Միջազգային Հանրութեան Խաղաղութեան Կոչերուն Ազրպէյճանը Իրավիճակի Սրացումով Կ՝արձագանգէ. ՀՀ ԱԳՆ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւն

Միջազգային Հանրութեան Խաղաղութեան Կոչերուն Ազրպէյճանը Իրավիճակի Սրացումով Կ՝արձագանգէ. ՀՀ ԱԳՆ

02 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2020 –

ՀՀ ԱԳՆ-ն յայտարարութիւն տարածած է Ազրպէյճանի կողմէ ՀՀ տարածքի խաղաղ բնակավայրերը թիրախաւորելուն առնչութեամբ:

«Հոկտեմբեր 1-ին Ազրպէյճանի ԶՈւ հրետանի կիրառած է Հայաստանի Հանրապետութեան Գեղարքունիքի մարզի Շատուան գիւղին ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ հարուածային ԱԹՍ-էն հրթիռ արձակած է Մեծ Մասրիկ բնակավայրին վրայ, որուն հետեւանքով զոհուած է 1967 թ․ ծնունդ Գէորգ Վարդանեան, երկու քաղաքացիական անձ վիրաւորուած է տարբեր աստիճանի։ Աւելի ուշ ՀՀ օդային տարածք ներխուժած են հակառակորդի ԱԹՍ-ները եւ հետախուզական թռիչքներ իրականացուցած ՀՀ մայրաքաղաք Երեւանի մօտակայքը: Բոլոր ԱԹՍ-ները ՀՕՊ կողմէ ոչնչացուած են: Յատկանշական է, որ Ազրպէյճանը կ՝երթայ յետագայ սրացման՝ մարտական գործողութիւնները անյապաղ դադրեցնելու վերաբերեալ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներու առաջնորդներու յայտարարութենէն ժամեր անց:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ Ազրպէյճանի այս գործողութիւնները եւ կը գնահատէ զանոնք՝ իբրեւ հակամարտութեան յետագայ սրացման քայլ։ Թուրքիոյ հրահրումով եւ ուղղակի աջակցութեամբ տարածաշրջանային անվտանգութիւնը խաթարելու այս փորձը կը դիտարկենք՝ իբրեւ պատասխան միջազգային հանրութեան, մասնաւորապէս ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան խաղաղութիւն հաստատելու կոչերուն եւ ջանքերուն: Հակամարտութեան յետագայ սրացման ողջ պատասխանատւութիւնը կը կրէ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը»,- նշուած է հաղորդագրութեեան մէջ:

Yerakouyn.com/2020/10/02/միջազգային-հանրութեան-խաղաղութեան-կ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail