Յարգելի հեղինակներ, ձեզ ով՞ իրաւունք տուած է Արեւմտահայերէն լեզուն ծաղրի առարկայ դարձնէք, կուզէք ծաղրանքի համար մէկը գտնել խնդրեմ Աբեղեանը եւ իրեն հրահանգողները

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

Ներողութիւն Ռաֆայէլ ջան

24 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2020 – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:

ներիր ինձ Մեծն ռաֆայէլ Պատկանեան որ քեզ հանգիստ չեմ ձգեր ննջես գերեզմանիդ մէջ, համարեայ ամէն օր կը հանեմ քեզ այդտեղէն որպէսզի նշանաւոր խօսքդ ըսես ու կրկին ննջես․․․

ներիր որ երէկ եւս քեզ շտապ կանչեցի ու դիմացդ դրի Հայաստանի հանրապետութեան կրթութեան նախարարութեան կողմէ օրհնուած 11-րդ դասարանի Հայոց լեզուի դասագիրքը․

Աչքերը լայն բացած այնքան արագ կարդաց որ ես չհասցուցի անգամ բառեր լսել իր արտասանածներու ընդմէջէն, կարդաց յետոյ լսելի ձայնով իրէն յատուկ առոգանութեամբ ըսաւ «Գիրք էք տպագրել այն էլ դասագիրք, սերունդ դաստիարակելու, Աստուածահաճոյ գործ է այդ բայց եթէ այդ գիրքէն շահ չունի Հայաստան Թքել եմ ձեր ալ ձեր գիրքին ալ վրայ, ըսաւ ու հեռացաւ․․․»

11-րդ դասարանի Հայոց լեզուի դասագիրք Արեւմտահայերէնի ստեղծումը եւ օրէնքները Չեմ ուզէր երկար բարակ նախադասութիւնները մէջբերել կարդացողի համբերութիւնը չչարաշահելու համար սակայն երու երեք օրինակ կարելի է․

Դասագիրքի հեղինակները այսպէս կը թարգմանէն Արեւելահայերէնը արեւմտահայերէնի

Աշոտը միս է սիրում – Աշոտ միս կը սիրէ

Աշոտը Անահիտին է սիրում – Աշոտ Անահիտը կը սիրէ

Վստահ եմ որ Հնդիկներու ստեղծած համակարգչային թարգմանիչ ծրագիր մը աւելի յաջող պիտի թարգմանէր գան մեր մեծարգոյ հեղինակները․․․

Եւ աշակերտներէն կը պահանջուի որոշ նախադասութիւններ թարգմանել արեւելահայերէնի, օրինակ;

«Դահլիճներուն փարթամ կիները կատեմ»

«Երբ խումբը իր երգով ավելի ևս մոտեցավ վրանին, Հայկազ ուզեց արթնցընել Հովսեփ »

Ոչ յարգելի հեղինակներ, ձեզ ով՞ իրաւունք տուած է Արեւմտահայերէն լեզուն ծաղրի առարկայ դարձնէք, կուզէք ծաղրանքի համար մէկը գտնել խնդրեմ Աբեղեանը եւ իրեն հրահանգողները բաւարար չեն՞ որ կը փորձէք նոր սերունդներու ենթագիտակցութեան մէջ աղաւաղել մաքուր եւ գեղեցիկ Արեւմտահայերէն լեզուն, ինչ՞ նպատակ կը հետապնդէ այս խեղկատակութիւնը․․․

Բազմիցս լսել ենք, տեսել ենք, «Հայֆիլմի» արտադրած ժապաւէններ կամ հեռուստակայանի պատրաստած «սերիալներ» որտեղ Արեւմտահայերէն լեզուն աղաւաղուած է այն աստիճանի որ ծիծաղելի եւ ծաղրելի կը դառնայ, եթէ նկատի առնենք որ այդ բեմադրիչի կամ այլ պատասխանատուի տգիտութեան արդիւնք է, եթէ նկատի առնենք որ խորհրդային Հայաստանի ժամանակ դիտաւորեալ պիտի նսեմացնէին Արեւմտահայերէնը զայն անուանելով տաճկահայերէն եւ ծաղրանքի առարկայ դարձնելով ինչպէս պատահեցաւ ուղղագրութեան հետ, ինչպէս պատահեցաւ բազում այլ երեւոյթներու հետ, եթէ այդ բոլորը որոշ չափով հասկնալի է այսօրուայ ինքզինք ազատ անկախ Հայաստանի նախարարութեան կողմէ պատուիրուած Հայոց լեզուի դասագիրքի անբովանդակ, աղաւաղուած ձեւով ներկայացնելը հասկնալի չէ․․․

