Ազրպէյճանի Կազմալուծուած Զօրամիաւորումները Կորսնցուցած են Իրավիճակի Կառավարումը Եւ Կը Կրակեն Իրարու Վրայ
07 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2020 –
Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամուլի խօսնակ Վահրամ Պօղոսեան յայտնեց, որ Ազրպէյճանի գրեթէ կազմալուծուած զօրամիաւորումները խուճապէն կորսնցուցած են իրավիճակի կառավարումը եւ կը կրակեն իրարու վրայ:
«Զօրքի ոգեւորութեան ալիքը երթալով «անկառավարելի» կը դառնայ: Պաշտպանութեան բանակը կը շարունակէ փայլուն կատարել իր առջեւ դրուած մարտական խնդիրը: Թշնամիին գրեթէ կազմալուծուած զօրամիաւորումները խուճապէն կորսնցուցած են իրավիճակի կառավարումը եւ կը կրակեն իրարու վրայ»,- Ֆէյսպուքի իր էջին գրած է Պօղոսեան:
yerakouyn.com/2020/10/07/ազրպէյճանի-կազմալուծուած-զօրամիաւոր/