ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ – Թրամփի Կողմնակից Սեւամորթ Ամերիկացիներու Խումբի Վիճայարոյց Կապերը Թուրքիոյ Հետ (Վերջին Մաս)

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ – Թրամփի Կողմնակից Սեւամորթ Ամերիկացիներու Խումբի Վիճայարոյց Կապերը Թուրքիոյ Հետ (Վերջին Մաս)

23 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԸ:

Columnist Harut Sassounian

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

Անցեալ շաբաթ հրապարակեցի յօդուածին առաջին մասը՝ նկարագրելով խումբ մը սեւամորթ ամերիկացիներու լոպիինկ իրականացնելու ջանքերը Թրամփի վերընտրութեան կապուած՝ ֆինանսական աջակցութեամբը հարուստ թուրք գործարարներու, որոնք միլիառաւոր տոլարներ պիտի ներդնէին Միացեալ Նահանգներու մէջ: Այս գործարարներէն մէկը Ալի Աքաթն էր։

Միացեալ Նահանգներ կատարած իր այցելութեան ընթացքին Աքաթ տեսակցած է XStrategiesի գործադիր տնօրէն Ալեքսանտր Պրուզեւիցի հետ Ուաշինկթընի «Թրամփ» միջազգային հյիւրանոցին մէջ, ուր քննարկած են Թուրքիոյ՝ Միացեալ Նահանգներու 12 միլիառ տոլար ներդնելու եւ 25 հազար աշխատանքային տեղեր ստեղծելու մտադրութիւնը: Աքաթ լուսանկարուած էր Միացեալ Նահանգներու Քափիթոլիի մէջ երեք հանրապետական գոնկրեսականներու՝ Ճօ Ուիլսընի (Հարաւային Գարոլայնա), Փիթ Սեշընզի (Թեքսաս) եւ Սքաթ Փերիի (Փենսիլվանիա) հետ: Ան նաեւ տեսակցած է միլիառատէր Թամ Պարաքի եւ Լարա Թրամփի հետ, «Թրամփ» միջազգային պանդոկին մէջ։

Salon.com յայտնած է՝ Աքաթ պատմած է թրքական մամուլին, որ «Սքաթ զայն տարած է Հանրապետական կուսակցութեան ազգային կոմիտէի կեդրոն, ուր ան լուսանկարուած եւ հանդէս եկած է ճառով, իսկ յետոյ՝ Սպիտակ Տուն։ Ահա նշեալ հատուածի մօտաւոր թարգմանութիւնը․ «Տարըլ Սքաթի հետ հանդիպումներու ժամանակ ան ջերմօրէն աջակցեցաւ նախագիծին: Ան մեր նախագիծը փոխանցեց Տանըլտ Թրամփ կրտսերին, իր գործընկերներուն եւ ընտանիքին։ Նախ ան զիս տարաւ հանրապետականներու կեդրոն, ուր ես հնարաւորութիւն ունեցայ բացատրելու նախագիծը, եւ անիկա հաճելի թուեցաւ բոլորին։ Այնուհետեւ ան զիս տարաւ Սպիտակ Տուն՝ մեկնելով հարցի կարեւորութենէն։ Մենք շփումներ ունեցանք Սպիտակ Տան մէջ եւ տեսակցեցանք Տանըլտ Թրամփ կրտսերի յատուկ օգնականներուն եւ օգնականներ Էնտրիւ Ճուլիանիի, Քլէյոն Թ. Հենսընի, Ռանի Լ․ Ճեքսընի, Ճենիֆեր Ս․ Քոռնի եւ Ալեքսանտրա Ե․ Վելեցիսի հետ»։

«Թրքական յօդուածին զուգահեռ պատկերուած է Աքաթի եւ Տերել Սքաթի լուսանկարը, որոնք միասին կը դիտէին հաստ թղթապանակ մը Սպիտակ Տան դրացնութեան մէջ գտնուող Էյզընհաուըրի գրասենեակի շէնքի համաժողովներու դահլիճը՝ ըստ շէնքին ծանօթ մարդոց վկայութեան։ Այդ շէնքը կը հիւրընկալէ Սպիտակ Տան աշխատակազմին մեծ մասը», ըսած է Salon.com։

