ՊԲ-ն Մարտավարական Հնարքի Միջոցով Ծուղակի Մէջ Ձգած Է Հակառակորդը եւ Ոչնչացուցած Անոր Ստորաբաժանման Մեծ Մասը
05 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2020 –
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակը ռազմաճակատի ամենաբարդ ուղղութիւններէն մէկուն մէջ, Հոկտեմբեր 5-ին, կիրառած է մարտավարական հնարքներ՝ ծուղակը ձգելով հակառակորդը եւ ոչնչացնելով անոր ստորաբաժանման մեծ մասը: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն։
Մասնաւորապէս՝ հայկական կողմը ազրպէյճանական ստորաբաժանումներուն մօտ ստեղծած է նահանջի տպաւորութիւն, որմէ ետք հակառակորդը, փորձելով արագ կերպով զբաղցնել հայկական ուժերուն ձգած դիրքերը, յայտնուած է ծուղակի մէջ։ Այնուհետեւ, հրետանային հուժկու հարուածին իբրեւ արդիւնք, ոչնչացուած է ազրպէյճանական ստորաբաժանման մեծ մասը։ Մարտադաշտին մէջ ձգելով աւելի քան 200 սպաննուած զինծառայող, հակառակորդը անկանոն կերպով դիմած է փախուստի։
Yerakouyn.com/2020/10/05/պբ-ն-մարտավարական-հնարքի-միջոցով-ծուղ/