Արցախի Պաշտպանութեան Բանակի Հրթիռային Հարուած` Գանձակ Քաղաքի Ռազմական Օդակայանին

Գյանջայի ռազմական օդանավակայանը հօդս ցնդեց

Արցախի Պաշտպանութեան Բանակի Հրթիռային Հարուած` Գանձակ Քաղաքի Ռազմական Օդակայանին

05 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2020 –

Ազրպէյճանական կողմը Հոկտեմբեր 4 -ին կորսնցուցած է 400 զինուոր, ունի 700 վիրաւոր, խոցուած է 13 զրահամեքենայ, 3 պատերազմական օդանաւ եւ 1 անօդաչու թռչող սարք: Այս մասին յայտնեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան:

Արծրուն Յովհաննիսեան նշած է, որ մարտերը կը շարունակուին հարաւային եւ հիւսիսային ուղղութիւններով. «Մարտերը չեն ունեցած նոյն յամառ ու ծանր բնոյթը, ինչ որ նախորդ 2 օրերուն էր: Սակայն թշնամին անգամ մը եւս ձեռնարկած է իր յարձակողական գործողութիւնները նոյն ուղղութիւններով` նախապէս կեդրոնացնելով որոշակի ուժեր: Մեր Զինուած ուժերը ետ մղած են գործողութիւնները` թշնամիին պատճառելով զգալի կորուստներ»:

Հոկտեմբեր 4-ին Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան լուսանկար հրապարակած է առաջնագիծէն եւ գրառում կատարած` «Բարի լոյսը` առաջնագիծէն զինուորի պատրաստած ամենահամով սուրճով` մեր հերոս տղոց հետ»:

Քիչ ետք նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան ըսած է. «Հրամանովս այսօր պաշտպանութեան բանակը Գանձակ քաղաքին մէջ տեղակայուած ռազմական կեդրոններու վնասազերծման նպատակով հասցուցած է քանի մը հրթիռային հարուած: Այս պահու դրութեամբ յանձնարարած եմ դադրեցնել կրակը` քաղաքացիական բնակչութեան շրջանակին մէջ անմեղ զոհերէ խուսափելու համար:

Թշնամիին կողմէ համապատասխան հետեւութիւններ չկատարելու պարագային մենք պիտի շարունակենք համաչափ ու հուժկու հարուածները` կազմալուծելով եւ կազմաքանդելով թշնամիին բանակը եւ թիկունքը:

Մենք մինչեւ վերջ վճռական ենք մեր գործողութիւններուն մէջ:

Կա՛նգ առէք, քանի դեռ ուշ չէ»:

Աւելի ուշ, նախագահ Յարութիւնեան ըսած է. «Հակառակ բազմաթիւ նախազգուշացումներուն` Ազրպէյճանի ահաբեկչական բանակը կը շարունակէ թիրախաւորել Ստեփանակերտի խաղաղ բնակչութիւնը` օգտագործելով «Փոլոնեզ» եւ «Սմերչ» համակարգեր:

Ազրպէյճանի մեծ քաղաքներուն մէջ մնայուն տեղակայուած զինուորական կեդրոնները այսուհետեւ դարձան պաշտպանութեան բանակի թիրախները: Ազրպէյճանի բնակչութեան կոչ կ՛ուղղեմ արագ լքել այդ քաղաքները` հաւանական կորուստներէ խուսափելու համար:

Այս բոլորին պատասխանատուութիւնը կը կրէ Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը»:

Պաշտպանութեան բանակը հրապարակած է տեսանիւթ, որուն մէջ ներկայացուած են թշնամիի զօրքի փախուստի նկարները` վերնագրելով` «Փախուստ Մատաղիսէն»:

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան դիմատետրի իր էջով ուղիղ եթերի ժամանակ ըսած է, որ պէտք է շարունակել պայքարը Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն դէմ` ընդգծելով, որ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կեղծ աշխարհաքաղաքական ձգտումներուն եւ իշխանութիւնը պահելու մոլուցքին հետեւանքները պիտի քաղէ Ազրպէյճանի ժողովուրդը: «Կ՛ուզեմ, որ բոլորս միասին պայքարինք Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն դէմ, բայց ոչ ազրպէյճանցիներուն: Ես կ՛ուզեմ, որ մեր հայերը գիտակցին` Ազրպէյճանի ժողովուրդը գերի է բռնապետ իշխանութեան եւ Թուրքիոյ ձեռքը»:

Արցախի նախագահը, դիմելով Հայաստանի եւ սփիւռքի հայերուն, բաձր գնահատեց բոլորին համախմբուածութիւնը, աջակցութեան ցուցաբերումը:

Շաբաթ, 3 եւ Կիրակի 4 Հոկտեմբերին Ազրպէյճանը շարունակած է է հարուածել Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտը: Քաղաքը հոսանքազրկուած է:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Վահրամ Պօղոսեան տեղեկացուցած է, որ ազրպէյճանական կողմի հրետակոծութիւններուն պատճառով Ստեփանակերտի քաղաքացիական շարքերուն մէջ կան մարդկային կորուստներ:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը կարծէ, որ եւրոպական երկիրները պէտք է յստակօրէն դատապարտեն Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ ահաբեկիչներու միացեալ յարձակումը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի վրայ: Այս մասին վարչապետ Փաշինեան ըսած է գերմանական յառաջատար «Պիլտ» պարբերականին տուած հարցազրոյցին:

«Ես կը կարծեմ, որ եւրոպական երկիրները պէտք է յստակօրէն դատապարտեն բռնութիւնը, բռնութիւններու մեկնարկը եւ Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ ահաբեկիչներու միացեալ յարձակումը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի վրայ: Եթէ միջազգային հանրութիւնը ճշգրիտ չգնահատէ այս իրավիճակի աշխարհաքաղաքական նշանակութիւնը, ուրեմն Եւրոպան պէտք է Թուրքիոյ սպասէ Վիեննայի մերձակայքը», ըսած է վարչապետ Փաշինեան:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան ստորագրած է հրամանագիրներ «Արցախի հերոս» բարձրագոյն կոչում շնորհելու մասին: Նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան ընդհանուր վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ Արցախի Հանրապետութեան նախագահը հայրենիքի պաշտպանութեան ու անվտանգութեան ապահովման գործին մէջ Արցախի Հանրապետութեան մատուցած բացառիկ ծառայութիւններու, ցուցաբերած քաջութեան ու անձնական արիութեան համար Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի զինուորներ Դաւիթ Ղազարեանին (յետմահու), Էտկար Մարկոսեանին, Եուրա Ալավերդեանին, Դաւիթ Գրիգորեանին, Սերկեյ Շաքարեանին շնորհած է «Արցախի հերոս» բարձրագոյն կոչում` յանձնելով «Ոսկիէ արծիւ» շքանշան:

yerakouyn.com/2020/10/05/արցախի-պաշտպանութեան-բանակի-հրթիռայ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail