Հայերէնն ու Հայագիտութիւնը Պիտի Դասաւանդուին Օտարերկրեայ Ուսումնական 10 Հաստատութիւններու Մէջ
23 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2020 – ՀԱՅԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ:
ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը պիւտճէի ֆինանսաւորումով էականօրէն ընդլայնած է հայերէնի եւ հայագիտական առարկաներու դասաւանդման աջակցութեան ծրագիրները:
2020–21 ուսումնական տարին պիտի իրականացուի 8 պետութեան 10 հաստատութիւններու մէջ՝ նախկին 4-ի փոխարէն՝ ներկայիս ընդգրկելով Փրակի Գարլովի (Չեխիայի Հանրապետութիւն), Պուխարեստի (Ռումանիա), Վենետիկի Գա՛Ֆոսգարի, Հռոմի Լա՛Սաբիենցա (Իտալիայի Հանրապետութիւն), Զալցպուրկի (Աւստրիայի Հանրապետութիւն), Գահիրէի (Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութիւն), Արժանթինի Քենետի (Արժանթինի Հանրապետութիւն) համալսարանները, Բոդստամի Լեփսիուսի տուն-թանգարանը եւ Հալլէի «Մեսրոպ» հայագիտական հետազօտութիւններու կեդրոնը (Գերմանիայի Դաշնային Հանրապետութիւն), եւ Մոսկուայի միջազգային յարաբերութիւններու պետական ուսումնարանը (Ռուսիոյ Դաշնութիւն): Ծրագրի իրագործման նպատակով ՀՀ պետական պիւտճէէն ֆինանսաւորումը մասնաւորապէս կ՝իրականացուի տուեալ համալսարանի եւ ՀՀ դեսպանութիւններուն միջեւ կնքուած յուշագրերու կամ համաձայնագրերու հիման վրայ։
Այս ծրագիրով ԿԳՄՄ նախարարութիւնը հետամուտ է աջակցելու հայերէնի եւ հայագիտութեան տարածման եւ ամրապնդման օտարերկրեայ պետութիւններու համալսարաններու եւ հետազօտական կեդրոններու մէջ։ Ասիկա լայն հնարաւորութիւն է ճանաչելի դարձնելու հայկական մշակոյթն ու ինքնութիւնը, մեծցնելու միջազգային հեռաքրքրութիւնը մեր ժողովուրդի եւ մշակոյթի նկատմամբ, ինչպէս նաեւ տեղի հայ համայնքներու մէջ նպաստելու հայկական արժէքներու պահպանման:
Դասաւանդումը կ՝իրականացուի յատկապէս տեղի հայագիտական ոլորտի մարդուժին կողմէ, երբեմն նաեւ Հայաստանէն գործուղուած մասնագէտի միջոցով (Պուխարեսթի համալսարան):
2020 թ․ առաջին անգամ ֆինանսաւորուած են հետազօտական աշխատանքներ, որուն նպատակով յուշագիր ստորագրուած է Բոդստամի Լեփսիուսի տուն-թանգարանի հիմնարկի եւ Հալլէի «Մեսրոպ» հայագիտական հետազօտութիւններու կեդրոնին հետ:
ԿԳՄՄՆ–ն հետեւողական աշխատանքներ կը տանի արտերկրին մէջ հայագիտութեան ցանցի ընդլայնման ուղղութեամբ:
Yerakouyn.com/2020/09/23/հայերէնն-ու-հայագիտութիւնը-պիտի-դասա/