Հայաստանի Հակաօդային Պաշտպանութեան Համակարգերը Վար Կ՛առնեն Դէպի Հայաստանի Տարածք Ուղղուած Ազրպէյճանական Հրթիռները Եւ Անօդաչու Սարքերը
02 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2020 – ԴԷՊԻ ՅԱՂԹԱՆԱԿ:
Երէկ, պատերազմական գործողութիւններուն 5-րդ օրն ըլլալով, հայկական զինեալ ուժերը շարունակեցին յաջողութեան պատժիչ հարուածներ հասցնել ազրպէյճանական նախայարձակ բանակի կենդանի զինուժին, ջախջախել մեծ քանակութեամբ զրահամեքենաներ, անօդաչու թռչող սարքեր եւ պատերազմական օդանաւեր:
Երէկ ուշ երեկոյեան Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ քարտուղար Շուշան Ստեփանեան դիմատետրի իր էջով տեղեկացուց, որ Հայաստանի Կոտայքի մարզի օդային սահմաններուն մէջ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերով խոցուած է թշնամիի անօդաչու թռչող սարք: Իսկ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դիմատետրի իր էջով գրած է, թէ Հայաստանի հակաօդային պաշտպանութեան ուժերը արդէն իսկ ոչնչացուցած են Կոտայքի եւ Գեղարքունիքի մարզերու օդային սահմաններուն մէջ յայտնուած թշնամական չորս անօդաչու թռչող սարքեր:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան յայտնեց, որ, թէեւ նախանցեալ գիշեր մարտեր չեն եղած, սակայն երէկ լուսաբացէն ետք անոնք թէժացած են: Ըստ Յովհաննիսեանի, թշնամիի բոլոր յարձակողական փորձերը, անկախ չափերէն, անյաջողութեան մատնուած են: Ան վստահեցուց, որ հայկական զինուժը, թշնամին զրկելով յարձակումներու թափէն, միշտ չէ, որ միայն պաշտպանական մարտեր կը վարէ:
Վերջին օրուան ընթացքին (1 հոկտեմբեր 2020, «Ա.») հայկական կողմը խոցած է 3 ուղղաթիռ (մէկը` արդիական), 3 պատերազմական օդանաւ, 15 զրահամեքենայ, 1 «Սմերչ» կայանք ու 6 անօդաչու թռչող սարք:
Ան դիտել տուաւ, որ տեղի ունեցող մարտական գործողութիւններուն իբրեւ հետեւանք թշնամին ունեցած է յաւելեալ 350-360 մահ, վիրաւորուած է 600 զինուոր:
Արծրուն Յովհաննիսեան անդրադարձաւ նաեւ այն իրողութեան, որ Ազրպէյճան կը շարունակէ թիրախ դարձնել խաղաղ բնակիչները:
Աւելի ուշ թշնամին ռմբակոծեց Վարդենիս-Սոթք մայրուղին:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ քարտուղար Վահրամ Պօղոսեան դիտել տուաւ, որ Ազրպէյճանի այն զինուորները, որոնց դիակները յայտնուած են Արցախի տարածքին մէջ, բոլորին գրպաններուն մէջ յայտնաբերուած են ներարկիչներ:
Պօղոսեան նաեւ տեղեկացուց, որ Ազրպէյճանի մահերուն մեծ մասը եղած է Ազրպէյճանի մէջ ապրող ազգային փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչ:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի բանբեր Շուշան Ստեփանեան 1 հոկտեմբերի ուշ երեկոյեան յայտնեց, որ Ազրպէյճան հրետանի կիրարկած է Հայաստանի Գեղարքունիքի մարզի Շատվան գիւղին ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ հարուածային անօդաչու թռչող սարքէն հրթիռ արձակած է Մեծ Մասրիկ բնակավայրին վրայ: Զոհուած է 1967-ի ծնունդ Գէորգ Վարդանեանը, երկու քաղաքացիներ վիրաւորուած են:
1 հոկտեմբերին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան ընդունեց Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճոնաթան Լաքոթը:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը դեսպանին տեղեկացուց, որ Թուրքիոյ անվերապահ աջակցութեամբ Ազրպէյճանի նախաձեռնած ռազմական գործողութիւններու ծաւալը աննախադէպ է:
Նախարարը ընդգծեց, որ պաշտպանութեան բանակը կը կատարէ իր առջեւ դրուած խնդիրները, իսկ ազրպէյճանական զինուած ուժերու նախայարձակ գործողութիւնները շարունակաբար պիտի ստանան կործանարար հարուածներ, եւ այդ գործընթացը արդէն սկսած է:
Դեսպանը իր ցաւակցութիւնը յայտնեց վերջին օրերու զինուորական ու քաղաքացիական զոհերուն համար եւ նշեց, որ Ֆրանսա խիստ անհանգստացած է իրավիճակին լարուածութեամբ եւ ուշադրութեամբ կը հետեւի զարգացումներուն:
Հանդիպման ընթացքին համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ մնայուն կերպով կապի մէջ ըլլալու եւ զարգացումներուն մասին տեղեկատուութիւն փոխանակելու:
Արցախի Մարտունի քաղաքի քաղաքապետարանի շէնքին մէջ ազրպէյճանական բանակին կողմէ թիրախաւորուած է լրագրողներու խումբ մը: Ռմբակոծման իբրեւ հետեւանք վիրաւորուած են ֆրանսական «Լը Մոնտ» պարբերականի երկու լրագրողներ` Եաղոպզատեն Ռաֆայել Շարլզը եւ Ալան Քավալը, Ֆրանսայի քաղաքացի, Հայաստանի «Արմենիա» պատկերասփիւռի կայանի նկարիչ Արամ Գրիգորեան եւ «24news»-ի լրագրող Սեւակ Վարդումեան: Թիրախաւորուած էր նաեւ «Ֆրանս փրես» լրատու գործակալութեան լրագրողներու ինքնաշարժը:
Ռմբակոծման իբրեւ հետեւանք զոհուած է նաեւ լրագրողական խումբին ընկերակցող խաղաղ բնակիչ մը: Ազրպէյճանական բանակը թիրախաւորած է նաեւ Արցախ գտնուող լիբանանեան «Էլ.Պի.Սի.Այ.» պատկերասփիւռի կայանի լրագրողական խումբը:
Ֆրանսայի նախագահ էմանուել Մաքրոն յայտնեց, որ պիտի օգնէ, որպէսզի Արցախի մէջ վիրաւորուած լրագրողները Ղարաբաղէն կարելի եղածին չափ արագ տեղափոխուին` յատուկ օդանաւ տրամադրելով անոնց:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 1 հոկտեմբերին իր կնոջ Քրիստինէ Յարութիւնեանի հետ, պաշտպանութեան բանակի զինուորական հիւանդանոցին մէջ այցելեց 27 սեպտեմբերին Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած լայնածիր պատերազմին իբրեւ հետեւանք վիրաւորուած զինուորներուն:
Երկրին ղեկավարը զրուցեց անոնց հետ, հետաքրքրուեցաւ բուժման ընթացքով, մաղթեց շուտափույթ ապաքինում:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դիմատետրի իր էջին վրայ գրեց, որ քանի մը օր առաջ սկսած ազրպէյճանական յարձակումները պարզապէս Ղարաբաղի հարց չեն, այլ անոնք այլեւս դարձան միջազգային անվտանգութեան հարց, եւ հայ ժողովուրդը նաեւ կը պաշտպանէ միջազգային անվտանգութիւնը:
aztagdaily.com/archives/485021