Անկախութեան հիմնաքարը՝ սահմաններու լիակատար ռազմականացումն է. «Հորիզոն»ի խմբագրական
21 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2020 – ԿԻԶԱԿԷՏ:
«Սահման քաջաց զէն իւրեանց»
Մովսէս Խորենացի
Հայաստանի հանրապետութեան Առաջին հանրապետութիւնը ծնաւ պատերազմի բովին մէջ. 70 տարի ետք անկախ պետականութեան վերականգնումը կայացաւ պատերազմական իրավիճակի եռքին մէջ։ Սեպտեմբերեան անկախութիւնը կը յատկանշուի հայրենի բնօրրանէն անարդօրէն խլուած Արցախի ազատագրումով։ Այսօր, վերանկախացումէն 70 տարի ետք՝ տակաւին կը գտնուինք պատերազմական վիճակի մէջ։
Անկախութեան հանգրուանին յաջորդող Հայաստանի եւ Արցախի պետութեանց վրայ պարտադրուած թրքական եւ ատրպէյճանական շրջափակումները կը միտին ուժասպառ դարձնելու եւ անձնատուութեան մղելու հայկական զոյգ պետութիւնները։ Այս շրջափակման բռնարարքներու հոլովոյթը մինչ օրս կը շարունակուին, հակառակ այն իրողութեան, որ միջազգային իրաւանց գետնի վրայ դատապարտելի գործողութիւններ կը նկատուին։ Թրքական եւ ատրպէյճանական երեք տասնամեակներու վրայ երկարող շրջափակման գործողութիւնները կը նկատուին Հայաստանի դէմ ուղղուած յարձակապաշտ ուժի կիրառում։
1994-ի հրադադարէն ետք, 2016-ի Ապրիլեան պատերազմէն ետք եւ 2020-ի Յուլիսեան պատերազմէն ետք, այսօր յստակ է, որ Թուրքիոյ կողմէ պարտադրուած ցամաքային շրջափակումն, իսկ արեւելքէն՝ ատրպէյճանական յարձակապաշտ վարքագիծը դիմակայելու Հայաստանի գլխաւոր գերխնդիրը կը հանդիսանայ Հանրապետութեան անվտանգութեան ամրապնդման քաղաքականութիւնը հիմնաւորել առանցքային երկու հիմնական ուղղութիւններով։
Ա.- Մշակել նպատակաուղղուած ռազմարդիւնաբերութեան զարգացման քաղաքականութիւն։
Բ.- Ամրակայել եւ հզօրացնել երկրի սահմաններն ու ռազմապարսպապատել սահմնաամերձ բնակավայրերը։
Նեցուկ ունենալով Անգարան որպէս ռազմաքաղաքական դաշնակից՝ Պաքուն յստակօրէն նպատակադրած է Արցախեան հակամարտութիւնը ռազմական ճանապարհով լուծելու եւ այդ ծիրէն ներս չի բացառուիր Թուրքիա բացայայտ մասնակցութեան պատրաստակամութիւնը, յատկապէս թրքական արտադրութեամբ զինատեսակներ Ատրպէյճանի մատակարարումով։
Ռազմարդիւնաբերութեան ոլորտի կատարեալ յաջողութիւններէն էր Յուլիսեան եռօրեայ պատերազմի ընթացքին հայկական արտադրութեամբ մարտական անօդաչու թռչող սարքերու օգտագործումը, որ եկաւ հաստատելու ՀՀ Զինուած ուժերու որակային գերազանցութիւնը։
Արդի եւ ժամանակակից գիտարուեստին համահունչ սպառազինութիւնները լաւագոյն միջոցներն են պաշտպանելու Հայաստանի օդային սահմանները։
Պետական օժանդակութեամբ ռազմական արդիւնաբերութեան յաջողութեան համար անհրաժեշտ է նաեւ հայ ժողովուրդի համազգային ներուժի ներդումը։
Հայաստանի սահմաննները իր պարիսպներն են եւ այդ պարսպապատը ամրակուռ պահելու համար անհրաժեշտ է ունենալ հզօր սահմանաներձ բնակավայրեր եւ գիւղեր։ Սահմանամերձ տարածքներու ժողովրդագրական բացասական միտումները, արտագաղթը եւ գիտական ու մշակութային ներուժի արտահոսքը պարզապէս կը տկարացնեն սահմանը։
Անհրաժեշտ է նաեւ պատերազմական իրավիճակի մէջ գտնուող Հայաստանի բնակչութեան զինուորական պատրաստումը, որովհետեւ մարտունակ քաղաքացին բարոյահոգեբանականօրէն պատրաստ կ՚ըլլայ որեւէ ռազմական յարձակման։ Սահմանամերձ բնակավայրերու վերակազմակերպման ու վերահզօրացման նոր ռազմավարութիւնը` որպէս Հայաստանի տարածքային պաշտպանութեան ամրապնդման միջոց, որպէս Հայաստանի ժողովրդագրութեան ամրապնդման ուղղուած ազգային անվտանգութեան հայեցակարգ, պէտք է անյապաղ մշակուի, եւ այդ ծիրէն ներս, Սփիւռքի իր ամբողջական ներուժով մասնակից պէտք է դառնայ։
Հայաստանի սահմանաամերձ տարածքներու զարգացումն ու հզօրացումը հայութեան առաջնակարգ գերխնդիրն է այսօր, որովհետեւ, թշնամին առաջին հերթին իր հարուածը պիտի ուղղէ հայոց սահմանին։
2019-ին Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի յայտարարած «նոր պատերազմ՝ նոր տարածքների դիմաց» ձեւաչափը՝ ռազմավարական նոր մշակոյթ եւ ուղեգիծ է, պաշտպանական վիճակէն դուրս գալու եւ յարձակապաշտ ռազմական գործողութիւններու դիպուկ հակադարձելու։
20-րդ դարուն իր պատմութեան ամէնէն ծանր արհաւիրքն ու խոցը կրած հայ ժողովուրդն ու հայոց պետականութիւնը այլ ելք չունին՝ ներկայ աշխարհաքաղաքական պայմաններու պարտադրանքին ներքոյ վերածուելու «Պարիսպ պետութեան»։ Չորս տարուան ընթացքին թշնամիի յարձակումները մեր երկու պետութեանց վրայ կու գան փաստելու, որ, 21-րդ դարուն՝ հայութեան գոյատեւելիութեան գլխաւոր երաշխիքը՝ սեփհական ուժին ապաւինումն ու մեր Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք միասնական ու միաբեւեռ համագործակցութիւնն է։
«Հորիզոն»ի խմբագրական