Քարվաճառի Ճանապարհի Կուպրապատումը Մեկնարկած է – Քարվաճառի Ճանապարհի Կուպրապատումը Մեկնարկած է

Քարվաճառի Ճանապարհի Կուպրապատումը Մեկնարկած է – Քարվաճառի Ճանապարհի Կուպրապատումը Մեկնարկած է

23 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2020 – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Սեպտեմբեր 22-ին աշխատանքային այցով եղած է Շահումեանի եւ Մարտակերտի շրջաններ:

Ինչպէս կը յայտնեն Արցախի նախագահի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն` երկրի ղեկավարը հետեւած է Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղէն Քարվաճառ տանող 17 քմ․ երկարութեամբ ճանապարհի կուպրապատման )ասֆալտ) աշխատանքներու մեկնարկին, հետաքրքրուած գործընթացի կազմակերպմամբ, տեղւոյն վրայ տուած է շարք մը յանձնարարականներ: Նախագահը նշած է, որ Քարվաճառ քաղաքի ու Շահումեանի շրջանի զարգացումը կառավարութեան համար ռազմավարական նշանակութեան խնդիր է, եւ յառաջիկայ տարիներուն պիտի շարունակեն նոր ներդրումներ ուղղել տարածաշրջանի ամբողջ կարողականութիւնը օգտագործելու համար:

Յարութիւնեանի այցելութեան յաջորդ վայրը Մարտակերտի շրջանի Յարութիւնագոմեր բնակավայրն էր, ուր շահագործման յանձնուած է համայնքը մայրուղիին կապող 3,2 քմ․ երկարութեամբ ասֆալտապատ ճանապարհը: Նախագահի խօսքով` մայրուղիներուն յարող բոլոր համայնքներու ճանապարհներու բարեկարգումն ու ասֆալտապատումը հիմնականօրէն ներառուած են կառավարութեան` յառաջիկայ հինգ տարիներու ծրագրին մէջ:

Այցի ընթացքին նախագահը եղած է նաեւ «խարխափուտ» սահմանային հսկիչ կէտ, հետաքրքրուած իրականացուող աշխատանքներով, յորդորած է աւելի սրտացաւ վերաբերմունք դրսեւորել Արցախ այցելողներուն նկատմամբ:

yerakouyn.com/2020/09/23/քարվաճառի-ճանապարհի-կուպրապատումը-մ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail