ստացած է կամ թէ ինչպէ՛ս ծախսուած է այդ գումարը: Թուրք գործարար Ալի Աքաթոր քանի մը անգամ տեսակցած է Սքաթի եւ Լենիըրի հետ, ենթադրաբար քննարկած է բազմամիլիառ գումարի ներդրումներու համապարփակ ծրագիր մը, որ հնարաւորութիւն կ՛ընձեռէր հիմքեր ձեռք բերելու արտադրութեան եւ փաթեթաւորման համար՝ ներդրումներ կատարելով եւ ստեղծելով գործարաններ «Կարելիութեան գօտիներու մէջ:
Այս ծրագիրը պիտի օգտագործէր ամերիկեան սակագիներու բացը: Աքաթ ըսած է թրքական լրատուական միջոցին, որ թրքական գործառնութիւններու տէրերը կրնան խուսափիլ բարձր սակագիներէ՝ կիսաւարտ ապրանքներ արտածելով Միացեալ Նահանգներ, ուր այդ ապրանքները կը հաւաքուին եւ կը ծրարուին. Բան մը, որ բաղձալի է՝ «Կարելիութեան գօտիներու մէջ» գտնուող թրքական ընկերութիւններու կողմէ»:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