Զարիֆի Երէկ Նախատեսուած Թուրքիա Այցելութիւնը Ջնջուեցաւ

Զարիֆի Երէկ Նախատեսուած Թուրքիա Այցելութիւնը Ջնջուեցաւ

23 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Անգարայի մէջ Իրանի դեսպանատունը երէկ յայտարարեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆի երէկ նախատեսուած Թուրքիա այցելութիւնը ջնջուած է:Դեսպանատան մամլոյ գրասենեակը այցելութեան շուրջ «Սփութնիք»-ի հարցումին պատասխանելով յայտնեց. «Իրանի արտաքին գործոց նախարար Զարիֆի` այսօր իր թուրք եւ քաթարցի պաշտօնակիցներուն հետ եռակողմ հանդիպում ունենալու համար Պոլիս այցելութիւնը ջնջուած է, եւ այցելութեան նոր թուական չճշդուեցաւ»:

Լրատուամիջոցներ մէկ օր առաջ հաղորդած էին, որ Զարիֆ պաշտօնական այցելութեամբ Թուրքիա պիտի մեկնի` հանդիպում ունենալու համար Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի եւ Քաթարի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ պըն Ապտել Ռահման Ալ Թանիի հետ:

Իրանեան հարցերուն մասնագիտացած «Իրան Ժատա» կայքը նախապէս հաղորդած էր, թէ Թեհրան շրջանային վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ կ՛ուղղուի Թուրքիոյ հետ շրջանային դաշինք կազմելու` ընդդէմ Սէուտական-էմիրաթական դաշինքին:

ararad-The Holy Mount of Ararat!

aztagdaily.com/archives/483997

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail