Անհրաժեշտ Է Զսպել Թուրքիոյ Նկրտումները. Վերա Եագուպեան

Միջին Արեւելքի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան

Անհրաժեշտ Է Զսպել Թուրքիոյ Նկրտումները. Վերա Եագուպեան

25 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԸ:

Միջին Արեւելքի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող զարգացումները նկատի ունենալով՝ Հայաստան պէտք է աշխոյժ կերպով աշխատի արաբական աշխարհին հետ՝ թէ՛ սեփական շահերը յառաջ տանելու, թէ՛ Թուրքիա-Ատրպէյճան հակաքարոզչութեան հակազդելու համար:

«Ընդհանուր առմամբ, արաբական աշխարհին հետ յարաբերութիւնները սերտացնելու առումով, ըստ ինծի, Հայաստան թերացած է: Ասիկա տարիներ առաջ պէտք է կատարուէր, մանաւանդ որ անոր համար կար պարարտ հող՝ այդ երկիրներուն մէջ հայկական համայնքները: Այսօր աւելի քան երբեք Հայաստան զանազան ոլորտներու մէջ իր կապերը պէտք է սերտացնէ արաբական աշխարհին հետ՝ հակակշռելով Ատրպէյճան-Թուրքիա հակաքարոզչութիւնը», յայտնեց Վերա Եագուպեան: Ան ընդգծեց, որ այսօր այդ տեսանկիւնէն Հայաստան որեւէ արգելք չունի՝ աւելցնելով, որ վերջերս Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան այցելութիւն տուաւ Եգիպտոս, ուր ունեցաւ բարձր մակարդակի հանդիպումներ։ Այդ այցելութիւնը եւ հանդիպումները դրական շեշտադրումով իրենց անդրադարձը գտան արաբական մամուլին մէջ:

«Կը կարծեմ, թէ տարածաշրջանին մէջ այս նոր ձեւաւորուող ճակատներուն վրայ Հայաստան պէտք է իր տեղը ունենայ, քաղաքական աշխոյժ յարաբերութիւններով կարենայ սերտ կապեր ստեղծել արաբական գլխաւոր ճակատներուն հետ, որպէսզի հակակշռէ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հակաքարոզչութիւնը», յայտնեց Հայ Դատի գործիչը: Ան նշեց, որ ասիկա կարեւոր է՝ մանաւանդ որ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հակաքարոզչութիւնը կը շարունակուի՝ ժամանակ առ ժամանակ տարբեր դրսեւորումներ ստանալով: Այժմ ալ ատրպէյճանական մամուլին մէջ շրջանառութեան մէջ դրուած է այն տեղեկութիւնը՝ իբր թէ Հայաստան, համագործակցելով քիւրտերուն հետ, վարձկաններ կը բերէ Ատրպէյճանի ուղղութեամբ յարձակումներ կազմակերպելու համար: Ըստ Վերա Եագուպեանի՝ իռականութեան մէջ, այսպիսի քայլով փորձ կը կատարուի միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը շեղելու այն տեղեկութիւններէն, ըստ որոնց, Թուրքիա բաւական կազմակերպուած աշխատանք տարաւ Սուրիայէն Ատրպէյճան եւ Լիպիա բազմաթիւ ահաբեկիչներ տանելու՝ խոստանալով դրամական պարգեւ:

«Թուրքիա կ՛ընթանայ իր ծաւալապաշտական նկրտումներու ուղիով՝ Միջին Արեւելքի եւ Արեւելեան Միջերկրականի մէջ: Թուրքիա որեւէ միջոցի կը դիմէ, որպէսզի տարածաշրջանը ապակայունացնէ եւ իր հակառակորդները զբաղեցնէ կողմնակի կռիւներով: Այսպիսով, տարբեր միջոցներով այնպէս կ՛ընէ, որ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը շեղէ իր իրական նպատակներէն», ըսաւ Եագուպեան, որ Թուրքիոյ ծաւալապաշտական նկրտումները սանձելու առումով մատնանշեց Եգիպտոսի, Յունաստանի, Կիպրոսի, Յորդանանի, Իտալիոյ եւ Իսրայէլի կողմէ տարածաշրջանային կազային ձեւաչափ հիմնելու նախաձեռնութիւնը: Ասիկա կը նշանակէ, որ այս պետութիւնները կը պատրաստուին կազմելու հակաթրքական ճակատ՝ փորձելով սանձել Թուրքիոյ ծաւալապաշտական ախորժակները:

Միջին Արեւելքի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան

yerakouyn.com/2020/09/25/անհրաժեշտ-է-զսպել-թուրքիոյ-նկրտումնե/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail