ՊԲ-ն Կասեցուցած է Թշնամիի Գրոհը եւ Ի Վիճակի Է Թշնամիի Տարածք Տեղափոխելու. Արցախի ԱԺ Նախագահ

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան

ՊԲ-ն Կասեցուցած է Թշնամիի Գրոհը եւ Ի Վիճակի Է Թշնամիի Տարածք Տեղափոխելու. Արցախի ԱԺ Նախագահ

28 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2020 – ԱՐՑԱԽ:

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեանի կարծիքով` Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած մարտական գործողութիւնները Արցախի դէմ ոչ թէ Ազրպէյճանի ժողովուրդին պատերազմն է, այլ՝ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի իշխանութիւնը պահելու:

«Ազրպէյճանի ժողովուրդը թող ժողովրդավարական ճանապարհով իշխանութիւններ ընտրէ, եւ մենք պատրաստ ենք բանակցելու, որովհետեւ այդ հարցերուն շրջանակը ոչ թէ կը վերաբերի Երեւանին, այլ կը վերաբերի Պաքուին եւ Ստեփանակերտին»,- ըստ Armenpress.am-ի, մամուլի ասուլիսին ժամանակ այս մասին ըսած է Թովմասեանը՝ անհրաժեշտ համարելով Արցախը իբրեւ բանակցային կողմ ներգրաւելը:

Ան հաւաստիացուցած է, որ արդէն ՊԲ-ն կասեցուցած է թշնամիին գրոհը եւ ի վիճակի է տեղափոխելու թշնամիի տարածք ու մարտի ելքը վճռելու այնպէս, ինչպէս եղաւ 1992-94 թուականներու պատերազմին ժամանակ, ինչպէս եղաւ 2016 թուականի ապրիլեան պատերազմին ժամանակ, ինչպէս եղաւ տաւուշեան դէպքերուն ժամանակ:

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան

Ադրբեջանական տանկերի և կենդանի ուժի ոչնչացումը. The annihalation of Azerbaijani tanks and manpower

yerakouyn.com/2020/09/28/պբ-ն-կասեցուցած-է-թշնամիի-գրոհը-եւ-ի-վիճ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail