Քանի Մը Օրուան Ընթացքին Հակառակորդը Պիտի Ծունկի Բերենք. Արայիկ Յարութիւնեան

The President of the Artsakh Republic Arayik Harutyunyan

Քանի Մը Օրուան Ընթացքին Հակառակորդը Պիտի Ծունկի Բերենք. Արայիկ Յարութիւնեան

28 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2020 – ԱՐՑԱԽ:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան համոզուած է, որ պիտի յաջողուի քանի մը օրուան մէջ հակառակորդը ծունկի բերել: Այս մասին Արցախի նախագահը ըսած է կամաւորականներու հետ հանդիպման ընթացքին:

«Օմարէն մինչեւ Արաքս բոլոր ուղղութիւններով յարձակած են, հարիւրաւոր հրասայլերով: Բայց տասնեակ, եթէ ոչ հարիւրի հասնող զինամթերք արդէն այս երկու օրուան ընթացքին կորսնցուցած են: Գրեթէ առաջխաղացում չունին: Քանի մը դիրք վերցուցած են:

Բոլորդ փորձառու էք, կը հասկնաք դիրք տալը ինչ է, եւ կու տանք, եւ կը վերցնենք, բայց վերջաւորութեան, որ կը վերցնենք, ալ չենք տար: Ասիկա մեր վերջին ու ամենապատասխանատու ճակատամարտը պիտի ըլլայ: Քանի մը օրուան ընթացքին հակառակորդը պիտի ծունկի բերենք: Եւ ատիկա պիտի յաջողցնենք:

Պիտի յաջողինք, որովհետեւ ձեր նման հայրենասէրներ ունինք, ձեր նման հայրենասէր Արցախի քաղաքացիներ ունինք»,- ըսած է Յարութիւնեանը:

www.facebook.com/100007080671231/videos/2869888669923794/?t=0

The President of the Artsakh Republic Arayik Harutyunyan

yerakouyn.com/2020/09/28/քանի-մը-օրուան-ընթացքին-հակառակորդը-պ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail