Եւրոպական Խորհրդարանի Պատգամաւորներուն Ճնշող Մեծամասնութիւնը Դատապարտեց Թուրքիան Եւ Ատրպէյճանը
07 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2020
Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ Արցախի ազգաբնակչութեան դէմ պարտադրուած պատերազմը այսօր Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստի օրակարգին վրայ էր եւ պատգամաւորներուն ու Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան հարցերու յանձնակատար Ժոզեպ Պորելի միջեւ կարծիքներու փոխանակում տեղի ունեցաւ:
Պատգամաւորներուն ճնշող մեծամասնութիւնը խիստ կերպով դատապարտեց Թուրքիոյ դերը հակամարտութեան սրացման մէջ, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանին աջակցութիւն ցուցաբերելուն համար: Ելոյթ ունեցող վաթսուն պատգամաւորներէն միայն հինգը իր աջակցութիւնը յայտնեց Պաքուին: Մեծ թիւով պատգամաւորներ շեշտեցին, որ շրջանին մէջ Թուրքիոյ ապակայունացնող քաղաքականութիւնը անընդունելի է եւ խստօրէն քննադատեցին հայերու դէմ կռուելու նպատակով Սուրիայէն եւ Լիպիայէն իսլամ ծայրայեղականներ ուղարկելու Անգարայի քայլը:
Կարգ մը պատգամաւորներ խստօրէն դատապարտեցին Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի խաղաղ բնակչութեան դէմ արգիլուած ռումբերու կիրառումը, իսկ ուրիշներ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ պահանջեցին: Կոչ եղաւ նաեւ Սպանիոյ, որ կասեցնէ զինամթերքի վաճառքը Թուրքիոյ:
Մեկնաբանելով նիստը՝ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան ըսաւ. «Որովհետեւ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը վերջին տասը օրերուն աշխոյժ աշխատանք տարաւ պատգամաւորներուն հետ անոնց Ատրպէյճանի յարձակումին մասին տեղեկութիւններ փոխանցելով, մեզի համար ակնյայտ էր, որ պատգամաւորները վրդովուած են․ այս արդիւնքը կանխատեսելի էր: Եւրոպական Միութիւնը պէտք է շօշափելի քայլերու դիմէ ու Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ կիրառէ եւ ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը»:
Նիստին ընթացքին, Պելճիքայի եւ դրացի երկիրներէ հազարաւոր հայեր եւ աջակիցներ խաղաղ ցոյց կազմակերպեցին Եւրոպական Միութեան հաստատութիւններուն առջեւ եւ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակին հրաւէրով ցոյցին ներկայ եղան եւ ելոյթներով իրենց աջակցութիւնը յայտնեցին Եւրոպական խորհրդարանի երեք պատգամաւորներ։
asbarez.com/arm/377700/եւրոպական-խորհրդարանի-պատգամաւորներ/