Կրկին Պատերազմ. Նպատակ՝ Հայաթափել Արցախն Ու Հայաստանը Երթեւեկող Համանագահները Ի՞նչ Կը Բանին

Soldier of the Artsakh Republic Defense Army

Կրկին Պատերազմ. Նպատակ՝ Հայաթափել Արցախն Ու Հայաստանը Երթեւեկող Համանագահները Ի՞նչ Կը Բանին

01 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2020 –

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Փորձել, դիմագրաւել, յարատեւել, ինքզինքին հաւատարիմ ըլլալ, ճակատագրին կառչիլ, զարմացնել աղէտը անոր այն քիչ վախով որ ան մեզի կը պատճառէ, յաճախ ճակատիլ անարդար ուժին դէմ, յաճախ նախատել գինով յաղթանակը, դիմադրել, ահաւասիկ օրինակը որուն պէտք ունին ժողովուրդները, եւ լոյսը զիրենք կ’ելեկտրականացնէ:

Թշուառները, Վիքթոր Հիւկօ

Կիրակի, 27 սեպտեմբեր 2020:

Երթեւեկող համանախագահները ի՞նչ կը բանին, երբ պատերազմ կը շղթայազերծուի Արցախի Հանրապետութեան եւ անոր ժողովուրդին դէմ, զիրենք եւ իրենց ներկայացուցած պետութիւնները արհամարհելով:

Քաղաքակիրթ աշխարհի եւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան աչքին առջեւ, թուրք-ազրպէյճանական հայաջինջ եւ ոճրային քաղաքականութիւն է, երբ Արցախի հայկական հարազատ հանրապետութիւնը եւ ժողովուրդը թիրախ են հերթական նախայարձակման:

Արցախի պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Ջալալ Յարութիւնեան մարտակոչ հրապարակած է, որ սրահ յուզող բեմական ճառ չէ, այլ՝ ազգային գոյութենական գիտակցութիւն եւ կրկնուող նախայարձակումներու քաղաքական միտքի պարզաբանում:

Պարզաբանում, պարտականութեան տէր կանգնելու հրաւէր, ուղղուած իւրաքանչիւր հայու, ոչ միայն Արցախի բանակին: Ջալալ Յարութիւնեանի մարտակոչը մեզ յանձնառութեան հրաւիրող երկու առանցքային կէտ ունի.

ա. 2016 թուականի մարտական գործողութիւններից շուրջ չորս տարի անց հակառակորդը կրկին դիմել է զէնքի ուժին՝ կարծելով, թէ այդ ճանապարհով կարողանալու է յօգուտ իրեն լուծել արցախեան հիմնահարցը:

բ. Այդ ծրագրերը մեզ յայտնի են վաղուց, դրանց էութիւնը կարելի է արտայայտել մի բառակապակցութեամբ՝ հայաթափել Արցախն ու Հայաստանը (ընդգծ. Յ.Պ.):

Ի՞նչ բանի ծառայած են եւ կը ծառայեն համանախագահները եւ անոնց հզօր պետութիւնները, եթէ անկարող են յարգել տալ զինադադարը, առաջքը առնել մարդկային իրաւունք, արդարութիւն, եւ այլ միջազգային արժէքներ ոտնակոխող նախայարձակումներու:

Եթէ Ազրպէյճան որոշած է ԶԷՆՔԻ ՈՒԺՈՎ լուծել հակամարտութիւնը, այդ կը նշանակէ, որ կը թքէ համանախագահներուն եւ անոնց ներկայացուցած պետութիւններուն վրայ:

Արցախի վրայ առանց յայտարարութեան կատարուած յարձակումը անտեսումն է միջազգային ընդունուած կանոններու: Տարրական ողջախոհութիւնը կ’ըսէ նաեւ, որ ան յարձակում է Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի վրայ: Բայց ինչպէս իր երէց եղբայր Թուրքիան, Ազրպէյճանն ալ վարժուած է անպատժելիութեան: Ո՞վ եւ որոնք են այս անպատժելիութեան մեղսակիցները. անոնք են՝ որոնք իրենք զիրենք կարգած են դատաւոր եւ իրաւարար: Այսքան պարզ ճշմարտութիւն սփիւռքը պէտք է առանց ճապկումի ըսէ համապատասխան կառավարութիւններուն:

Փաստ են ազրպէյճանական նախայարձակումէն քանի մը ժամ ետք, լրատուամիջոցներու գիտակցաբար շփոթեցնող խօսքերն են, որ մեղսակցութիւն են եւ քաջալերանք նախայարձակին: Ֆրանսական լրատուամիջոցներ կը խօսին Ղարաբաղի մէջ Ազրպէյճանի եւ հայ անջատողականներու միջեւ մահասփիւռ կռիւներու մասին:… Հայաստան ընդհանուր զօրակոչ եւ պատերազմական վիճակ կը յայտարարէ…

Կրկին զոհուած հայեր կան:

Նախայարձակման եւ ուրիշներու պիղատոսական մեղսակցութեան պայմաններուն մէջ, պիտի գիտնանք, որ մենք պիտի վստահինք միայն մեր ուժերուն: Ամենայն յստակութեամբ, զօր. Ջալալ Յարութիւնեան արտաքին աշխարհին, բայց առաջին հերթին մեզի, հեռուի եւ մօտի բոլոր հայերուն կ’ըսէ, որ դաւադրութիւն կայ, 1915ի հայաջինջ քաղաքականութիւնը իր լրումին հասցնելու միտումով:

Զօրավարը կ’ըսէ. Այդ ծրագրերը մեզ յայտնի են վաղուց, դրանց էութիւնը կարելի է արտայայտել մի բառակապակցութեամբ՝ հայաթափել Արցախն ու Հայաստանը:

Համահայկական պատասխանատուութեան եւ անսեթեւեթ յանձնառութեան պահն է: Կը գերանցե՞նք տարբերութիւն, մրցակցութիւն, շահախնդրութիւն եւ ես, կը ստեղծե՞նք մէկ ճակատ, կ’ըլլա՞նք մէկ բռունցք, որպէսզի մեզի չպարտադրուին կրկին, մեր իրաւունքը կորսնցնելու կամ անոնցմէ հրաժարելու պայմաններ:

Համահայկականը մէկութիւն է, սփիւռքի յաճախ յիշուող տասը կամ տասնըհինգ միլիոնին ոչ միայն բարեսիրութեամբ, նուիրատուութեամբ, այլ ազգի եւ հայրենիքի ճակատագիրը պաշտպանելու, զոհաբերելու, զոհուելու եւ որոշելու յանձնառութիւնը՝ բոլոր մակարդակներու վրայ:

Միջազգային ղեկավարութիւններուն եւ կոյր հանրային կարծիքին ուշադրութեան պէտք է յանձնել սպառնալիքը, զանոնք պատասխանատուութեան հրաւիրել, ցոյց տալ, որ ազրպէյճանական ապօրէն նախայարձակումը տեղի կ’ունենայ թուրք-ազերի միացեալ ռազմափորձերէն անմիջապէս ետք: Այս ալ օղակներէն մին է Թուրքիոյ հետապնդած նոր-օսմանական նուաճողական քաղաքականութեան: Եթէ յաջողի, նուաճումներու բեմը կ’ընդարձակուի, կը ներառնէ Միջերկրականը, Պալքանեան երկիրները, կը տարածուի դէպի Ասիոյ թրքացեղ ժողովուրդները, մինչեւ Չինաստան, ապա հերթը կը հասնի Եւրոպայի, որմէ ետք՝ Ամերիկաներ… Այս երեւակայածին աղէտի դիպաշար չէ:

Պճեղ մը իրատեսութիւն կը բաւէ տեսնելու համար, որ փոքրիկ Հայաստանի հետ, Եւրոպան, Ռուսիան, Չինաստանը, արաբական աշխարհը եւ Ամերիկաները նոյն նաւուն վրայ կը գտնուին:

Այս նախայարձակումը պէտք է դիտել Թուրքիոյ նախաձեռնութիւններուն ծիրէն ներս, որպէս ազգայնամոլ մոլեռանդ զանգուածի ուշադրութիւնը շեղեցնելու փորձ, նկատի ունենալով, որ արեւելեան Միջերկրականի մէջ իր նոր-օսմանական ծաւալապաշտական փորձերը չեն յաջողիր եւ զանգուածի մոլեռանդութիւնը վառ պահելու համար կրակի պէտք կայ, երէկ՝ Սուրիա, յունական կղզիներ, այսօր Արցախ:

Մաղթել, որ ինչպէս առաջին աշխարհամարտին, մեր կուրծքերը ուռեցուցած փոքրիկ դաշնակիցի հաճոյախօսութեամբ չենք խաբուիր, եւ այդ ըսողները այդքանով իրենց խիղճը չեն հանդարտեցներ, իրենց աչքերը խուփ պահելով վերահաս վտանգներու դէմ:

Մինչ այդ մեր տոկալու եւ տեւելու կամքին արտայայտութիւնը պէտք է ըլլան մեր միասնութիւնը, աներկբայ եւ ներկայ յանձնառութիւնը:

27 սեպտեմբեր 2020, Նուազի-լը-Կրան

yerakouyn.com/2020/10/05/կրկին-պատերազմ-նպատակ՝-հայաթափել-արց-2/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail