Չաւուշօղլու Պաքուէն Կը Յայտարարէ. «Ազրպէյճանի Բռնագրաւեալ Հողերէն Հայաստանի Հեռանալէն Բացի Այլ Լուծում Չկայ»

Turkey is not an ordinary state, it is a terrorist state - La Turquie n'est pas un État ordinaire, c'est un État terroriste

Չաւուշօղլու Պաքուէն Կը Յայտարարէ. «Ազրպէյճանի Բռնագրաւեալ Հողերէն Հայաստանի Հեռանալէն Բացի Այլ Լուծում Չկայ»

07 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2020 –

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու երէկ աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Պաքու, ուր Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ քննարկեց Լեռնային Ղարաբաղի շրջանին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Չաւուշօղլու ընդգծեց Թուրքիոյ աջակցութիւնը Ազրպէյճանին ընդդէմ Հայաստանի:

«Աշխարհը պէտք է կանգնի Լեռնային Ղարաբաղի լարուածութեան մէջ ճիշդ կողմին կողքին, եւ ճիշդ կողմը Ազրպէյճանն է», պնդեց ան:

«Միջազգային ընտանիքը բռնագրաւողին` Հայաստանին ու զոհին` Ազրպէյճանին հետ հաւասար կերպով կը վարուի: Այս մօտեցումը տագնապի լուծումի մը պիտի չառաջնորդէ: Ատիկա այլեւս չի կրնար այսպէս շարունակուիլ», աւելցուց Չաւուշօղլու:

Ան նաեւ յայտնեց. «Թուրքիա պիտի շարունակէ աշխարհին ճշմարտութիւն ցոյց տալու եւ միջազգային ընտանիքին` Ազրպէյճանի դատին նման արդար դատերուն աջակցութեան համար պայքարը»:

Չաւուշօղլու նշեց, որ իր երկիրը պատրաստ է Ազրպէյճանին որեւէ ոլորտի մէջ օժանդակութիւն տրամադրելու, եթէ Պաքուն ատոր կարիքը ունենայ: «Պէտք է զօրակցինք Ազրպէյճանի հողերուն ամբողջականութեան, ճիշդ ինչպէս կը կատարենք Սուրիոյ եւ Լիպիոյ մէջ»:

«Հայաստան այլեւս նեղ կացութեան մէջ է, եւ սկսաւ բնակուած շրջաններու դէմ յարձակում գործել, ինչ որ մարդկութեան դէմ ոճիր է եւ անոր ունեցած յուսահատութեան ցուցանիշը», ըսաւ ան:

«Մինսքի խմբակի երկիրները բռնագրաւողն ու զոհը նոյն նժարին վրայ դրին եւ Ղարաբաղի հարցին որեւէ լուծում կամ նոր ու ազդու առաջարկներ չներկայացուցին: Աշխարհը պէտք է գիտակցի, որ հարցը այսպէս չի կրնար շարունակուիլ», նշեց թրքական դիւանագիտութեան պետը:

Չաւուշօղլու միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց` «միջամտելու եւ վերջ տալու Ազրպէյճանի հողերուն հայկական բռնագրաւումին, եւ բռնագրաւեալ հողերէն Հայաստանի հեռանալէն բացի այլ լուծում չկայ»:

Turkey is not an ordinary state, it is a terrorist state – La Turquie n’est pas un État ordinaire, c’est un État terroriste

aztagdaily.com/archives/485499

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail