Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Եւ Արտաքին Գործոց Նախարարները Պաշտօնապէս Յայտարարած Են` Անգարա Պիտի Շարունակէ Աջակցիլ Ազրպէյճանին
02 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2020 – Թուրքական պետութիւնը ահաբեկչական պէտութիւն է:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտարարած է, որ Անգարա պիտի շարունակէ աջակցիլ իր «տարածքային ամբողջականութիւնն ու ժողովուրդը պաշտպանող» Ազրպէյճանին:
Ան դարձեալ պնդած է. «Երեւանն է շրջանի խաղաղութեան ու կայունութեան մեծագոյն խոչընդոտը»:
Արցախի տագնապին լուծման անդրադարձած է նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու: Ան միջազգային ընտանիքին` մասնաւորապէս Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ կոչերը միակողմանի որակած է` պնդելով, թէ Թուրքիան պիտի շարունակէ աջակցիլ Ազրպէյճանին նաեւ դիւանագիտական հարթակներուն վրայ:
«Ռազմադաշտին մէջ, թէ բանակցային սեղանին վրայ, մենք Ազրպէյճանի հետ ենք», ըսած է թրքական դիւանագիտութեան պետը:
aztagdaily.com/archives/485059