«Աքաթ թուրք-ամերիկեան (լուրերու) հրատարակութեան ըսաւ, որ թրքական 15 ընկերութիւններ պատրաստ են առեւտուրը զարգացնելու Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Գրեթէ միաժամանակ, Տերել Սքաթ հրապարակեց իր ուղեւորութիւնները նախագահի օդանաւով (Air Force One) եւ Սպիտակ Տուն այցերը իր URCի կարգավիճակով, քանի որ ինք եւ URCի («Քաղաքներու Վերածնունդի Դաշինք») համանախագահ Քարիմ Լենիըր անմիջականօրէն աշխատած են Թրամփի եւ խորհրդականներու հետ, ներառեալ Ճերըտ Քուշներ (որուն «J-Rock» կը կոչէ Սքաթ), թէ ինչ կը դառնայ Սպիտակ Տան Հնարաւորութիւններու եւ Վերածնունդի Խորհուրդը, որ ստեղծուած է նոյն տարուան Դեկտեմբերին։ Սքաթի այցերը կը ներառէին Սպիտակ Տան մէջ Թրամփի հետ միջանկեալ ընտրութիւններու արդիւնքներու մասին անոր երեկոյեան դիտարկումները», հաղորդած է Salon.com: «Սքաթի եւ Թրամփի կողմէ ընտրութիւններուն հետեւելէ օր մը առաջ, Թրամփ Թուրքիան ազատեց ուժանիւթային պատժամիջոցներէ, որոնցմէ իր վարչակազմը Նոյեմբերին դրած էր Իրանի վրայ: Ասիկա խիստ քննադատութեան արժանացաւ Միացեալ Նահանգներու որոշ պաշտօնեաներու կողմէ, որոնք այդ քայլը գնահատեցին իբրեւ ենթարկում Էրտողանի կոշտ մարտավարութեան դէմ, յատկապէս «Հալք» դրամատան՝ Թուրքիոյ ֆինանսական հաստատութեան հետ բանակցութիւններու կապակցութեամբ, որ ներկայիս կը գտնուի դաշնակցային քննութեան տակ՝ Իրանի դէմ պատժամիջոցները խախտելուն համար»:

Salon.com յայտնած է. «Նոյն օրը, երբ Թրամփ թոյլ տուաւ Թուրքիոյ՝ շրջանցել պատժամիջոցները, Ֆերհան Ատեմհան՝ թուրք հարուստ արդիւնաբերող եւ ներդրող, որ կապեր ունի նաեւ Աքաթի, ինչպես նաեւ (թուրք գրող Ռապիա) Քազանի եւ Թրամփի քարոզարշաւի աջակից եւ Փենսի դաշնակից Մարթա Պոնեթայի հետ, իր դիմատետրի էջին վրայ գրեց․ «Ամերիկան ութ երկիր ​​ազատեց (պատժամիջոցներէ), զորս անոնք կիրարկած են Իրանի դէմ: Ազատեցաւ նաեւ մեր երկիրը։ Մենք ազատեցանք այս բեռէն՝ յանուն մեր երկրի»: Քանի մը շաբաթ անց Աքաթ վերադարձաւ Ուաշինկթըն գտնուող նախագահին պանդոկը, տեղադրեց Թրամփի եւ Ճուլիանիի լուսանկարները, ինչպէս նաեւ Սպիտակ Տան նուէրները»:

«Դեկտեմբեր 12ին Թրամփ հրամանագիր մը ստորագրեց Սպիտակ Տան Քաղաքներու Վերածնունդի եւ Հնարաւորութիւններու Խորհուրդ ստեղծելու մասին։ Հրամանագիրին գրեթէ իւրաքանչիւր պարբերութեան մէջ կցուած է «հնարաւորութիւններու գօտիի» զարգացումը: Ստորագրման ներկայ էր Տերել Սքաթ, եւ Թրամփ առանձնայատուկ կերպով գովաբանեց զայն։ Այդ օր, Ազգային Բազմազանութեան Խորհուրդը, խումբ մը, զոր ստեղծած էր Թրամփի նախկին փաստաբան Մայքըլ Քոհեն, եւ որ այդ խումբին մէջ Սքաթ եւ Լենիըր աշխատած էին իբրեւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, իսկ Քազան կը նստէր խորհրդակցական խորհուրդին մէջ, լուրը տեղադրեց Թուիթըրի վրայ՝ հեգնանքով մատնանշելով, որ Քոհեն դատապարտուած էր բանտարկութեան, նոյն օրն իսկ․ «ՇՏԱՊ․ նախագահ Թրամփ․ ԿԱՐԵՒՈՐ ճառ․ հրաման կը ստորագրէ Քոհենի երեք տարուան բանտարկութեան ֆոնի վրայ https://youtu.be/LRZviaXbHOI», յայտնած է Salon.com։

Քննութիւններու Դաշնակցային Բիւրոյի կողմէ Քոհենի գրասենեակներ եւ տուներ կատարած ստուգման այցերէն, հեռախօսներն ու համակարգիչները բռնագրաւելէ ետք, Ազգային Բազմազանութեան Խորհուրդի (NDC) տնօրէն Պրիւս Լեւել, որ Քազանի խօսքով՝ իրմէ շորթած է 1000 տոլար, գրաւոր հաղորդագրութեամբ իր մտահոգութիւնը յայտնած էր Քազանի. գրութիւնը ձեռք բերած էր Salon․ «Վստահէ ինծի։ Ոչ մէկուն ըսէ Թրամփի NDCի մասին։ Ջնջէ։ Քոհեն մեղադրանքի ենթարկուած է: Շնորհակալութիւն»:

«23 Դեկտեմբերին, Հնարաւորութիւններու եւ Վերածնունդի Խորհուրդի պաշտօնական ստեղծումէն ետք, Թրամփ Թուիթըրի մէջ գրած է «Էրտողանի հետ խիստ ընդլայնուած առեւտուրի քննարկման մասին․․․: Երկու օր ետք, Daily Sabah, որ կը պատկանի Էրտողանի փեսային, հրապարակեց Աքաթի հետ մէկ այլ հարցազրոյց՝ նշելով, որ առեւտրային բանակցութիւնները յառաջ գացած են: Ան ապագայ տնտեսական փաթեթը գնահատեց մէկ միլիառ տոլար։ Յօդուածը, որ հրապարակուած էր Սուրբ Ծննդեան օրը, վերնագրուած էր. «Յաջորդ տարի կ՛ակնկալուի թուրք-ամերիկեան առեւտուրի երկկողմանի աճ», յայտնած է Salon.com։ «Յաջորդ ամիս Թրամփ Թուիթըրի մէջ դարձեալ գրեց Թուրքիոյ հետ առեւտրային քաղաքականութեան մասին․․․: «Նաեւ խօսեցայ Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ տնտեսական զարգացման մասին․ էապէս ընդլայնուելու մեծ ներուժ․․․»»։

Salon.com եզրակացուցած է․ «Այս ջանքերը, URCէն Սքաթի եւ Լենիըրի աջակցութեամբ, ի թիւս այլոց, կը բերեն փոփոխութիւններ Միացեալ Նահանգներու առեւտրային քաղաքականութեան մէջ՝ առաջնահերթութիւն տալու թրքական արտադրական ընկերութիւններուն Միացեալ Նահանգներու մէջ, կարծես թէ հակասելով Թրամփի «Առաջինը՝ Ամերիկան» օրակարգին»։

«CREWի (Քաղաքացիները Պատասխանատուութեան եւ Բարոյականութեան Համար), Քարոզարշաւի իրաւական կեդրոնի եւ OpenSecretsի փորձագէտները ըսած են Salonի, որ առաջին հայեացքէն այս նախաձեռնութիւնը մտահոգութիւններ կ՛առաջացնէ «Օտարերկրեայ գործակալներու արձանագրութեան գործողութեան» (FARA) հնարաւոր խախտումներու վերաբերեալ, որ օտարերկրեայ շահերու համար լոպպինկ իրականացնող ամերիկացիներէ կը պահանջէ արձանագրուիլ կառավարութեան կողմէ»։

Salon.com յայտնած է, որ «URC կրնայ նաեւ բախիլ հարկային օրէնսդրութեան պարտաւորութիւններու: Պահ մը խումբը հարկերէ զերծ 501 գ (3) շահ չհետապնդող կազմակերպութիւն էր, որ կրնար նուիրատուութիւններ ընդունիլ, ներառեալ՝ օտարերկրեայ քաղաքացիներէ, առանց աղբիւրներու բացայայտման: Բայց քանի որ URC ակնյայտօրէն երբեք հարկային յայտարարագիր չէ ներկայացուցած, Ներքին Եկամուտներու Ծառայութիւնը (IRS) այս տարուան Մայիսին յետս կոչեց հարկերէ ազատած ըլլալու անոր կարգավիճակը»:

Ասիկա տարօրինակ պատմութիւնն է խումբ մը մարդոց, որոնք կ՛իրականացնեն Թրամփի քարոզարշաւին պահանջները, որպէսզի նախագահը լաւ տեսքով յայտնուի սեւամորթ ամերիկացիներու առջեւ, միաժամանակ պնդելով, որ անոնք թրքական աղբիւրներէ ներդրումներ կ՛ապահովեն սեւամորթներու աղքատ բնակավայրերուն համար։ Անոնց գործողութիւնները պէտք է քննուին Արդարադատութեան Բաժանմունքի եւ Ներքին Եկամուտներու Ծառայութեան կողմէ։

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

aztagdaily.com/archives/484035

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail