
03 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016
Սէուտական Արաբիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ զանազան քաղաքներու մէջ մահապատիժի
ենթարկուած են ահաբեկչա կան յանցանքներով 47 դատապարտեալներ` ներառեալշէյխ Նըմր Պաքէր Նըմրը:
Նախարարութեան համաձայն,ամբաստանեալներուն դէմմահապատիժի գործադրուածէ, որովհետեւ անոնք դիմածէին ծայրայեղա կանութեան,խախտած էին կրօնականսկզբունքները եւ ուսու ցումները, պայթեցուցած էին քաղաքացիական շէնքեր,
առեւտրա կան կեդրոններ, քարիւղայինընկերութիւններ, սպաննած էին ապահովական ուժերու զինուորականներ, հաւաքած էին զէնք ու զինամթերք, վտանգելովերկրի ապահովութիւնը:
Ըստ նախարարութեան, մահապատիժի ենթարկուած ամբաստան եալները կը վտանգէին երկրիտնտեսութիւնը եւ ծրագրած էին հարուածել դեսպանատուներեւ հիւպատոսութիւններ:
Արդարադատութեան նախարարութեան բանբերը իր կարգին յայտարարեց, որ շէյխ Նըմրն ու 46 այլ ամբաստանեալներու մահապատիժի գործադրութիւնը առարկայական քայլմըն էր` հիմնուած նիւթական ապացոյցներու վրայ:
Բանբերինհամաձայն, մահապատիժները գործադրուած են 12 քաղաքներու բանտերու մէջ:
Մեր դատական համակարգը հիմնուած էառարկայական մօտեցումի վրայ, անտեսելով յարանուանական եւ սեռային նկատառումները, ըսաւ բանբերը:
ԱՐԱՐԱՏ
http://www.araraddaily.com