Հեղինակները կը շարունակէն այսպէս եւ կաւելցնեն

Արեւելահայերէնը չի խորշիր օտար բառեր ներմուծելու սակայն արեւմտահայերէնը օտար բառերը միշտ կը թարգմանէն Հայերէնի Որքան Յիմար, որքան Տգէտ պիտի ըլլայ մէկը որ այսպիսի արտայայտութիւն ունենայ ,եւ այդ անհատը պիտի դասագիրք գրէ․․․

Եւ կը շարունակէ օրինակ բերելով արեւելահայերէնի մէջ բնական է օգտագործել «կոնկրէտ» բառը որը բացակայ է արեւմտահայերէնի մէջ․

ոչ յարգելի հեղինակներ, Պատիւ եւ հպարտութիւն կզգամ որ արեւմտահայերէնը կը խորշի օգտագործել օտար բարեր երբ նոյն այդ բառը գոյութիւն ունի Հայերէն լեզուի մէջ, ինչու՞ պիտի ըսեմ «կոնկրետ» երբ կրնամ ըսել ճշգրիտ ինչու պիտի ըսեմ «շախմատ» երբ կրնամ ըսել ճատրակ, ինչու ըսեմ «կոալիցիա» երբ կրնամ ըսել ժամանակաւոր դաշինք եւ այսպէս երկար է օրինակներու շարանը․․․

Ռաֆայէլը թքեց ու գնաց, նախքան երթալը ինձ հարցուց, «իսկ ձերոնք ինչ՞ կը մտածէն»

Այդ վայրկեանին չկարողացայ հասկնալ միտքը թէ ով են մերոնք բայց երթալէն ետք անդրադարձայ թէ որու մասին կը խօսի, բարձրաձայն թքեց այդ գիրքի հեղինակներու վրայ իսկ մտովի թքեց Արեւմտահայ իրենք զիրենք հայագէտ կոչած մանրուքներուն վրայ որոնք պաշտպան չեն ըլլար իրենց լեզուի անաղարտութեան, որոնք չեն հետաքրքրուիր եւ տեսնէր եղած սխալները որպէսզի ի պահանջեալ յարկի ուղղուին․․․

Սիրելի Արեւմտահայերէնի պահապաններ, երբ Սփիւռքի նախարարի կամ կամակատարի եւ կրթութեան նախարարութեան կողմէ հրաւիրուիք Երեւան համագումարներու, վերապատրաստուելու, կարծիքներ եւ առաջարկներ փոխանակելու, ինչ՞ կընէք, ինչի՞ մասին կը խօսիք, ինչ՞ որոշումներ կառնէք․

Եթէ ձեզ համար հաճելի է որ Հայաստանի հանրապետութեան 11-րդ դասարանի աշակերտները այս կերպ սորուին, այսպէս հասկնան, այսպէս ընդունեն Արեւմտահայերէնը ապա դուք աւելի եւս արժանի էք ռաֆայէլի թուքին գան գիրքի հեղինակները․․․

Բարեւս տուի անցայ գնացի

Հ․Գ․ ոմանք պիտի փորձէն այս նիւթի մէջ եւս քաղաքականութիւն ներբեռնել եւ ըսել թէ այս գիրքը տպագրուած է 2010 թուականին հետեւաբար նախկիններն են պատասխանատուն, կամ պիտի ըսեն դաշնակցական նախարարն է պատասխանատուն, Յարգելիներ՝, Ռաֆայէլ պատկանեանը չհարցուց ով՞ է նախարարը, չհարցուց ինչ՞ գաղափարի է նախարարը, Իրէն չի հետաքրքրէր, անձնապէս ինձ ալ չի հետաքրքրէ նախարարի կամ պաշտօնեայի անհատը, այլ այն որ եթէ շահ չունի Հայաստան ուրեմն թքել է, իսկ այս պարագային կը կարծեմ բացի վնասէն ոչ մէկ շահ չունի Հայաստան այս գիրքէն

Զարեհ Եահնիեան

Զարեհ Եահնիեան

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail