
05 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016
Իսրայէլեան հակակշիռին եւ հսկողութեան տակ գտնուող, Մազարեհ Շեպաայի բռնագրաւուած շրջաններուն մէջ երէկ Դիմադրութեան մարտիկները օր ցերեկով կատարեցին գործողութիւն մը, որուն մանրամասնութիւնները կը բացայայտուին յառաջիկայ օրերուն ընթացքին:
Դիմադրութեան կատարած գործողութեան իբրեւ պատասխան իսրայէլեան օդուժը ռմբակոծեց սահմանամերձ շրջանի գիւղերը, իսկ իսրայէլեան ուժերը 40 հրթիռ արձակած են դէպի հարաւային Լիբանանի Ապպասիէ, Ուազզանի, Մարի, Քֆարշուպա եւ Մաժիտիէ շրջանները:
Ռմբակոծումները պատճառեցին մարդկային եւ նիւթական վնասներ:
Իսրայէլեան ռմբակոծումներէն վիրաւորուած քաղաքացիները փոխադրուեցան Մերժահիունի հիւանդանոցը:
Աւելի ուշ, իսրայէլեան ուժերը թիրախ դարձուցին նաեւ Պասթրայի մէջ գտնուող լիբանանեան բանակի կեդրոնը:
Բանակի հրամանատարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ իսրայէլեան ուժերը ռմբակոծած են Ապպասիէի, Ուազանիի, Մարիի, Քֆարշուպայի, Մաժիտիէի եւ Պասթրայի շրջանները` աւելցնելով, որ բանակը դիմած է շրջանին բնակչութեան անվտանգութիւնը պահպանելու բոլոր միջոցներուն` ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն հետ գործակցաբար:
Իսրայէլեան լսատեսողական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կատարած յայտարարութիւններէն 24 ժամ չանցած տրուեցաւ Սամիր Քանթարի սպանութեան պատասխանը, այնպիսի գործողութեան մը ընդմէջէն, որ կատարուած էր ռազմավարական դիրքի մը վրայ:
Հըզպալլայի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը համաձայն, երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:10-ին, Դիմադրութեան մաս կազմող «Նահատակ Սամիր Քանթար»-ի խմբաւորումը բռնագրաւուած Մազարեհ Շեպաայի Զըպտին-Քաֆրա ճամբուն վրայ ականահարած է իսրայէլեան շրջուն ջոկատի մը «Համըր» զինուորական մեքենան:
Իր կարգին, ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատուեցաւ, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը արձանագրուած դէպքին մասին հետաքննութիւն բացած են` բացայայտելու համար անոր ծալքերը:
Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Լուչիանօ Փորթոլանօ բոլորին կոչ ուղղեց ինքնազսպումի ենթարկուելու եւ գործադրելու ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը:
Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակ մտահոգութիւն յայտնեց Հըզպալլայի կողմէ Մազարեհ Շեպաայի մէջ կատարուած գործողութեան եւ անոր յաջորդած իսրայէլեան ռմբակոծումներուն համար` աւելցնելով, որ նման արարքներ կը սպառնան Լիբանանի ապահովական կայունութեան:
Քաակ կոչ ուղղեց լիբանանեան եւ իսրայէլեան կողմերուն յանձնառու մնալու ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան:
ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com





