ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ – Անդրադարձ – Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Այս Աշխարհին Լոյսը
26 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2020 – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:
ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Ատենէ մը ի վեր կը փորձեմ նստիլ գրասեղանիս առջեւ եւ համախմբել միտքերս` թուղթին յանձնելու համար զանոնք, մտածելով ընդհանրապէս ազգը յուզող հարցերու եւ ի մասնաւորի լիբանանահայ գաղութին վերաբերող հրատապ հարցերու մասին, որովհետեւ ես զաւակն եմ այդ գաղութին, հակառակ անոր որ երկար տարիներէ ի վեր հոն չեմ բնակիր, բայց անկարող կերպով գրիչս վար կը դնեմ:
Անշուշտ պատճառը յուսահատութիւնն ու յուսաբեկումն է, որ կը պատէ Լիբանանի հորիզոնը: Կարծես անվերջանալի հողմապտոյտի կամ փոթորիկի մէջ ըլլանք քաղաքական-տնտեսական իմաստով, իրավիճակ մը, որուն վերջը չենք տեսներ:
Կը կարեկցիմ սիրելի գաղութիս զաւակներուն, որոնք հարուած հարուածի ետեւէ ստանալով կը հիւծին, կը մաշին եւ դժբախտաբար քանդումի կ՛առաջնորդուին:
Քաղաքական խլրտում, տնտեսական անկայունութիւն, «Քորոնա» ժահրի համավարակ, պատերազմի արձագանգներ, եւ տակաւին ի՞նչ…
Քաղաքական վերլուծում չէ, որ կ՛ուզեմ կատարել. պարզապէս կը փորձեմ ցաւը, կսկիծը, մորմոքը եւ վիշտը բաժնել իմ լիբանանահայ անգին քոյրերուս եւ եղբայրներուս հետ:
Յարգանք, պատկառանք եւ խոնարհութիւն բոլոր ազգային կազմակերպութիւններուն, կուսակցութիւններուն, խմբակցութիւններուն եւ նուիրատու անձնաւորութիւններուն, որոնք ճիգ չխնայեցին լիբանանահայութեան վիշտը ամոքելու` այս դժնդակ պայմաններու մէջ:
Այս դժուար ու խրթին պայմաններուն մէջն է, որ «իսկական» մարդը` օժտուած հոգեկան բիւրեղ արժէքներով, ծառայասէր, նուիրեալ, մէկ խօսքով` գլխագիր մարդը կը զանազանուի այլ մարդոցմէ` դառնալով լոյսը իր շրջապատին: «Դուք էք աշխարհին լոյսը», կ՛ըսէ Աստուածաշունչը» (Մտթ.. 5:14):
Երբ մարդկութիւնը կը դատարկուի իր բարոյական արժէքներէն, երբ մնայուն արժէքները կ՛անտեսուին ու գնայունները կը գնահատուին եւ երբ մութ ամպերը կը պատեն մեր հոգեկան աշխարհը` դո՛ւք եղէք լոյսը ձեր շրջապատին: Հո՛ս է, որ պէտք է ցոյց տանք քրիստոնէութեան մեր հասկացողութիւնը: Այժմ կ՛ուզեմ մէջբերել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի խորախորհուրդ խօսքերէն մէկը. «Իրաւ քրիստոնեայ մարդուն համար կեանքը համակ սէր է, ինքնընծայում, ամբողջանուէր եւ անսակարկ ծառայութիւն` Աստուծոյ, մարդկութեան, քրիստոնէական արժէքներուն եւ սկզբունքներուն»:
Մեր պատմութեան էջերը եղած են լեցուն լուսաւոր դէմքերով, որոնք ամէնէն դաժան եւ անհարթ օրերուն լուսաւորած են իրենց շրջապատը:
Երբ հոգեկան արժէքներու գահավիժումը կ՛ընդհանրանայ, եւ թափանցիկ ու անտարբեր նայուածքները կը բազմապատկուին, մարդկութիւնը կը դատարկուի քրիստոնէական պատգամէ, եւ թշուառութիւնն ու վիշտը կը շրջապատեն բոլորը, պէտք է դառնանք ջահակիրներ, պէտք է դառնանք լոյսը այս մութ աշխարհին:
aztagdaily.com/archives/484353