«Մենք Հայրենիքին Ու Հայոց Բանակին Կողքին Ենք» Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Մենք Հայրենիքին Ու Հայոց Բանակին Կողքին Ենք» Արամ Ա. Կաթողիկոս

28 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:

Երէկ՝ կիրակի, 27 սեպտեմբեր 2020-ին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը կապ հաստատեց Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հետ եւ իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց հայոց բանակին։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական բաժանմունքէն կը յայտնեն, թէ Արամ Ա. կաթողիկոս ըսած է. «Այս ժամերուն Ազրպէյճանի բանակը սկսած է յարձակումներ գործել Արցախի սահմանի երկայնքին։ Հայոց բանակը ուժեղ կերպով կը դիմադրէ հակառակորդի յարձակումներուն։

«Կոչ կ’ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ զանազան կերպերով իրենց ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեն հայրենիքին ու հայոց բանակին։

«Երբ հայրենիքը վտանգի ենթակայ է, ողջ հայութիւնը կը դառնայ հայոց բանակ։ Ա՛յս կը վկայէ մեր պատմութիւնը. ա՛յս է մեր պատմութեան պատգամը։

«Կ’աղօթենք առ բարձրեալն Աստուած, որ մեր հայրենիքը ու բանակը հեռու պահէ ամէն տեսակ երեւելի ու աներեւոյթ չարերէ ու չարիքներէ»:

aztagdaily.com/archives/484535

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail