Լեռնային առիւծները – Վերադարձուեցաւ Վարանգաթաղ (Լուլասազ) Կոչուող Բարձունքը

The Mountain Lions, The defense army of the Republic Artsakh

Լեռնային առիւծները – Վերադարձուեցաւ Վարանգաթաղ (Լուլասազ) Կոչուող Բարձունքը

08 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2020 – ԱՐՑԱԽ:

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանման եւ «Կամաւորական շարժում» կազմակերպութեան ջոկատի աշխոյժ մասնակցութեամբ, հիւսիսային ուղղութեամբ կազմակերպուեցաւ հակագրոհ եւ վերադարձուեցաւ Վարանգաթաղ (Լուլասազ) կոչուող բարձունքը: Այս մասին հաղորդեց պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

7 Հոկտեմբերին, մինչեւ կէսօր, Արցախի եւ Ատրպէյճանի շփման գիծին մէջ մարտական գործողութիւններուն ընթացքին, հայկական կողմը ոչնչացուց Ատրպէյճանի 260-280 զինուորներ եւ ոչ-զինուորներ`ահաբեկիչներ, ինչպէս նաեւ շուրջ 80 զրահամեքենաներ: Այս տեղեկութիւնը փոխանցեց պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան:

Ըստ անոր՝ Արցախի պաշտպանութեան բանակի փայլուն գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք՝ խոցուեցաւ ատրպէյճանական բանակի կենսական կարեւորութիւն ունեցող նաւթամթերքի մեծ պահեստ, որուն կողքին ոչնչացաւ նաեւ գրեթէ ամբողջ մեծ զօրամաս մը: «Պահեստին կից ոչնչացուել է ադրբեջանական մոտօհրաձգային 1 գումարտակ, ուժեղացուած հրետանային դիվիզիոնով (բաժանմունքով-Խմբ.) եւ յատուկ նշանակութեան ջոկատով: Դա կարելի է ասել կազմում է մի ամբողջ մեծ զօրամաս», նշեց Յովհաննիսեան։

Ան հաստատեց, որ հայկական կողմի դաշնակից պետութիւնները Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ սանձազերծուած պատերազմին ընթացքին մարտի դաշտին մէջ չեն, որովհետեւ հայկական կողմը անոր կարիքը չունի: «Մեր Զինուած ուժերն այս պահին մարտական գործողութիւները վարում են եւ յաղթանակները տանում են միայնակ` յենուելով միայն մեր Զու եւ ժողովրդի բարձր մարտունակութեան վրայ: 48 ժամուայ ընթացքում տասնեակ հազարաւոր մեր քաղաքացիներ, շատերը կամաւոր, չնայելով իրենց տարիքին, զինուորագրուել են, կազմաւորել են նոր ստորաբաժանումներ եւ մեկնել ռազմաճակատ: Մեր դաշնակիցները մարտադաշտում չեն, որովհետեւ մենք դրա կարիքը չունենք: Մենք ինքնուրոյն մեր մարտական գործողութիւնները վարում ենք ու յաղթանակները տանում ենք», շեշտեց Յովհաննիսեան:

Օրուան երկրորդ կիսուն, ռմբակոծուեցան Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտը, Շուշին, Հադրութը եւ այլ քաղաքներ, ուր արձանագրուեցան վիրաւորներ։

Ստեփանակերտի փոխքաղաքապետ Սուրէն Թամրազեան իր կարգին տեղեկացուց, որ Ստեփանակերտի մէջ վնասուած են տասնեակ բնակելի տուներ, բազմաբնակարան շէնքեր եւ շարք մը ենթակառուցուածքներ:

Ըստ անոր՝ Ստեփանակերտի բնակիչներուն 50-60 տոկոսը մնացած է քաղաքին մէջ։ Մայրաքաղաքին մէջ պատսպարուած է նաեւ Արցախի այլ շրջաններու խաղաղ բնակիչներուն մէկ մասը: «Քաղաքից դուրս են եկել հիմնականում այդ բնակիչները, ում ընտանիքներում երեխաներ կամ տարեց մարդիկ են եղել», նշեց Թամրազեան, որ դիտել տուաւ, թէ մնացած բնակիչները ապաստանարաններու մէջ կը գտնուին, եւ քաղաքապետութիւնը կը հոգայ անոնց կարիքները:

Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Արծրուն Յովհաննիսեան նշեց, որ մօտ օրերուն ամէն ինչ կրնայ իր տրամաբանական աւարտին հասնիլ: «Այսօր եւ երէկ բեկումնային մարտեր էին, դրա համար վարչապետը նշել է, որ դրանք կարող են աւարտուել կոնկրետ (յստակ-Խմբ.) իրավիճակով: Դրանք շատ յամառ են` մեծաքանակ ուժերի կիրառմամբ: Կարող է մօտ օրերին ամէն ինչ իր տրամաբանական աւարտին հասնել», ըսաւ ան:

Յովհաննիսեան նշեց, որ կարճ ժամանակ ետք ոսկէ տառերով պիտի գրուին այս օրերու մարտական գործողութիւնները եւ հերոսութիւնները:

Արցախի նախագահի մամլոյ խօսնակ Վահրամ Պօղոսեան յայտնեց, որ հայկական զօրքի ոգեւորութեան ալիքը հետզհետէ «անկառավարելի» կը դառնայ, պաշտպանութեան բանակը կը շարունակէ փայլուն կատարել իր առջեւ դրուած մարտական խնդիրը: Թշնամիին գրեթէ կազմալուծուած զօրամիաւորումները խուճապէն գրեթէ կորսնցուցած են իրավիճակի կառավարումը եւ կը կրակեն իրարու վրայ:

Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ, հետախուզութեան տուեալներով, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած է Աֆղանստանի Իսլամական կուսակցութեան առաջնորդին հետ՝ Արցախի դէմ պատերազմին ահաբեկչական նոր խմբաւորումներու ներգրաւման մասին: «Ըստ աղբիւրին՝ վարձկան-ահաբեկիչներն առաջիկայ օրերին կը տեղափոխուեն Ադրբեջան: Եւս մի անհերքելի փաստ, որ թուրքական իշխանութիւններն ամենաբարձր մակարդակով տարածաշրջանը փորձում են վերածել ահաբեկչական որջ», նշեց Պօղոսեան:

The entrance of the enemy to hell

asbarez.com/arm/377662/վերադարձուեցաւ-վարանգաթաղ-լուլասազ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail