Ազրպէյճան, Թուրքիոյ Աջակցութեամբ, Լայնածաւալ Պատերազմական Գործուղութիւններու Կը Սանձազերծէ Արցախի Դէմ

The defense army of the republic of artsakh – L'armée de défense de la République d'Artsakh

Ազրպէյճան, Թուրքիոյ Աջակցութեամբ, Լայնածաւալ Պատերազմական Գործուղութիւններու Կը Սանձազերծէ Արցախի Դէմ

28 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2020 – ԱՐՑԱԽ:

Հայաստանի Եւ Արցախի Մէջ`
Ռազմական Դրութիւն Եւ Ընդհանուր Զօրահաւաք

Քանի մը օրերէ ի վեր ազրպէյճանական բռնապետական վարչախումբին կառավարական եւ զինուորական ամէնէն բարձր դիրքերէն հայութեան դէմ ուղղուած` պատերազմի վերսկսելու վերաբերեալ սպառնալիքներէն եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան` ամերիկացի քաղաքացիներուն ուղղուած հայ-ազրպէյճանական սահմանագիծ չայցելելու գծով զգուշացումներէն ետք, երէկ` 27 սեպտեմբերի կանուխ առաւօտեան Արցախ-Ազրպէյճան շփման գիծի ամբողջ երկայնքին Ազրպէյճան նախաձեռնեց աննախընթաց պատերազմական գործողութիւններու:

Ազրպէյճանի նախաձեռնած նախայարձակումը պատճառ դարձաւ, որ ե՛ւ Հայաստանի Հանրապետութեան, ե՛ւ Արցախի Հանրապետութեան տարածքին յայտարարուի ռազմական դրութիւն եւ ընդհանուր զօրահաւաք, 18 տարիքը ամբողջացուցած բոլոր տղամարդիկը կանչուին բանակ: Զօրաշարժը աննախադէպ էր, մինչեւ երեկոյեան ժամերը հազարաւոր հայորդիներ դիմած էին հայոց բանակի զինուորական կեդրոններ` արձանագրուելու համար իբրեւ կամաւոր: Ինչպէս 2016 թուականի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին, այս անգամ եւս ՀՅ Դաշնակցութիւնը առաջիններէն էր, որ ընդառաջեց ընդհանուր զօրաշարժի կոչին, եւ ՀՅԴ Շուշիի Առանձնակի գումարտակի հիման վրայ ստեղծուած «Կամաւորական շարժում» հասարակական կազմակերպութեան բազմաթիւ կամաւորներ ուղղուեցան առաջնագիծ:

Թշնամի Ազրպէյճան անօդաչու թռչող սարքերով հրթիռակոծեց մայրաքաղաք Ստեփանակերտը եւ այլ բնակելի վայրեր, ինչ որ պատճառ դարձաւ բազմաթիւ քաղաքային զոհերու եւ վիրաւորներու արձանագրման: Սա ցայտուն երեւոյթ մըն էր Ազրպէյճանի կողմէ մարդկային իրաւունքներու կոպիտ խախտման: Սակայն Արցախի պաշտպանութեան բանակը հերքեց Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած այն տեղեկութիւնը, թէ ազրպէյճանական բանակը գրաւած է արցախեան 6 բնակավայրեր: Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ հաղորդեց, որ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի ուղղութեամբ սանձազերծուած պատերազմական գործողութիւններուն իբրեւ հետեւանք ազրպէյճանական կողմը ունի կենդանի ուժի եւ զինուորական սարքերու մեծ կորուստներ: Արցախի պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումներուն կողմէ ոչնչացուած են թշնամիի 5 ուղղաթիռներ, շուրջ 27 անօդաչու թռչող սարքեր եւ 33 զրահապատներ ու հետեւակի մարտական մեքենաներ: Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան իր կարգին յայտարարեց, որ թշնամին ունի շուրջ 200 սպաննուած զինուոր:

Ըստ անոր, հայկական կողմը ունի 16 զոհ, 100 վիրաւորներէ, որոնցմէ 10-ը տեղափոխուած են Երեւան:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ  Փաշինեանի գլխաւորութեամբ երէկ աւելի ուշ կառավարութեան շէնքին մէջ տեղի ունեցած է Անվտանգութեան խորհուրդի արտահերթ նիստ, որուն, բացի  Անվտանգութեան խորհուրդի անդամներէն, մասնակցած են նաեւ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանը, Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանը, վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Էդուարդ Աղաջանեանը եւ Արտակարգ իրավիճակներու նախարար Ֆելիքս Ցոլակեանը: Նիստի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Արցախ-Ազրպէյճան սահմանագօտիին մէջ թշնամիին կողմէ սանձազերծուած ռազմական լայնածաւալ գործողութիւններուն, Զինուած ուժերուն  կողմէ անոնց արժանի հակահարուած տալուն եւ հետագայ քայլերուն վերաբերող հարցերու:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ խօսնակ Շուշան Ստեփանեան յայտնեց,թէ այն հանգամանքը, որ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը պաշտօնապէս յայտարարած է «հակայարձակման» սկսելու մասին, կը փաստէ, որ գործողութիւնները շատոնց ծրագրաւորուած եղած են: Այդ մասին կը վկայէ նաեւ այն հանգամանքը, որ աստիճանաւոր յարձակման մասին պաշտօնական հաղորդագրութենէն վայրկեաններ անց ալ ազրպէյճանական եւ թրքական լրատուամիջոցները առաջնագիծէն նիւթեր կը հրապարակեն:

 

Ստեփանեան բացատրեց, որ տարրական գիտելիք ունեցող ոեւէ զինուորական պիտի փաստէ, որ հակայարձակման գործողութեան ծրագրաւորումը շաբաթներ կը տեւէ: Աստիճանաւոր յարմակման մասին պաշտօնական հաղորդագրութենէն վայրկեաններ անց ալ ատրպէյճանական եւ թրքական լրատուամիջոցները առաջնագիծէն նիւթեր կը հրապարակեն, որ նոյնպէս կը փաստէ, որ Ազրպէյճանի ձեռնարկած սադրանքը նախապէս ծրագրուած էր:

Ակնյայտ է, որ Ազրպէյճան իր սանձազերծած պատերազմական լայնածաւալ գործողութիւններուն ձեռնարկած էր Թուրքիոյ անվերապահ աջակցութեան պայմաններուն մէջ: Ազրպէյճան-Թուրքիա այս դաշինքին` թշնամական երկեակին կարելի է դէմ դնել միայն հայութեան բոլոր կենսական ուժերը համախմբելով ու լարելով, պատերազմական պայմաններուն մէջ թիկունքը ամուր պահելով: Աներկբայ է, որ եթէ յարձակողապաշտ եւ պատերազմական գործողութիւնները շարունակուին, անոնց ամբողջ պատասխանատուութիւնը պիտի կրեն Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի քաղաքական ու զինուորական բարձրագոյն ղեկավարութիւնները: Եւ հայ ազգը շատ լաւ կը գիտակցի այս իրականութեան, կը գիտակցի նաեւ, որ պատերազմական գործողութիւններուն սկսելու պահէն իսկ իւրաքանչիւր հայ պէտք է ինքզինք զգայ իբրեւ հայոց բանակի զինուորը…

Ադրբեջանական զինտեխնիկայի հերթական խոցումները:
Տարբեր ինտենիսվությամբ մարտեր են ընթանում։ Արցախի ՊԲ ստորաբաժանումները առանձին հատվածներում հաջողությամբ իրականացնում են պատժիչ գործողություններ։ Մեր զինծառայողների մարտական ոգին բարձր է։

aztagdaily.com/archives/484493

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail